Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Մարտ 1965)

Մարտ 25, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարդկութիւնը…
Եւ Թուրք Ախոռը

Այն դժոխային մտածումը, զոր թուրք ցեղասպաններ յղացած էին իրենց սադայէլական ուղեղներուն մէջ, կրկին յիշուեցաւ վերջերս մեր անխոնջ աշխատակից Հայկազն Գ. Ղազարեանի յօդուածաշարքերով, որոնք կը ներկայացնէին թուրք ոճրագործ կազմակերպութեան` Իթթիհատի ղեկավարներուն դաւադրութիւնը եւ ամբողջական ոճիրը` հայ ժողովուրդին դէմ:

Տոքթ. Նազըմ, Պ. Շաքիր կամ Թալէաթ կոչուած այդ հրէշները, մարդկային ամէն երեւակայութիւն գերազանցող սառնասրտութեամբ, իրենց ժողովներու ընթացքին, մանրամասն բացատրած են իրենց յղացումները, եւ մինչեւ յետին կէտերը ճշդած` «Հայ երեխաներ, ծերեր, այրեր, կիներ, հիւանդներ», ամէնքը բնաջնջելու իրենց ընդհանուր ծրագիրը:

Հ. Ղազարեան այդ մահաբոյր ժողովներուն ամբողջ մանրամասնութիւնները ներկայացուց` տարիներու աշխատանքով իր հաւաքած վաւերաթուղթերու, վստահելի յուշերու եւ այլ փաստաթուղթերու մէջ կատարած պրպտումներով, եւ իր անձնական մեկնութիւններն ու ճշդումները ըրաւ` ցոյց տալով այն դիտումնաւոր խեղաթիւրումները, իրականութեանց չարամիտ մեկնաբանութիւնը, զոր կատարած են Իթթիհատի ղեկավարները` «արդարացնել» փորձելով իրենց անլուր ոճիրը հայ ժողովուրդին վրայ:

Իրապէս գազանատիպ այդ թուրք ոճրագործները, իրենք զիրենք այնքան մօտ զգացած են անասուններու աշխարհին, որ իրենց բացատրութիւններու ընթացքին, իբրեւ մարդկային ընկերութեան օրինակ յիշած են… անասունները, «սագը, բադը, խոզը, որոնք ագարակի մը մէջ կ՛ապրին` պահելով սակայն իրենց առանձնայատկութիւնները» (Պեհէտտին Շաքիր):

Երբ մարդկային հաւաքականութիւններուն վրայ կը նայուի այս խոզի ակնարկով, եւ Իթթիհատ կոչուած գարշահոտ ճահիճի մը մէջէն, եզրակացութիւնը պիտի ըլլայ անշուշտ այն, որ գազաններ կը կիրարկեն` առանց ժողով գումարելու, իրենց իթթիհատական եղբայրներուն նման:

Յիսուն տարի անցնելէ ետք իսկ սարսռազդեցիկ այդ ոճիրները, որոնք երբեք պիտի չմոռցուին մեր պատմութեան ընթացքին, կը հաստատեն դարձեալ մեր խոր համոզումը` մեր ժողովուրդի անմեղութեան եւ մեր դատին արդարութեան շուրջ:

Իթթիհատի ժողովներուն մէջ ի զուր կը փորձուի Կովկասի հայ կամաւորական շարժումը պատրուակ բռնել` Թուրքիոյ հայերը «առանց ոչ մէկը ողջ թողելու» պայմանաւ բնաջնջելու համար:

Կամաւորական շարժումը, ինչպէս նկատած է նոյնիսկ Աղա օղլու Ահմետ կոչեցեալը, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած շարժում մըն էր, եւ Թուրքիոյ հայութիւնը ոչ մէկ որոշումով կապուած էր անոր: Այս շարժումը բնական արդիւնքն էր նաեւ, երկար տարիներու ընթացքին, ամէն տեսակ թրքական կառավարութեանց ցոյց տուած թշնամական եւ ջարդարարական քաղաքականութեան, հայոց հանդէպ: Իթթիհատը իր ո՞ր մէկ արդար, չըսենք` հայանպաստ, որոշումով արտասահմանի կամ Թուրքիոյ հայոց վստահութիւնը պիտի գրաւէր Կիլիկիոյ իր ջարդերո՞վ, թէ՞ բարենորոգութեանց ծրագիրներուն հանդէպ իր յարուցած անվերջ ձգձգումներով:

Եթէ թուրքերը փոխանակ անասուններու ախոռէն ներշնչուելու` փափաքէին օրինակ առնել մարդկութենէն, կարելի պիտի ըլլար յիշեցնել անոնց, թէ 1916 թուին, նոյն մեծ պատերազմի օրերուն իրլանտացիք ապստամբեցան Անգլիոյ իշխանութեան դէմ, եւ արիւնալի կռիւներ տեղի ունեցան Տապլինի մէջ: Նոյնիսկ իրլանտացի ղեկավար մը, այդ օրերուն Անգլիոյ թշնամի Գերմանիոյ հետ յարաբերութիւն հաստատած էր ու վերադարձած` Իրլանտա:

Անգլիացիք բաւականացած մահուան դատապարտելով միայն այդ ղեկավարը, իսկ ապստամբութիւնը առիթ չնկատեցին երբեք` իրենց ենթակայ իրլանտացի ժողովուրդը բնաջնջելու համար:

Սակայն Իթթիհատի ղեկավարները, որոնց ցանկալի տիպարները ախոռի անասուններն էին, անասնական մղումով յղացան ցեղասպանութիւնը:

Թուրքերու հնարած սուտերը, ինքնարդարացումները, Մեծ եղեռնի առթիւ, մարդկային ամէնէն միամիտ ուղեղն իսկ համոզելու ուժը չունին:

Բաւական է յիշել դարձեալ իրենց գլխաւոր նպատակը` «ոչ մէկ հայ ողջ թողուլ», որ ամէնէն թերահաւատն իսկ պիտի համոզէր, թէ ամբողջ ազգ մը կարելի չէ պատասխանատու նկատելով ոչնչացնել` իր կամքէն բոլորովին անկախ տեղի ունեցած քաղաքական կամ զինուորական շարժումներու համար: Օրօրոցի մանուկնե՞րն ալ պատասխանատու էին քաղաքական դէպքերուն…

Արդարեւ, ո՞ր օրինագիրքը, ո՞ր արդարութիւնը թոյլ պիտի տար նման ոճիրներու իրաւունք, բացի գազաններու բնազդէն, որ դարձեալ ամբողջ ցեղ մը ոչնչացնելու չի ձգտիր…

Մարդկային տրամաբանութեան ամբողջ ուժով անկարելի է նուազագոյն չափով իսկ չքմեղանք գտնել թրքական ցեղասպանութեան մէջ, գործադրուած` մանաւանդ ծանօթ ամէնէն հրէշային եղանակներով:

«Ոչ մէկ հայ ողջ թողուլ…»:

Այսօր ողջ են, մօտ հինգ միլիոն հայեր, եւ առաւել քան երբեք կը յիշեն իրենց թշուառ ժողովուրդին կրած ահաւոր սպանդը, մօտ երկու միլիոն նահատակները:

Ողջ չեն սակայն, սատկած են, ամբողջ հայութիւնը գերեզմանել փորձող Պեհաէտտին Շաքիրները, Թալէաթները. իսկ իրենց յաջորդները, իրենց թշուառ ժողովուրդին հետ, գիտեն, թէ անժամանցելի պարտք ունին հատուցանելիք, հայ ժողովուրդին:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Համատարած Աւերածութիւն Պուրճ Համուտի Եւ Շրջակայքին Մէջ Խորէն Ա. Եւ Գարեգին Բ. Վեհափառները Իրենց Հօտին Հետ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In