Հ Մ Ը Մ
(16-րդ Պատգամաւորական Ժողովին Առթիւ)
Անցեալ փետրուար 27-ին եւ 28-ին Պէյրութի մասնաճիւղի նորակառոյց շքեղ ակումբին մէջ գումարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի 16-րդ Պատգամաւորական ժողովը` մասնակցութեամբ շրջաններէ եկած աւելի քան 40 պատգամաւորներու:
Երկօրեայ նիստերու ընթացքին պատգամաւորները հանգամանօրէն քննելով օրակարգի բոլոր հարցերը` ուրախութեամբ հաստատեցին, թէ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին մեր իրականութեան մէջ գործող մարզական մեծագոյն միութիւնը արձանագրած է յարաճուն վերելք մը, ոչ միայն բոլոր ճիւղերու, այլ նաեւ հիմնական այն նպատակին գծով, որ կը ձգտի նորահաս սերունդներու բարոյական ամուր նկարագրի կազմութեան:
Պատգամաւորական ժողովին եւ այդ առթիւ ներկայացուած Շրջանային վարչութեան տեղեկագրին ընդմէջէն կարելի եղաւ նկատել այն մեծ դերը, որ այս երիտասարդական մեծ կազմակերպութիւնը կոչուած է կատարելու հայ կեանքին մէջ, իր բազմաճիւղ գործունէութեամբ:
ՀՄԸՄ-ը, գրեթէ ամէն տեղ, բայց մասնաւորաբար Լիբանան, ուր հսկայ բանակ մը կը կազմէ անոր անդամներուն թիւը, այն կազմակերպութիւնն է, որուն հիմնական նպատակը եղած է միշտ հայ տղուն ու աղջկան նկարագրին կազմութիւնը, հայկական ոգիի անջնջելի դրոշմով:
Անկշռելի է ՀՄԸՄ-ի դերը այս գործին մէջ: Առանց այս միութեան, որուն հիմնադիրներուն նուիրական իտէալը այսօր կը շարունակէ ներշնչել նոր սերունդները, մենք պիտի ունենայինք հայ երիտասարդներ, բայց` ոչ երիտասարդութիւն, այս տարբերութեան ամբողջական ծանրութեամբ:
ՀՄԸՄ այն միութիւնն է, որ գաղափարական երիտասարդութեան առիթ տուաւ ամրանալու մարմնով ու հոգիով` դառնալու համար ջահակիրը այն իտէալին, որ Քրիսեաններ ու Յակոբեաններ գրած էին այս միութեան դրօշակին վրայ:
Աւելին. իբրեւ երիտասարդական կազմակերպութիւն` ՀՄԸՄ հանդիսացաւ այն միութիւնը, որ հպարտութեան ալիքներ բարձրացուց հայ բազմութիւններուն մէջ, ամէն անգամ որ իր մարզիկներուն միջոցով դափնիներ խլեց, ուրախութեան արցունքներով:
Օրուան կեանքին հետ գործող միութիւնն է ան: Կենդանի գործի անվհատ սպասարկու, որուն շարքերէն կու գան ու կ՛անցնին գայլիկէն սկսած մինչեւ երիտասարդ մարզիկը, բոլորն ալ` մէկ ու միակ ձգտումով. բարձր բռնել հայութեան պատիւը բոլոր գաղութներուն մէջ:
Մարզական իմաստով, բազմաթիւ սերունդներ եկած ու անցած են ՀՄԸՄ-ի նուիրական յարկին տակէն: Բոլորն ալ, հայ կեանքին մէջ նետուելէ առաջ, մկրտուած են ՀՄԸՄ-ի ոգիով, որ միշտ իրենց հետ եղած է իբրեւ անջնջելի կնիք ու այդպէս ալ մնացած է իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին:
Առաւելաբար այս տեսակէտով կ՛արժեւորուի ՀՄԸՄ-ի գործը, որ կը դադրի միայն մարզական միութիւն մը ըլլալէ, այլ կը դառնայ երիտասարդական կազմակերպութիւն մը` իր կարգապահ փաղանգով:
Վստահ ենք, որ 16-րդ Պատգամաւորական ժողովին մէջ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտը պիտի տարածուի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին վրայ, հոն տրուած որոշումները եւ ճշդուած աշխատանքի ոււղեգիծները նոր թափ պիտի տան Քրիսեաններու միութեան յարաճուն գործունէութեան:
Այս վստահութեամբ ալ կ՛ողջունենք շրջանային նոր վարչութիւնը, որ առաջիկայ երկու տարիներու ընթացքին նուիրումով եւ անսակարկ զոհաբերութեամբ պիտի գործէ` ի խնդիր նորանոր յաջողութիւններու եւ նուաճումներու:
Բոլոր մասնաճիւղերուն կը մնայ կեանքի կոչել Պատգամաւորական ժողովին տուած որոշումները եւ առաւելագոյն չափով ձգտիլ ՀՄԸՄ-ի պերճիմաստ նշանաբանի իրագործման:
