Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Մարտ 1965)

Մարտ 11, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական Հաղորդագրութիւն

Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակի Տօնակատարութեան
Կեդրոնական 
Գործադիր Յանձնախումբի

Ա) Այսու կը տեղեկագրենք ի գիտութիւն համայն հայ ժողովրդեան, որ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու հոգեւոր պետերու` Նորին Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Խորէն Ա. կաթողիկոսի, Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքի եւ վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեանի միասնական հրաւէրով եւ նախագահութեամբ, 12 փետրուար 1965, ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ կայացաւ համազգային տարողութեամբ եւ խորհրդակցական բնոյթով ժողով, որուն կը մասնակցէին.

ա.- Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչները

բ.- Պետական հայ հինգ երեսփոխանները

գ.- Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու (Հ Յ Դաշնակցութեան, Ս. Դ. Հնչակեան եւ Ռամկավար Ազատական) ներկայացուցիչները:

Յիշեալ ժողովին մասնակցողներուն թիւն էր քառասուն. նպատակը` խորհրդակցիլ եւ ստեղծել կարելիութիւններ միասնաբար, համերաշխ գործակցութեամբ եւ արժանավայել շուքով ոգեկոչելու եւ պանծացնելու ապրիլեան Մեծ եղեռնի մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն յիշատակը յիսնամեակի առիթով:

Նախ` կարգաւ խօսք առին երեք հոգեւոր պետերը եւ բացատրեցին իրենց միտքը ու յայտնեցին իրենց բաղձանքներն ու առաջադրանքները` միանգամայն ընդգծելով իրենց կատարեալ համամտութիւնը համազգային ամբողջական եւ անխտրական ոգիով յիշատակելու ապրիլեան նահատակներու յիսնամեակը:

Բոլոր ժողովականները գոհունակութեամբ եւ խանդավառութեամբ ընդառաջեցին յայտնուած մտքերուն եւ բաղձանքներուն. ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ մը` եղբայրական սիրոյ ոգիի շունչին տակ եւ համերաշխ գործակցութեան հեռանկարին առջեւ:

Բ) Տեղւոյն վրայ կազմուեցաւ Կեդրոնական գործադիր յանձնախումբ մը ներկայացուցչական լայն նկարագրով` ուսումնասիրելու համար համազգային նման մեծ տօնակատարութեան մը գործնական եւ լաւագոյն միջոցները, եւ ապա, յետ վաւերացման, յառաջ տանելու համար կազմակերպչական աշխատանքները: Ստորեւ կու տանք անունները Կեդրոնական գործադիր յանձնախումբի անդամներուն.

Մեթր Խաչիկ Պապիկեան, Վահէ Սէթեան, տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեան, տոքթ. Եղիկ Գոնեալեան, Յարութիւն Ճէրէճեան, մեթր Հրաչ Սեդրակեան, տոքթ. Լեւոն Ահարոնեան, Փասքալ Փապուճեան եւ փրոֆ. Դանիէլ Ոսկեան: Կեդրոնական գործադիր այս յանձնախումբը կը գործէ երեք հոգեւոր պետերու նախագահութեան ներքեւ:

Գ) Կեդրոնական գործադիր յանձնախումբին առաջին նիստը գումարուեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, 15 փետրուար 1965, երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ուր որոշուեցաւ ի միջի այլոց, որ հոգեւոր երեք պետերը, ընկերակցութեամբ պետական հայ հինգ երեսփոխաններու, այցելութիւն մը տան Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուին եւ յայտնեն անոնր հայ ժողովուրդին միասնական կամքը ներկայացնող այս գեղեցիկ բաղձանքն ու առաջադրութիւնը:

Դ) Երեք հոգեւոր պետերը եւ հինգ պետական երեսփոխանները 22 փետրուար 1965, երկուշաբթի ժամը 12:00-ին, Սարպայի նախագահական ապարանքին մէջ արժանացան սիրալիր ընդունելութեան մը` նախագահին կողմէ:

Նախագահը տեղեկանալէ ետք առաջադրուած տօնակատարութեան մասին, նախ իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ գնահատեց նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման գաղափարը եւ խոստացաւ ընծայել իր բարոյական աջակցութիւնը, որպէսզի արժանաւորագոյն փառաւորութեամբ պանծացուի յիշատակը հայ նահատակներուն:

Ե) Կեդրոնական գործադիր յանձնախումբին երկրորդ նիստը գումարուեցաւ Հայ Աւետարանական համայնքի կեդրոնատեղիին մէջ, ուր քննուեցան տօնակատարութեան յատուկ զանազան հարցեր եւ ծրագիրներ:

Զ) Յիսնամեակի յիշատակման կազմակերպչական աշխատանքները կը շարունակուին համերաշխութեան ջերմ մթնոլորտի մէջ եւ եղբայրական գործակցութեան սերտ կապով:

Է) Տօնակատարութեան համար տրուած վերջնական որոշումները յարմարագոյն ժամանակին պիտի հաղորդուին հայ ժողովուրդին:

ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԵՂԵՌՆԻ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ

6 մարտ

 

Կոչ Հայ Ժողովուրդին

Մենք` հոգեւոր պետերս Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ  եւ Աւետարանական համայնքներու, հոգեկան մխիթարութեան սրտալից զգացումներով կ՛ուղղենք մեր խօսքը մեր սիրեցեալ եւ պատուական հայ ժողովուրդին ապրիլեան Մեծ եղեռնի յիսնամեակի համազգային յիշատակման առիթով:

Որոշած ենք, յիսնամեակի այս տարուան ընթացքին, հայ ազգին մէկուկէս միլիոն զոհերուն անմոռանալի յիշատակը պանծացնել եւ ոգեկոչել միասնական ոգիով եւ համահայկական տարողութեամբ:

Յառաջիկայ ապրիլ 24-ին Պէյրութի մէջ, մեր ժողովուրդի ամբողջական մասնակցութեամբ, պիտի կատարուի յիշատակի ոգեկոչման փառաշուք հանդիսութիւնը մեր սիրելի նահատակներուն, որուն իրենց բաժինը պիտի բերեն մեր հոգեւոր բոլոր զաւակները` առանց դաւանական եւ առանց կուսակցական խտրութեան:

Մենք կը հաւատանք, որ մեր նահատակներուն յիշատակը արժանավայել շուքով կը փառաւորուի, երբ եղբայրական սիրոյ ոգիով, ներդաշնակ եւ համերաշխ գործակցութեամբ եւ միութեան ազնիւ զգացումներով կը համախմբուին հայ ժողովուրդին բոլոր զաւակները եւ իբրեւ մէկ մարմին` իրենց մէջ կը վերանորոգեն նահատակներու սուրբ արիւնով նուիրականացած հաւատարմութիւնը քրիստոնէական հաւատքին եւ հայ հայրենիքին հանդէպ եւ ազատութեան ու արդարութեան սրբազան սկզբունքներուն նկատմամբ: Մենք եւս պէտք է քալենք հաւատարմութեան նոյն ճամբով, որ հայ ժողովուրդին հարազատ ճամբան է. ու պէտք է քալենք կողք կողքի, ձեռք ձեռքի եւ սիրտ սրտի:

Այսու կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր զաւակներուն անխտիր, որ ի սփիւռս աշխարհի, առաջնորդուին նոյն ոգիով եւ համահայկական ու եղբայրական այս հասկացողութեամբ կազմակերպել ապրիլեան նահատակաց յիշատակի հանդիսութիւնները եւ անգամ մը եւս ցոյց տալ աշխարհին, որ հայ ժողովուրդը միասիրտ է ու միակամ եւ ամուր կառչած կը մնայ իր միասնութեան սկզբունքին եւ կ՛ուզէ հաւատարմօրէն շարունակել իր ճամբան. ԾԱՌԱՅԵԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ եւ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ:

Ապրիլեան Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ, յարգանքի որպէս անդրանիկ եւ անմիջական արտայայտութիւն, ԱՊՐԻԼ ԱՄԻՍԸ կը հռչակենք ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԱՄԻՍ, եւ կը հրաւիրենք հաւատացեալ համայն հայ ժողովուրդը, որ այդ նուիրական ամսուան ընթացքին դադրեցնէ բոլոր տեսակի հրապարակային խրախճանքները եւ իր զգացումներուն ու մտածումներուն սլաքը սեւեռած պահէ ապրիլեան նահատակներու օրհնեալ յիշատակին` զայն միշտ բարձր եւ մաքուր պահելու նախանձախնդրութեամբ:

Կ՛աղօթենք ի բոլոր սրտէ, որ Աստուած հարցն մերոց պահէ ու պահպանէ վերածնած հայ ժողովուրդը ի խնամս մարդասիրութեան Իւրոյ եւ ամէնուն պարգեւէ քաջառողջ եւ երջանկալից երկար կեանք` լի բարօրութեամբ եւ աստուածային օրհնութեամբ:

Շնորհք, սէր եւ խաղաղութիւն եղիցին ընդ ձեզ ընդ ամենեսեանդ. ամէն:

ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԻԳՆԱՏԻՈՍ-ՊԵՏՐՈՍ ԺԶ. ՊԱԹԱՆԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ-ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՎԵՐ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Փ. ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ, ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

6 մարտ 1965

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Նահրի Կամուրջները` Բախումներու Առանցք Պուրճ Համուտ, Էշրեֆիէ Եւ Շրջակայքը` Կրակի Գօտի

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?