Խմբագրական
Նոր Յաղթանակի Մը Համար
Երեք տարի առաջ, Լ. Շանթի «Հին աստուածներ»-ու ներկայացման առիթով, Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբը հրապարակ կու գար յստակ առաջադրութեամբ մը` անպայման ունենալ սեփական թատերասրահ մը, որ այլեւս անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն դարձած է Պէյրութի նման հայահոծ եւ հանրային ու մշակութային տեսակէտէն մեծ կարեւորութիւն ստացած գաղութի մը համար:
Խօսքէն գործի անցնելով, նոյն տարին իսկ, Համազգայինի թատերասէրները առաջին քայլերը կ՛առնէին նման բազմածախս ձեռնարկի մը` քաջալերուած այն ընդունելութենէն, որ իրենց ձեռնարկը կը գտնէր սեփական թատրոնի մը անհրաժեշտութեան գիտակցող լայն շրջանակներու մօտ:
Այժմ գլխաւոր դժուարութիւնը հարթուած է: Սրահը, ուր կարելի պիտի ըլլար արդիական թատրոնի մը բոլոր պայմանները լրացնող թատրոն մը յարդարել, տրամադրուած է թատերասէրներուն, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան մէջ, բաւական ընդարձակ եւ յարմար: Աշխատանքները սկսած են արդէն ամառուան ամիսներէն ի վեր եւ պեթոնի բոլոր գործերը կատարուած` ըստ յատակագծի: Սակայն ծախսուած է նաեւ այն գումարը, որ թատերասէրներու տրամադրութեան տակ կը գտնուէր, համաձայն այն հաշուեցոյցին, որ կազմուած էր աշխատանքները սկսելէ առաջ:
Բոլոր անոնք, որոնք վերջին ամիսներու ընթացքին առիթն ունեցած են այցելելու Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տունը, նկատած պէտք է ըլլան, որ տասնեակ հազարաւոր ոսկիներու կարօտող գործի մը ամուր հիմերը դրուած են` այն խոր վստահութեամբ, թէ հայ ժողովուրդը երբեք կէս ճամբան չէ ձգած իր այն զաւակները, որոնք յանդգնօրէն ձեռնարկած են հայանպաստ որեւէ գործի: Մեր շուրջը գտնուող հանրային բազմաթիւ հաստատութիւններ եւ ակումբներ այս ճշմարտութեան կենդանի վկայութիւնը կը հանդիսանան` անգամ մը եւս շեշտելով այն իրականութիւնը, թէ հայ ժողովուրդը գիտէ գնահատել իր հանրանուէր հաստատութիւններն ու զաւակները:
Կասկած չի կրնար ըլլալ այն մասին, թէ թատրոնը կը մտնէ հանրօգուտ անհրաժեշտութիւններու շարքին, ոչ միայն մեր ժողովուրդին, այլ բոլոր ժողովուրդներու կեանքին մէջ, իբրեւ մշակոյթի ծաղկումին եւ տարածման ամէնէն կենդանի, ամէնէն ազդու ազդակ:
Այս ճշարտութիւնն է, որ մղիչ ուժը կը հանդիսանայ Համազգայինի թատերասէրներուն, որոնք աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կը գործեն մեր կեանքէն ներս, յաճախ աննպաստ պայմաններու ներքեւ, բայց հոգեկան այն անհուն բաւարարութեամբ, որ կ՛ընծայէ իրենց գործին գտած ջերմ համակրանքը ժողովուրդի բոլոր խաւերէն ներս:
Արդ, ժողովուրդը, որ կը լեցնէ սրահները, ամէն անգամ որ թատերասէրները հրապարակ կու գան արժէքաւոր ներկայացումներով եւ բոլոր անոնք, որոնք հեռուէն կամ մօտէն կը հետեւին այս սքանչելի միութեան գործին, պարտաւորութիւն մը ունին անոր հանդէպ, ոչ միայն բարոյական, այլ նաեւ նիւթական, ու այս` մէկ անգամուան համար:
Մեր հասարակութիւնը, որ իբրեւ առողջ մտածումի տէր հաւաքականութիւն, լիովին կը մասնակցի բոլոր տեսակի հանգանակութեանց` լաւապէս զգալով, թէ սրբազան պարտականութիւն մը կը կատարէ հանդէպ ազգին, որուն մշակութային արժէքներուն աւանդապահը կը հանդիսանայ, վստահ ենք, որ այս անգամ առաւել գիտակցութեամբ մը պիտի ըմբռնէ գործին կարեւորութիւնը` անոր յաջողութեան բերելով իր արդար բաժինը:
Թատրոնը մէկ անգամ պիտի դիմէ իրեն. ո՛չ ասկէ առաջ դիմած է եւ ո՛չ ալ ասկէ ետք պիտի դիմէ, այլ միայն հիմա, այս օրերուն, երբ իր օժանդակութեան կարիքը կայ: Վստահ ենք, որ պիտի չսակարկէ, պիտի չուզէ զուտ մշակութային ձեռնարկի մը զարգացման իր նպաստը բերելու առիթը կորսնցնել, երբ գեղեցիկ սովորութիւնը ունի, նոյնքան անհրաժեշտ, բայց այլ նպատակներու համար եղած դիմումներուն գոհացում տալու:
Համազգայինի թատերասէրները պիտի ունենան իրենց թատերասրահը: ՊԷՅՐՈՒԹԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԻՐ ԹԱՏԵՐԱՍՐԱՀԸ, որովհետեւ եթէ քիչ մը աւելի լայն մտածենք, կը գիտակցինք, թէ այդ թատերասրահը հայ մշակոյթին թատրոնի ճամբով ծառայելու տասնեակ մը ուխտապահներու հոգեկան գոհացում տալու համար պիտի չշինուի միայն, այլ` ի փառս Հայ Մշակոյթին, մեր միակ եւ անկողոպտելի հարստութեան, որուն պահպանումն ու զարգացումը իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է, ամէն մէկը իր ձեւով եւ իր կարելիութիւններով:
Ոգեկոչումի այս օրերուն, երբ մեր գոյատեւումը կը պարտինք գլխաւորաբար մեր մշակոյթին եւ յամառ ճիգերուն, թատրոնը իբրեւ զօրաւորագոյն արտայայտութիւնը ապրելու եւ ստեղծագործելու մեր զօրաւոր կամքին, պիտի հանդիսանայ նոր յաղթանակ մը այն ուժերուն վրայ, որոնք մեր մահը կը նիւթէին յիսուն տարի առաջ: