Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1965)

Մարտ 16, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մուսա Լերան Ուսումնասիրաց Միութեան
Ընտանեկան Խրախճանքը

Պէյրութաբնակ Մուսա Լերան Ուսումնասիրաց միութեան կազմակերպած ընտանեկան խրախճանքը տեղի ունեցաւ 6 մարտ 1965, շաբաթ գիշեր, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան մէջ, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին տոքթ. Գեղարդ Մաթոսեանի:

Նկատելով, որ ձեռնարկը կը զուգադիպի Մուսա Լերան հերոսամարտին եւ հայ ժողովուրդի տարագրութեան եւ նախճիրի յիսնամեակին, միութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանը կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ ներկայ խրախճանքը ըլլայ որպէս բողոք` ընդդէմ բռնակալութեան մը, որ փորձեց մարել Արեւելքի լոյսը: Ապա հրաւիրեց յարգելի նախագահը, որ կուռ խօսքերով ոգեկոչումը ըրաւ մեր հերոսամարտերուն եւ բիւրաւոր նահատակներուն:

Խրախճանքի թամատա Յովհաննէս Պէրպէրեանը իւրայատուկ ոճով մը հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեց: Մէջընդմէջ խօսք տուաւ Սարգիս Զէյթլեանին, Պօղոս Սնապեանին, Եդուարդ Պոյաճեանին եւ Գրիգոր Նգրուրեանին:

Եւրոպական երգերու եւ պարերու կողքին եղան տոհմիկ երգեր ու պարեր, որոնք խրախճանքը հասցուցին իր գագաթնակէտին:

Միութեան վարչութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար յարգելի նախագահին, Փանոս Զէյթլեանի կողմէ պատրաստուած, մեծ ու փոքր Մասիսները խորհրդանշող գեղեցիկ կարկանդակ մը նուիրեց անոր: Ան, չափազանց զգացուած եղած անակնկալէն, 1000 ս. ոսկի նուիրեց միութեան բարենպատակ գործերուն համար, ապա յայտարարեց. «Որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրը բաժնեկից ըլլայ զոյգ Մասիսներուն, ի շահ միութեան կը դնեմ զայն ամերիկեան աճուրդի` մասնակցելով անոր 300 ս. ոսկիով»: Յայտարարութիւնը բուռն ծափերով ողջունուեցաւ: Սարգիս Աթաշեան առաւելագոյն չափով մասնակցելով աճուրդին` շահեցաւ կարկանդակը:

Այս գեղեցիկ առիթով եղան հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

Մուսա Լերան «Կարմիր Լեռ» կոմիտէ` 50 ս. ոսկի
Մուսա Լերան քաղաքապետութիւն` 50 լ. ոսկի
Ազգ. Յառաջ Բարձրագոյն վարժարանի հոգաբարձութիւն` 50 լ. ոսկի
Կարօ Սասունի` 25 լ. ոսկի
Զարեհ Չէմէնեան` 25 լ. ոսկի

Խրախճանքը իր լրումին հասաւ առաւօտեան ժամը 4:00-ին:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Հայկական Արժանիքներ

Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ Համազգայինի Էշրեֆիէի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած դասախօսութեանց շարքին չորրորդը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 9 մարտ 1965 երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ազատամարտ» սրահին մէջ: Դասախօսն էր Ֆիլիփ Զաքարեան, որուն իւրայատուկ զուարթամտութեամբ համեմուած դասախօսութիւնը, երբեմն ալ` յուզիչ դրուագներու պատմումով, մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրուեցաւ ներկաներուն կողմէ:

Նիւթն էր «Հայկական արժանիքներու վերլուծումը»:

Յարգելի դասախօսը նախ յայտնեց, թէ` «Ընդհ. առմամբ մենք հայերս խորապէս ծանօթ չենք հայոց պատմութեան, որ պիտի ուսուցանէր մեզի մեր դարաւոր արժանիքները: Մեր հայոց պատմութեան դասագիրքերը, բացի տարրականներէն, գոհացուցիչ չեն եւ հաճելի չեն դարձներ հայոց պատմութեան դասաւանդութիւնը:

«Շատ մը ազգեր ունին նկարագրի շեշտուած գիծեր. օրինակ` հրեան: Երբ կ՛ըսենք` «հրեային մէկն է» կը հասկնանք, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզենք: Ծանօթ է անգլիացիներուն պաղարիւնութիւնը, սկովտիացիներուն կծծիութիւնը, իսկ հայոց աշխատասիրութիւնը, որ մեր մեծագոյն արժանիքն է:

«Ունինք անփոփոխ արժանիքներ ու նաեւ` փոփոխական արժանիքներ. այս վերջիններէն է, օրինակի համար, հիւրասիրութիւնը:

«Երկրորդը չարքաշութիւնն է, որ հայրենիքի մէջ մաս կը կազմէր մեր ժողովուրդի նկարագրին: Միջավայր փոխելով` փոխուեցաւ նաեւ մեր այս արժանիքը:

«Տարօրինակ է նաեւ մեր դպրոցասիրութիւնը: Երբ աղքատ ենք, շեշտուած դպրոցասէր ենք ու կը նախընտրենք տոհմիկ կրթութիւնը, երբ հարստանանք, ափ կ՛առնենք օտար վարժարանի դուռը:

«Ինչպէս ըսի, մեր հիմնական եւ անփոփոխ արժանիքներէն մէկն է աշխատասիրութիւնը: Պաղեստինի աղէտէն ետք, Ամման հաւաքուեցան 25 հազար գաղթականներ, որոնց 3 հազարը հայեր էին: Օր մը գաղթականները ցոյց ըրին քաղաքին մէջ` «հաց կ՛ուզենք» աղաղակելով, ամբոխը երբ հասաւ Ապտալլա թագաւորի պալատին առջեւ, թագաւորը ըսաւ ցուցարարներուն. «Ձեր մէջ գտնուող հայերէն կազմուած պատուիրակութիւն մը ղրկեցէք ինծի,  որ ներկայացնէ ձեր պահանջները»: Անկարելի եղաւ բազմութեան մէջ հայ մը գտնել: Այն ատեն թագաւորը ըսաւ. «Գացէք` դուք ալ հայերուն պէս աշխատեցէք եւ անօթի չէք մնար»:

«Համբաւաւոր ենք իբրեւ ճարպիկ վաճառողներ, բայց մեր գործառնութիւնները միշտ պատշաճեցուած կ՛ըլլան օրէնքի սահմանումներուն:

«Ուշիմ ժողովուրդ ենք: Բոլոր ասպարէզներուն մէջ փայլած ենք մեր ուշիմութեամբ: Պաղեստինի պատերազմէն առաջ, երբ արաբ սպաներ զինավարժութեան կը մարզէին ժողովուրդը, հարկադրուեցան ժամանակի խնայողութեան համար առանձին մարզել հայերը, որոնք կ՛իւրացնէին իրենց ցուցմունքները շատ կարճ ժամանակի ընթացքին:

«Աննկուն է հայը: Ընկճուիլ չի գիտեր ամենածանր տագնապի ընթացքին: Ապացոյց` ապրիլեան Եղեռնէն ետք մեր վերապրումը մի՛ մոռնաք, որ ամբողջ հայոց պատմութեան ընթացքին եղեռններ իրարու յաջորդած են: 1923-ին կառուցուեցաւ Պէյրութի Մուտաուարի հիւղաւանը: 9 տարի յետոյ հրոյ ճարակ եղաւ: Հայութիւնը աննկուն քաջութեամբ դիմակալեց այդ աղէտը: Քանի մը տարի յետոյ Էշրեֆիէի եւ Պուրճ Համուտի մէջ հայերը կառուցին աւելի ներկայանալի տուներ ու շէնքեր: Հրդեհին յաջորդ օրը «Լ՛Օրիան» կը գրէր. «Հազարաւոր հայ ընտանիքներու տուները մոխրացան. բայց վստահ ենք, որ Պէյրութի փողոցները հայ մուրացկաններ պիտի չտեսնեն»:

«Հայը արժանապատուութեան տէր է: Տարիներ առաջ, երբ ուսուցիչ էի, օր մը, դասի պահուն, 11 տարեկան տղայ մը ուշաթափուեցաւ: Հոգաբարձութեան անդամ բժիշկ մը, որ նոյն պահուն ներկայ էր վարժարան, ուշքի բերելէ ետք զայն, հաստատեց, թէ սաստիկ անօթութիւնն էր պատճառը: Մեր բոլոր պնդումներուն թէ անօթի՞ էր, տղան միշտ ոչ կը պատասխանէր: Հոգաբարձութեան անդամները անոնց տունը այցելելով` մօրը ի վերջոյ խոստովանիլ տուին, թէ ամբողջ ընտանիքը 3 օրէ ի վեր միայն գաղջ ջուրով կը սնանի:

«Հայը ձեռներէց է, շինարար, եկեղեցասէր եւ ազգասէր: Հայը անշուշտ թերութիւններ ալ ունի, որոնք կրնան դասախօսութեան մը նիւթ հայթայթել, բայց այսօրուան մեր նիւթէն դուրս է:

«Մեզի հետ ապրող ժողովուրդները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մեզ կը ճանչնան իբրեւ աշխատասէր եւ ճարպիկ ժողովուրդ:

«Արեւմտեան ժողովուրդները, բացի որոշ պատճառներով հետաքրքրութիւն ունեցող փոքրամասնութիւններէ, ընդհանրապէս  հայութեան մասին գաղափար չունին: «Լառուս» երեքուկէս էջ յատկացուցած է հայոց, որուն տեղեկութիւնները աւելի սխալ կը պարունակեն,  քան իրականութիւն` հայոց մասին, նկարներէն սկսեալ:

«Անսիքլոփետիա Պրիթանիքա» եօթուկէս էջ տափակ բաներ գրած է հայոց մասին` եզրակացնելով, որ հայերը ուշիմ են:

«Անսիքլոփետիա Ամերիքանա» 7 էջերու մէջ հայ գրականութիւնը ներկայացուցած է: Մոռցա՞ծ է յիշել, թէ նախագահ Ուիլսըն սահմանագծած է Հայաստանի սահմանները:

Միջազգային ոչ մէկ ժողովի մէջ հարցեր լուծուած են: Հարցերը կը կարգադրուին մեծերու կողմէ գաղտնի համաձայնութիւններով, որոնք կա՛մ հանդիսաւոր այդ ժողովները կը նախորդեն, կա՛մ անոնցմէ ետք գումարուելով զանոնք կը չէզոքացնեն:

Սակայն երբ Քոնկոյի եւ Կինէայի մարդակերները անկախութեան կը տիրանան, մենք ալ անպայման կը տիրանանք: Գուցէ ամենավերջինը պիտի ըլլանք. բայց պիտի ըլլանք: Լիովին արժանի ենք անկախութեան:

«Մեծ գրագէտները մեծ մարգարէութիւններ կ՛ընեն երբեմն: Յակոբ Օշական քսան տարի առաջ Երուսաղէմի մէջ դասախօսութեան մը ընթացքին ըսաւ. «Սիրելի հայորդիներ, 25 տարի եւս տոկացէք եւ պիտի տեսնէք հայութեան իղձերուն իրականացումը»: Ես կ՛ուզեմ հաւատալ այս մարգարէութեան»:

Համազգայինի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Պէրպէրեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք յարգելի դասախօսին, յիշեցուց, թէ Մեծ եղեռնի յիսնամեակին նուիրուած դասախօսութեանց սոյն շարքը կը շարունակուի ամէն տասնհինգ օրը անգամ մը, երեքշաբթի երեկոները: Բացառաբար սրահը պարապ չըլլալով` յաջորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ,  26 մարտին:

Կ. Խ. 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ճանչնանք Լիբանանահայ Գործարարները. Հարցազրոյց Սարգիս Եւ Յակոբ Լուսարարեաններու Հետ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In