Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Ապրիլ 1965)

Մարտ 24, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հերթը Մերն Է

Հա՛յ ժողովուրդ,

Դարաւոր քո կեանքի պատմութիւնը, որ յեղափոխութեան մը արձանագրութեամբ սկսած է, եւ որ տեւական պայքարներուդ ու մանաւանդ տեւական մարտիրոսագրութեանդ պատմութիւնը եղաւ, լեցուն է ողբի ու նահատակումի արձանագրութեանց յատկացուած կարմիր էջերով. բայց 1915-ի արհաւիրքին յատկացուած ծաւալուն էջը, այդ կարմիր էջերուն ամէնէն բոսորն ու ամէնէն սարսռազդեցիկն է:

Այդ թուականին էր, որ Մոնկոլիոյ տափաստաններէն դարեր առաջ ճամբայ ելած բարբարոս ու անարի ցեղի մը արնածարաւ ժառանգորդները մեր ազգին «մէկ կէսը միւս կէսին յուղարկաւորները դարձուցին»:

Այդ սեւ թուականն էր, որ թուրքը կարծեց, թէ կրնայ փիւնիկը գլխատելով ու անոր բոյնը քանդելով` վերջնականապէս խաչ դնել անոր գոյութեան վրայ:

Այդ թուականին էր, որ նախապէս տրուած հրահանգի մը համաձայն, (ֆերմաններ)ը բացուեցան, որ թուրքը իր աղտոտ մատը մահաբոյր հրահանգի տողերուն վրայ դանդաղօրէն պտտցնելով` հեգեց հայոց բնաջնջման հրամանագիրը:

Այդ պահէն սկսեալ, պետութեան կողմէ ծրագրուած ու հովանաւորուած ՈՃԻՐԸ, իր երկաթէ կրունկներով, սանձարձակ ու անարգել, քալեց Տաճկահայաստանի մէկ ծայրէն միւսը ու դադար չառաւ հանգչելու համար:

Դադար չառաւ ու չյոգնեցա՛ւ…

Քալեց մեր շէն ու բարգաւաճ քաղաքներուն մէջ, քալեց գիւղերու եւ աւաններու լայնքին ու երկայնքին, քալեց անապատներու կիզիչ աւազի՜ն վրայ…

Ու դադար չառաւ ու չյոգնեցա՜ւ:

Հայ բարի ու աշխատասէր գիւղացին մեռաւ` լուսեղէն սերմը ափին մէջ սեղմած:

Հայ քահանան մեռաւ, աղօթքի բեկոր մը իր փշրուած կզակին մէջ: Հայ կինը մեռաւ` «Յանուն Հօր» ըսելով, ու հայ հարսն ու կոյսը մեռան թոյնի սրուակը անտրտունջ, յանուն պատուի ու մաքրութեան ծծելով…

Ու չունեցան  անոնք գերեզման:

Գերեզման չունեցան գետը նետուածները:

Լեռներու լանջին ու ձորերու խորը գնդակահարուածները:

Գանակոծուածները:

Կախաղան բարձրացուածները:

Ողջ-ողջ վառուածները:

Ծովն ու հորերը լեցուածները:

Թոպամահ ու սովամահ եղողները:

Ու վերջապէս` ամէն տեսակ երեւակայելի ու աներեւակայելի տանջանքներով մեռնողները:

Ես այս բոլորը տեսայ իմ փորուելիք աչքերովս ու սարսափէս ու վշտէս քարացած` չլացի:

Ես տեսայ գնդակահարուած հայրս մահամերձ ու սարսափէս ու վշտէս քարացած` չլացի:

Ես տեսայ այս բոլորը ու աւելի՛ն:

Ես տեսայ, թէ ինչպէ՞ս մարդոց փորել տուին իրենց թաղուելիք գերեզմանը ու այդ գործի աւարտումէն վերջ ազատ ձգեցին արնածարաւ խուժանը անոնց վրայ:

Ես տեսայ, թէ ինչպէս կիրասոնցի պատանի մը, երբ իրմէ պահանջուած փրկագինը չկրցաւ տալ, ժանտարմը դանակը կոխեց անոր կոկորդը ու ցայտող կարմիր արիւնով ներկուած իր ձեռքը սրբեց անոր հանդերձանքին վրայ. յետոյ, զարհուրանքէն մեծցած աչքերուս առջեւ, հանդիսաւորապէս լզեց իր դանակին կարմիր շեղբը…

Ես տեսայ, թէ երբ ծերուկ հայ կնոջ մը մատանին չկրցին հանել իր մատէն, մատը դրին կոճղի մը վրայ ու, դանակի մէկ հարուածով կտրեցին, որ առնեն ոսկի օղակը:

Ես այս չորնալիք աչքերովս տեսայ, որ երբ կողոպուտի պահուն կնոջ մը բան մը կլլելը տեսան, զայն մորթեցին ու տաք աղիքները փնտռեցին, որ արժէքաւոր բան մը գտնեն անոնց մէջ:

Ես տեսայ…

Բայց ո՞ր  մէկը ըսեմ, ո՞ր մէկը պատմեմ, ո՞ր մէկը ողբամ…

Անպատմելի այդ ոճիրը պատմելու ընդունակ լեզու մը կա՞յ…

Հաւատացէք, հաւատացէ՜ք ինծի, որ Աստուած ու թուրքը, այս բոլոր տեսակի մահերը – ու աւելին – կամեցան հայ ժողովուրդին:

Այս բոլորէն վերջ, թուրքը, կարմիր ծիծաղը իր դեղին դէմքին, հաստատեց  հպարտութեամբ, թէ հաշուեյարդարի ենթարկեց, չորցուց մեր արմատը. Քէօքիւնիւզիւ քւորուտ տուք, պարծեցաւ…

Յիմա՛ր, փիւնիկը կը թաղուի՞:

Յարութիւն առինք:

Այսօր կանք ու վաղը նորէն պիտի ըլլանք:

Մենք կուշտ ենք, իրենք` անօթի:

Մենք առողջ ենք, իրենք` հիւանդ:

Մենք քաղաքակրթութեան պատմութիւն ունինք, իրենք` ոճիրի:

Մենք ողորմութիւն կու տանք, իրենք ողորմութիւն կ՛ընդունին:

Մեր հայրենիքն ու իր սահմանները լոյսերու մէջ կը շողան, իրենց երկիրը խաւարի մէջ է (մանաւանդ այն մասը, որուն պատմական տէրն ենք մենք):

Մենք համաշխարհային համբաւով գիտնականներ ու արուեստագէտներ ունինք, իրենք` համաշխարհային համբաւով, նախահայր թէ ժամանակակից, ոճրագործներ:

Ալ թուե՞մ:

Կարծեմ` կը բաւէ:

Բայց արդար ըլլալու համար պէտք է նաեւ ընդունիմ, թէ իրենք ալ բան մը տուած են աշխարհին:

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ գիւտը  իրենցն է:

Իրենք եղան զայն առաջին անգամ գործադրողները, երբ դեռ այդ բառը գոյութիւն իսկ չունէր բառարաններու մէջ:

Ու հիմա մենք մէկ նուիրական պարտք ունինք:

Ճանչցնել աշխարհին թուրքին դիմագիծը ու պահանջել մեր բազում նահատակներուն արեան գինը:

Որովհետեւ, գիտե՛մ, անոնք պիտի չհանգչին – ոչ ալ մենք – մինչեւ որ «պարտի»-ի ու «պահանջէ»-ի այս էջերը հաւասարակշռուին…

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

 

Միշտ Նոյն Դաւադիրները

Թուրքերը Սկսան Իրենց Գրգռութեանց

Թուրք Երեսփոխան Մը Տարօրինակ Կը Գտնէ,
Որ Հայերը Կը Յիշեն Իրենց Նահատակները

ԱՆԳԱՐԱ, 23 (ԱՖՓ).- «Ուլուս» օրաթերթը այսօր խմբագրական մը յատկացուցած է այն պատրաստութիւններուն, որոնք կը տեսնուին Լիբանանի հայերուն կողմէ` նշելու համար Թուրքիայէն իրենց տեղահանումին յիսնամեակը եւ հատուցման ու հայկական պետութեան մը ստեղծման իրենց պահանջները:

«Տարօրինակ է, որ հայերը նման գրգռութիւններու կը դիմեն այսքան տարիներ ետք, կը գրէ երեսփոխան Ճիհատ Պապան, իր խմբագրականին մէջ: Այս պայքարը ուրիշ բանի պիտի չծառայէ, եթէ ոչ` լարուածութիւն ստեղծելու Թուրքիոյ եւ Լիբանանի միջեւ, որ իր հողամասին վրայ կը հանդուրժէ նման ցոյցերու եւ մեզի կու տայ այն տպաւորութիւնը, թէ ինչ ալ ընենք Միջին Արեւելքի երկիրներուն համար,  կարելի չէ անկեղծ գործակցութիւն մը հաստատել անոնց հետ»:

Ու խմբագիրը կ՛եզրակացնէ. «Այսուհանդերձ, այս միջադէպը պէտք է զօրացնէ սերտակցութիւնն ու ազգային ներդաշնակութիւնը Թուրքիոյ մէջ»:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Արարատի Ստորոտին» Ֆորումը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Հռչակագիր Որդեգրած Է

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?