«Հայաքուէ»-ի նախաձեռնութեան` Արցախի մասին օրէնքի նախագիծը չընդգրկուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ. իշխող մեծամասնութիւնը դէմ քուէարկեց:
Քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ 26 թեր, 57 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ:
Նախանցեալ օր շուրջ 7 ժամ տեւած թէժ քննարկումէ ետք Ազգային ժողովի պետաիրաւական յանձնախումբը բացասական եզրակացութիւն տուած էր օրէնքի նախագիծին:
58 հազար քաղաքացիի ստորագրութեամբ խորհրդարան հասած նախագիծը կ՛առաջարկէ քրէականացնել Հայաստանի անունով Լեռնային Ղարաբաղը որեւէ այլ պետութեան կազմին մէջ ճանչնալը, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն հրաժարիլը, ժխտելը:


