Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Մարտ 1965)

Մարտ 7, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգային Մշակութային Ընկերակցութեան Պէյրութի Մասնաճիւղ

«Սփիւռք Եւ Հայրենիք»

(Սիմոն Վրացեանի Դասախօսութիւնը)

Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հրապարակային դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 4 մարտ 1965, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Ընտիր հասարակութիւն մը ծայրէ ծայրէ լեցուցած էր սրահը:

Վարչութեան ատենապետ փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան բեմ հրաւիրեց Ս. Վրացեանը` դասախօսելու «Սփիւռք եւ հայրենիք» նիւթին շուրջ:

Ս. Վրացեան ընդհանուր վերլուծումով ներկայացուց 1914-էն առաջ եւ ետքը, հայութեան գոյավիճակը եւ հետապնդած քաղաքական նպատակները:

Հայութիւնը, չորս միլիոնէն ոչ շատ աւելի, բաժնուած էր երկու հատուածներու:

Մէկ մասը` Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ, ուրոյն հոգեբանութեամբ, ապրելակերպով եւ ձգտումներով: Միւս մասը` ռուսական կայսրութեան սահմաններուն մէջ, նոյնպէս ուրոյն լեզուով եւ ապրելակերպով:

Եւ սակայն, հոգեկան կապ մը կար երկու հատուածներուն միջեւ: Ազգային մէկ ձգտում ունէին` Թրքահայաստանի ազատագրումը:

Հոդ, ժողովուրդ ու պետութիւն իմաստով, կարելի չէ ըսել, որ հայրենիք ունէինք: Հայրենիք ունէինք գաղափարական տեսակէտով: Պատմականօրէն հայութեան հայրենիքին մէջ հայութիւն չկար: Չորս միլիոնին կէսը կը գտնուէր Թուրքիոյ եւ կէսը Ռուսիոյ զանազան շրջաններուն մէջ: Չկար նաեւ մնայուն մէկ տարածութիւն, ուր հայութիւնը մեծամասնութիւն կազմէր: Օրինակ, ռուսական 28 գաւառներուն մէջ ցրուած հայութիւնը միայն 4 գաւառի մէջ մեծամասնութիւն էր:

Մշակոյթով եւ տնտեսութեամբ ալ հայութիւնը հայրենիք չունէր: Թուրքիոյ մէջ մշակոյթի եւ տնտեսութեան կեդրոններ էին Պոլիսը եւ Զմիւռնիան, իսկ Ռուսիոյ մէջ գլխաւորաբար` Մոսկուան, Պաքուն եւ Թիֆլիսը:

Հայ ժողովուրդը իր բովանդակ ապրումներով եւ տնտեսութեամբ իր հայրենիքէն դուրս էր: Մէկ խօսքով, հայոց հոգեւոր եւ տնտեսական կեանքը հայրենիքի մէջ չէր: Ազգային բնոյթ ունեցող արդիւնաբերական ձեռնարկ ալ Հայաստանի մէջ չկար:

Հայոց հարստութիւնը օտարներուն ձեռքն էր եւ կը ծառայէր օտարներուն համար: Պղինձը, որ Հայաստանի մեծ հարստութիւնն է եւ կաթնատնտեսութիւնը օտարներու ձեռքն էին: Նախապայմաններ, որոնք պիտի ծառայէին հայութեան զարգացման:

Իսկ իբրեւ քաղաքական ապրում` միայն Թրքահայաստանի հայոց դատը կար: Իբրեւ ազգային խնդիր` Հայաստանի հարց չկար:

Հայաստանէն դուրս, ամէն տեղ հայկական դատը հետապնդողներ կային: Հայ ժողովուրդը իբրեւ զանգուած, Հայ դատին մասնակից էր միայն ինքնապաշտպանութեամբ, յեղափոխական գործեր կատարելով:

Համաշխարհային Ա. պատերազմին պատահեցաւ հայ ժողովուրդի Մեծ եղեռնը: Թուրքիան որոշեց իր սեփական միջոցներով, այսինքն` ցեղասպանութեամբ լուծել Հայկական հարցը:

Եւ լուծեց Հայկական հարցը այնպէս, ինչպէս ինք կը հասկնար: Բնաջնջուեցաւ թրքահայութիւնը եւ թալանի ենթարկուեցաւ անոր նիւթական հարստութիւնը: Մասնագէտներ 5 միլիառ ֆրանքի կորուստ հաշուեցին:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Թրքահայաստանի հարցը վերցուեցաւ: Անոր փոխարէն` ծնունդ առաւ հայկական ազատագրութեան հարցը, որ փոխեց հայոց պատմութեան ընթացքը եւ շատ դժուարին, մարդկօրէն անհնարին պայմաններու մէջ ծնաւ հայոց հանրապետութիւնը: Վեց դար շարունակ հայ ժողովուրդը երազած էր հայոց պետութիւն: Եւ յանկարծ հայ ժողովուրդի կամքով ծնունդ առաւ: Հայ մարդը ինքզինք զգաց այդ պետութեան զաւակ: Սեւրի դաշնագիրը պաշտօնականացուց հայոց պետութիւնը: Դեսպաններ նշանակուեցան, դեսպաններ ընդունուեցան եւ հայ ժողովուրդին  մէջ հոգեբանական, արմատական փոփոխութիւն մը յառաջ եկաւ:

Տեղի ունեցաւ սակայն, Ռուսիոյ խելագարութիւնը: Ամբոխները խելագարուած` տապալեցին կեանքի ամէն մէկ երեւոյթ եւ Ռուսիոյ պետութիւնը վերածեցին քաոսի: Այդ քաոսին զոհ գնաց նաեւ փոքր Հայաստանը: Խելագարուած ամբոխներու եւ թուրք ազգայնականներու գործակցութեամբ Հայաստանը դարձաւ խորհրդային պետութիւն եւ փաստօրէն ինկաւ ռուսական տիրապետութեան տակ:

Թուրքիոյ մէջ հայութիւն, հայկականութիւն չմնաց: Հայութեան կեդրոն մնաց Խորհրդային Հայաստանը:

Այսօր, յիսուն տարի անց հայութիւնը նորէն բաժնուած է երկու մասի, աւելի ճիշդը` երեք մասի: 1.- Խորհրդային Հայաստանի հայութիւնը, 2.- Սփիւռքահայութիւնը, որ փաստօրէն թրքահայութիւնն է եւ 3.- Խորհրդային սփիւռքը:

1914-ին հայութեան բուն հայրենիքը կը նկատուէր Թրքահայաստանը: Այսօր, յիսուն տարի յետոյ, հայութեան կեդրոնը դարձած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Վարչակարգերը մնայուն չեն, ժամանակաւոր են, կու գան ու կ՛երթան: Երէկ դաշնակ էր, այսօր համայնավար, վաղը ուրիշը կու գայ: Կարեւորը այն է, որ ժողովուրդը մնայուն կերպով կապուի իր հողին: Եւ եթէ կապուած է, անխուսափելիօրէն կը տիրանայ իր ազատ իշխանութեան:

Համրանքի տեսակէտով, այսօր, դժբախտաբար ստոյգ վիճակագրութիւն չունինք:

Ըստ 1959-ի խորհրդային վիճակագրութեան, երկու միլիոն ութսուն հազար հայութիւն կար Խորհրդային Միութեան մէջ: Հայաստանի բնակչութեան 87 տոկոսը հայեր են: Եթէ 1959-էն ետք 5 տարուան աճը եւ ներգաղթողները նկատի ունենանք, Խորհրդային Հայաստանի մէջ մօտաւորապէս երեք միլիոն եւ քանի մը հարիւր հազարէ աւելի հայեր կան, իր անմիջական շրջակայքով: Մինչեռ 1914-ին երկու միլիոն ունէինք: Կարեւոր նուաճում մըն է ասիկա:

Ազատ սփիւռքի մէջ մօտաւորապէս մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար հայութիւն կ՛ապրի: Ամբողջ հայութեան թիւը միասնաբար 4.5 միլիոնէն քիչ մը աւելի է: Եթէ չպատահէր Եղեռնը եւ հայութիւնը աճէր իր բնական վիճակով, անկասկած շատ աւելի թիւով հայութիւն կ՛ունենայինք:

Այսօր, յիսնամեակի նախօրեակին, Հայաստանի հարցին իրական բնոյթը փոխուած է: Այն դաշնագիրները, որոնք կնքուած էին, գլխաւորաբար` Սեւրի դաշնագիրը, ջնջուած են: Բայց հայ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ այդ դաշնագիրները ջնջուած չեն:

Ամբողջ մարդկութիւնը չոր ու ցամաք դիւանագէտներէ կազմուած չէ: Օրէնքով ջնջուած հաշիւները կրնան կենդանի մնալ արդարութեան առջեւ:

Հայ ժողովուրդը այսօր կապուած է իր հայրենիքին ազգային գիտակցութեամբ, տարբեր մտածելակերպով, բայց մէկ նպատակի համար: Հայ հայրենիքի, ուր ժողովուրդը տէր դառնայ իր իշխանութեան եւ Հայաստանը ըլլայ ազատ ու անկախ պետութիւն:

Յիսնամեակի առթիւ մեր բոլորիս սրտերը կը բաբախեն այդ ուղղութեամբ, մեր բոլորիս մտքերը կ՛աշխատին այդ ուղղութեամբ:

Վրացեան երբ վերջացուց հետաքրքրականութեամբ ունկնդրուած իր դասախօսութիւնը, երկարատեւ ծափերու արժանացաւ: Մենք ջանացինք միայն ընդհանուր գծերու մէջ ներկայացնել այդ դասախօսութիւնը:

Փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Ա. Վրացեանին իր այնքան աղուոր դասախօսութեան համար, աւելցուց. «Յիսնամեակի առթիւ մեր սրտերը որքան կ՛երթան Հայաստանի ժողովուրդին, նոյնքան եւ երկրի ժողովուրդին սրտերը կու գան մեզի»: Եւ իբրեւ վկայութիւն` Վիգէն Խեչումեանի հայրենաշունչ ստեղծագործութիւններէն կարդաց քանի մը գեղեցիկ կտորներ:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ճանչնանք Էնքաները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?