Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Մարտ 1965)

Մարտ 14, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կեանքը Թրիփոլիի Մէջ

(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)

Անցնող փետրուար ամիսը Թրիփոլիի ազգային կեանքին համար եղաւ յիշատակելի ամիս մը` իր տուած շարք մը ձեռնարկներով, որոնք յատկացուած էին ազգային պատմական յիշատակներու վերակոչման եւ կամ մշակութային հաստատութեանց բարեզարդման:

Շարունակաբար հանրութեան հրամցուեցան չորս ձեռնարկներ` հետեւեալ կարգով.

Առաջին.- Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի ներկայացումը` «Հարցաքննիչ»-ը:

Ազգային Խրիմեան-Նուպարեան վարժարանին ի նպաստ եւ կրթական մարմինին նախաձեռնութեամբ ու հրաւէրով, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը Ազգային թատերասրահին մէջ ներկայացուց «Հարցաքննիչ»-ը ղեկավարութեամբ  եւ մասնակցութեամբ որակեալ դերուսոյց-դերասան Ժորժ Սարգիսեանի:

Յունուար 30-ի շաբաթ երեկոյեան գրեթէ ամբողջ Թրիփոլիի հայ համայնքին ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ներկայացումը: Երեքուկէս ժամ լարուած ուշադրութեամբ շարունակուող խաղարկութիւնը արժանի գնահատանքով ծափահարութիւններ խլեց հանդիսականներէն որպէս վարձատրութիւն` ուղղուած ընդհանրապէս դերակատարներուն, մասնաւորապէս` թարգմանիչ եւ դերուսոյց Ժորժ Սարգիսեանին:

Թատերախումբը, առանց նիւթական ակնկալութեան, ի նպաստ ազգային վարժարանին տուաւ ներկայացումը, որ ջերմապէս գնահատող կրթական մարմինը թատերախաղի լրումին խրախճանքի սեղանի մը շուրջ հրաւիրեց դերակատարները, իրեն օժանդակողներով եւ մասնաւոր հրաւիրուած ազգայիններով:

Խնճոյքը ստեղծեց հաճելի մթնոլորտ մը, ուր եղան զանազան ուղերձներ, առաջարկուեցան բաժակաճառեր, թատերախումբը ստեղծող եւ անդրանիկ ուսուցանող հանգուցեալ Գասպար Իփէկեանի ի պատիւ, ինչպէս նաեւ արժանի յաջորդը եւ շարունակողը` Ժորժ Սարգիսեանի ու իր խումբին կենացը:

Ժ. Սարգիսեան իր խումբին անունով յայտնած շնորհակալութեան յաջորդեց  ինքնաբուխ նուիրատուութիւններ Պուրճ Համուտի մէջ կառուցուող «Գասպար Իփէկեան» թատերասրահի ֆոնտին:

Մինչեւ ժամը 3:00-ը տեւած խրախճանքէն ակամայ բաժնուեցան ներկաները:

Կրթական մարմինը իր այս ձեռնարկով նիւթական եւ բարոյական գոհացուցիչ արդիւնք մը ապահովեց:

Երկրորդ ձեռնարկը ունեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Թրիփոլիի մասնաճիւղի վարչութիւնը:

Փետրուար 7-ի կիրակի օրը տուաւ դասախօսական ցերեկոյթ մը` «Նաւասարդ» ակումբին մէջ, դասախօս ունենալով Մ. Յ. Շնորհոքեանը: Դասախօսութեան նիւթն էր`

«Ծնողներու եւ որդիներու փոխադարձ յարաբերութիւնները»:

Նիւթը ինքնին շինիչ եւ դաստիարակիչ ըլլալով` յարգելի դասախօսը գեղեցկօրէն բացատրեց ծնողաց եւ զաւակաց փոխադարձ յարգանքի եւ խրատականի ձեւերը, թելադրեց ամուր կառչիլ մեր հայկական տոհմիկ աւանդութեանց: Հետեւիլ ներկայ դարու ազնուացուցիչ նորոյթներուն առանց խաթարելու սակայն հիմնականը` հայ տոհմիկ աւանդութիւնը:

Շնորհաւորելի եւ Օգնութեան խաչի վարչութեան անդամները եւ յարգելի դասախօսը իրենց ընտրած նիւթին համար, որ մեր նոր սերունդին ուղղուած շինիչ ու դաստիարակիչ լաւագոյն խրատականն է:

Կը լսենք, որ Օգնութեան խաչի վարչութիւնը, քաջալերուած իր առաջին դասախօսութեան թողած նպաստաւոր հանգամանքէն, մտադրած է նման շարք մը դասախօսութիւններ եւս հրամցնել Թրիփոլիի գաղութին:

Երրորդ ձեռնարկը եղաւ փետրուար 18-ի 44-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը:

ՀՅ Դաշնակցութեան Թրիփոլիի կոմիտէին նախաձեռնութեամբ, 20 փետրուարի շաբաթ երեկոյեան «Նաւասարդ» ակումբին մէջ կատարուեցաւ փետրուար 18-ի 44-րդ տարեդարձի խրախճանքի տօնակատարութիւնը:

Կը մասնակցէին ընկերներ, օժանդակ ընկերներ եւ համակիրներ, որոնք հաւաքուած Դաշնակցութիւնը խորհրդանշող Դ. գրի ձեւով պատրաստուած խնճոյքի սեղանին շուրջ, յիշեցին այդ պատմական թուականը եւ անոր կերտողներու ու այդ օրուան զոհերու յիշատակը ոգեկոչեցին:

Բացման խօսքը ըրաւ Ս. Թէրճանեան, բաղդատական մը ըրաւ Վարդանանցի եւ փետրուար 18-ի միջեւ, որոնց թէ՛ մին եւ թէ՛ միւսը եղած են ժողովրդական պոռթկում մը` անիրաւութեան դէմ: Ինչպէս Մամիկոնեանները Վարդանանցին, նոյնպէս ալ ՀՅ դաշնակցութիւնը, որպէս նոր օրերու Մամիկոնեաններ,  ղեկավարած են ժողովրդային պոռթկումը անձնազոհութեամբ: Այնքան ատեն որ հայութեան արդար իրաւունքը չէ ճանչցուած բռնագրաւողներէն, ՀՅ դաշնակցութիւնը պիտի տանի ղեկավարողի ծանր պարտականութիւնը: Պիտի գան նոր փետրուար 18-եր, ու դարձեալ համայն հայութիւնը իր բոլոր կազմակերպութիւններով պիտի դիմէ Դաշնակցութեան` զիրենք ղեկավարելու եւ առաջնորդելու միացեալ, ազատ, անկախ Հայաստանին:

Օրուան թամատայ ընտրուեցաւ Սարգիս Մարաշլեան, որ ձեռնհասօրէն տարաւ իր պաշտօնը:

Թամատայի հրաւէրով խօսք առին նոյնպէս` Ս. Տէր Սարգիսեան, Ս. Աֆարեան, Հ. Փափազեան, Գ. Չպուքճեան, Ս. Կոնճեան, Լ. Թոգաճեան, Կ. Նագգաշեան, որոնք անդրադարձան 1921-ի սկիզբներուն Հայաստանի մէջ ստեղծուած անտանելի վիճակին եւ որուն յաջորդող փետրուար 18-ի ըմբոստութեան, դրուատիքը ըրին հայ ժողովուրդին ու ՀՅ դաշնակցութեան եւ ուխտերնին նորոգեցին փետրուար 18-ի սերունդին արժանի յաջորդները ըլլալու:

Մէջ ընդ մէջ երգուեցան յեղափոխական երգեր եւ վերջին խօսքը ըրաւ Ա. Անուշեան: Ան իր մաղթանքներու վերջաւորութեան վերակոչեց երջանկայիշատակ Զարեհ վեհափառի մահուան տարելիցը եւ թելադրեց ընկերներուն առաւօտեան հոգեհանգիստին ներկայ ըլլալ եւ տալ իրենց յարգանքի տուրքը նոր փետրուար 18-ի զոհին: «Մշակ բանուոր»-ով փակուեցաւ խրախճանք տօնակատարութիւնը:

* * *

Փետրուար ամսուան հաշուեփակը հանդիսացաւ հայկական պարահանդէսը` որպէս չորրորդ ձեռնարկ:

Բարեկենդանի առթիւ պարահանդէս մը տուին 27 փետրուարի շաբաթ երեկոյեան, Պահսասի «Փալմա» քազինոյի շքեղ սրահին մէջ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի վարչութիւնը, ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը  եւ «Նաւասարդ» ակումբի վարչութիւնը միասնաբար:

Պարահանդէսի բարձր հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Թրիփոլիի պետական երեսփոխան հայ համայնքի բարեկամ Ֆուատ Պորթ:

Երեք միութիւնները ոգեւին փարած իրենց ստանձնած գործին` լաւագոյն աշխատանքը տարին իրենց օժանդակ ունենալով  խաչուհիները եւ ՀՄԸՄ-ականներ:

Հայ եւ արաբ ընտրեալ բազմութիւն մը  ժամանակէն առաջ դրուած էր սեղանները եւ երեկոյեան 8:00-էն  մինչեւ առտուան ժամը 4:00-ը հաճելի, ընտանեկան եւ նաեւ ուրախ օր մը ապրեցան: Այնպէս որ, սրահը թողելէ առաջ ժամադրուեցան նոր պարահանդէսի մը համար:

Ֆուատ Պորթը տպաւորուած տիրող կարգուսարքի կանոնաւորութենէն` 300 լ. ոսկի նուէր տուաւ կազմակերպիչ մարմնին:

Քոթիյոններէն, վիճակահանութենէն, պիւֆէէն եւ մուտքի  տոմսերէն մնաց գոհացուցիչ հասոյթ մը, որուն կողքին նաեւ` բարոյական գնահատելի շահ մը, որ քանիցս հրապարակաւ արտայայտուեցան ներկայ ոչ հայ հիւրերը:

Շնորհաւորելի են երեք միութիւններու անդամները եւ օժանդակ յանձնախումբը, որուն անսահման նուիրումով աշխատանքին կը պարտին գնահատելի եւ գովելի ձեռնարկին յաջողութիւնը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մրջիւններու Աշխարհէն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In