Խմբագրական
Միշտ Նոյն Թուրքը
Թուրքերը սկսան հին տետրակներ քրքրել իրենց մասին համայն աշխարհի մէջ կազմուած ընդհանրական կարծիքը փարատելու ծիծաղելի փորձերով: Ասկէ առաջ ալ այդ ճիգերը կը թափէին. փաթթոցը հանեցին` գլխարկ դրին, իբր թէ եւրոպականացան: Արաբերէն տառերը լատիներէնով փոխարինելու տղայամտութիւնը գործեցին` նոր մշակոյթ եւ գրականութիւն ստեղծելու ունայնամտութեամբ, իբր թէ արաբական երկիրները նոյն այդ տառերով պատկառազդու եւ հնադարեան մշակոյթ մը ստեղծած չըլլային: Բայց այդ բոլորը բաւական չեղան դարերու արատը ջնջելու համար, անհամար ջարդերու եւ ցեղասպանութեանց խարանը սրբելու համար իրենց ճակատէն: Իրենց պապենական հողերէն քշուած տարագիր բազմութիւններ, միլիոնաւոր զոհեր տալէ ետք կենդանի վկայութիւնը կը հանդիսանային Թուրքիոյ վայրագութիւններուն: Հարկ էր այդ վկայութիւնն ալ անհետացնել, վերաքննել տալ պատմութեան անբեկանելի վճիռը` կարենալ մաս կազմելու համար քաղաքակիրթ ժողովուրդներու ընտանիքին:
Թուրքերը այդ ալ ըրին ու կը շարունակեն ընել մանաւանդ այս օրերուն, երբ իրենց զոհը կը պատրաստուի մեծ տարողութեամբ նշել Մեծ եղեռնի յիսնամեակը:
Պոլսոյ «Ճիւմհուրիյէթ» թերթի 6 մարտ 1965-ի թիւին մէջ լոյս տեսած է լուր մը, որ հրատարակուած է նոյն թերթի քառասուն տարի առաջուան մէկ թիւին մէջ: Յատկապէս տուինք այդ լուրը մեր երէկուան թիւով` անգամ մը եւս շեշտելու համար, թէ թուրքը ինչպիսի զարտուղի միջոցներու կը դիմէ ջարդարարի նախատինքը իր վրայէն նետելու համար:
Ըստ այդ լուրին, իբր թէ «Ատանայի Սաղլը Համիտ թաղը գտնուող հայկական եկեղեցիին մէջ շուրջ երեք հարիւր անմեղ թուրքերու ոսկորները երեւան հանուած են»:
Թուրք թերթը այս շինծու լուրը կը հրատարակէ քիչ մը անդին իր բուն ըսելիքը գրելու համար.
«Իրենց եկեղեցին թրքական սպանդանոցի մը փոխակերպած հայերը, առանց Աստուծմէ վախնալու, մէյ մըն ալ կը պնդեն, որ Թուրքիոյ մէջ իրենց հարստահարութիւն կը կատարուի եւ Ամերիկայի մէջ գիրքեր կը հրատարակեն»:
Քառասուն տարի առաջ այսպէս գրած են: Քառասուն տարիէ ի վեր այսպէս կը գրեն ու կ՛ըսեն: Քառասուն տարի ետք ալ, ճիշդ այս օրերուն, այսպէս կը գրեն ժողովուրդի մը արդար իրաւունքին վրայէն գիծ մը քաշելու հիմնական նպատակով, երբ չյաջողեցան սուրով ու հուրով գիծ քաշել այդ ժողովուրդի գոյութեան վրայէն:
Բարեբախտաբար չի կրնար գտնուիլ ոեւէ մարդ, որ հաւատք ընծայէ թրքավարի մերկապարանոց սուտերու, որոնք դարերու վկայութեամբ հաստատուած ճշմարտութիւններ կը ձգտին ջնջել: Թուրքին իրական պատկերը կազմուած է բոլոր ժողովուրդներու մտքին մէջ` վերջնականապէս եւ անյեղլի կերպով: Ու եթէ այսօր հաշիւ պահանջող չկայ իրմէ, բացի զոհէն, ատիկա արդիւնք է ոչ թէ իր գործած ոճիրներուն մոռացումին, այլ` քաղաքական ազդակներու եւ ռազմական մտահոգութիւններու, որոնք միշտ ալ նպաստած են Թուրքիոյ ու կը նպաստեն նաեւ այսօր, երբ Արեւելք ու Արեւմուտք շատ հասկնալի փութկոտութեամբ մը Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան զօրավիգ կը կանգնին:
Կը նախատեսուէին թրքական այս ստախօսութիւններն ու դաւերը: Թշնամին քնացած չէ, երբ մանաւանդ հայկական հողերու խոշոր պատառը կոկորդին մէջ մնացած է եւ գիտէ, թէ հետզհետէ աւելի վճռական ժողովուրդ մը չէ հրաժարած իր դարաւոր իրաւունքներէն, իր պապենական հողերէն: Պիտի աշխատի բոլոր միջոցներով պայքարիլ մեր արդար դատի վերարծարծումին դէմ` իր հասկցած ձեւով, պետական աղբիւրներու օժանդակութեամբ:
Այդ բոլորը նախատեսած ժողովուրդ մը մազաչափ մը իսկ պիտի չշեղի սակայն իր ճամբէն:
Ատանայի Սաղլը Համիտ թաղի հայկական եկեղեցիին մէջ հարիւրաւոր գանկերու գտնուիլը զարմանք չի պատճառեր մեզի: Թրքահայաստանի ամբողջ տարածքին վրայ հազարաւոր եկեղեցիներ եւ տուներ կարելի է գտնել, որոնց փլատակներուն ներքեւ հարիւր հազարաւոր գանկեր կան:
Թուրքիան զանոնք ալ կրնայ ցուցադրել իբրեւ թրքական ոսկորներ…
Հայ Կիները Եւ Հայ Դատը
Հայ Օգնութեան Հեռագիրը
Նախագահ Ռուզվելթին
Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ օգնութեան միութիւնը, երբ Պատգամաւորական ժողով կը գումարէր 1945-ին, յանուն Պատգամաւորական ժողովին հետեւեալ հեռագիրը ղրկած է նախագահ Ռուզվելթին.-
Հ. Կ. Խաչը, որ կը ներկայացնէ հայկական ծագում ունեցող ամերիկեան քաղաքացի հազարաւոր կիներ, իր 24-րդ Պատգամաւորական ժողովին, գումարուած` Պոսթըն, որոշեց խնդրել ձեզմէ` նկատի ունենալ համաշխարհային երկու պատերազմներու հայ զոհերը, որոնք ցրուած են աշխարհի չորս կողմերը:
Դուք, որ յայտարարած էք, թէ Միացեալ Նահանգները եւ իր դաշնակիցները կը մղեն այս պատերազմը բոլոր մեծ ու փոքր ժողովուրդներու ազատութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան համար, վստահ ենք, որ ձեր լուրջ նկատառման պիտի արժանացնէք մեր այս խնդրանքը:
Մենք կը հաւատանք, որ հայ ժողովուրդին վիճակը բարւոքելու համար անհրաժեշտ է ընդարձակել Խորհրդային Հայաստանի սահմանները` անոր կցելով Արեւմտեան Հայաստանի նահանգները, որպէսզի Թուրքիա եւ ուրիշ տեղեր շատ անբաղձալի պայմաններու մէջ ապրող մեր ազգակիցները պատեհութիւն ունենան վերահաստատուելու իրենց հայրենի հողերուն վրայ:
Համոզուած, որ համաշխարհային տեւական խաղաղութիւն չի կրնար գոյութիւն ունենալ, այնքան ատեն որ կան ժողովուրդներ, որոնք տուն չունին եւ կ՛ապրին փճացուելու տեւական սպառնալիքին տակ, մենք վստահ ենք, որ դուք պիտի բարձրացնէք ձեր հեղինակաւոր ձայնը եւ պիտի գործածէք ձեր ազդեցութիւնը` դարմանելու համար այն բոլոր անարդարութիւնները, որոնց ենթարկուեցան հայերը վերջին տասնամեակներուն ընթացքին:
Վստահ ենք նաեւ, որ մեր կռուող ամուսինները ու զաւակները, որոնք ամէն ապացոյց տուին եւ կու տան իրենց հայրենասիրութեան, գոհացում պիտի զգան այն գիտակցութեամբ, թէ մեր նախագահը եւ կառավարութիւնը պիտի ընեն իրենց կարելին` հայ ժողովուրդի արդար պահանջները գոհացնելու համար»: