Յիսնամեակի Յուշատօնը
Սեն Ժոզեֆ Համալսարանին Մէջ
Չորեքշաբթի, մայիս 19-ին, երեկոյեան տեղի ունեցաւ ապրիլեան յուշատօնը` նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայ համալսարանականներու ընկերակցութեան, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հանդիսասրահին մէջ: Ծայրէ ծայր լեցուն էր սրահը` օտար եւ հայ հասարակութեամբ:
Ժամը 7:00-ին, տօնակատարութիւնը բացուեցաւ Շոփէնի մահերգով, որ ունկնդրուեցաւ խոր լռութեան մէջ: Ուսանողներու միութեան անունով Հրայր Արզումանեանի ֆրանսերէն լեզուով բացման խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսներէն հայր Մորիս Թալլոն: Յարգելի բանախօսը մօտ կէս ժամ խօսեցաւ 1915 ապրիլ 24-ին ձերբակալուած եւ վայրագօրէն սպաննուած հայ մտաւորականներուն մասին` յիշելով Զոհրապը, Վարդգէսը, տոքթ. Տաղաւարեանը եւ այլն: Ապա կարդաց այն երկու հեռագիրները, որոնք ղրկուած էին Թալէաթին կողմէ Հալէպի կուսակալին` հրամայելով անխնայօրէն սպաննել բոլոր գաղթականները` ծեր, երիտասարդ, կին եւ երեխայ: Եւ այսպէս, մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդուեցան աքսորի ճամբաներուն վրայ եւ անապատներու մէջ:
Մաս մը հայեր, ըսաւ հայր Թալլոն, Լիբանան եկան: Առանց սպասելու օտարի օգնութեան` հայերը անմիջապէս աշխատանքի անցան եւ շուտով վարժուեցան տեղական գործերուն եւ պայմաններուն: Կարճ ժամանակի մէջ իրենք զիրենք շտկեցին` արձանագրելով մեծ նուաճումներ տնտեսական, մշակութային, գիտական եւ գեղարուեստական մարզերու մէջ:
Միջազգային գետնի վրայ ալ հայերը տուին նշանաւոր գիտնականներ, ինչպէս` փրոֆ. Սիսակեանը, տնտեսագէտ Յարութիւնեանը, արուեստագէտ Արամ Խաչատրեանը եւ այլն:
Երկրորդ խօսողն էր իրաւաբանական համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Շարլ Ֆապիա: Յարգելի փրոֆեսէօրը մասնաւորապէս ծանրացաւ Ցեղասպանութեան վրայ` տալով պատմութենէն զանազան դէպքեր` հռոմէական եւ բիւզանդական շրջաններէն վերցուած: Հայերը, ըսաւ, իրաւունք ունին այսօր յիսնամեակը տօնելու` ամբողջ աշխարհի ժողովուրդներուն յիշեցնելու համար, թէ 1915-ին, օսմանեան կառավարութեան որոշումով մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդուեցան Թուրքիոյ մէջ, ցեղասպանութեան ծրագրով: Հիթլեր, քաջալերուած թուրքերու ընթացքէն, ինքն ալ կազմակերպեց բնաջնջումը հրեայ փոքրամասնութեան, Գերմանիոյ սահմաններուն մէջ: Բայց եկաւ Նիւրենպերկի պատժական դատարանը, որ դատեց գերման պատասխանատուները: Հոս յարգելի բանախօսը յօդուածներ կարդաց Նիւրենպերկի դատարանի եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան օրէնքներէն:
Վերջին խօսողը եղաւ Յիսուսեաններու մեծաւոր հայր Սամի Քիւրի, որ յիշեց 1915-էն առաջ տեղի ունեցած ջարդերը Թուրքիոյ ներքին գաւառներու եւ Կիլիկիոյ մէջ, ուր օգնութեան եւ խնամքի կը կարօտէին աղէտեալները:
Դժբախտաբար, ընդհանուր պատերազմի հռչակումով, Յիսուսեան հայրեր ստիպուած` հեռացան Թուրքիայէն, եւ բազմաթիւ կրօնական հաստատութիւններ գոցուելով` չկարողացան օգտակար հանդիսանալ:
Գեղարուեստական բաժնին իր մասնակցութիւնը բերաւ Զեփիւռ Շանթ` «Կռունկ» եւ «Ծիծառնիկ» մեներգներով, դաշնակի ընկերակցութեամբ դաշնակահար Գոճեանի:
Վկայութիւններ
Ճեմալ Փաշան Եւ Հայ Որբերը
Թուրք հրապարակագիր Պուրհան Ֆելեք, խօսելով Լիբանանի մէջ կատարուած հայկական ցոյցերուն մասին, ապերախտ կը կոչէ հայերը այն մեղադրանքով, թէ սպաննած են Ճեմալ փաշան, որուն կը պարտին այսօրուան ցուցարարները իրենց դիրքը Լիբանանի մէջ:
Ես մէկն եմ այն ծնողազուրկ տղոցմէ, զորս հաւաքեցին անապատներէն` փաշային հրամանով եւ տարին Այնթուրայի դպրոցը, Պէյրութ: Մօտ 800 հոգի էինք, 10-14 տարեկան: Բոլորս կորսնցուցած էինք մեր հայրն ու մայրը, քոյրն ու եղբայրը: Մեզ կերակրեցին, խնամեցին ու գրել-կարդալու վարժեցուցին, բայց ի՞նչ նպատակով: Աստուծոյ հաճելի գործ մը կատարելո՞ւ համար. այն ատեն ինչո՞ւ սպաննեցին մեր ծնողները: Հանդարտեցնելո՞ւ համար իրենց խիղճը, հաստատելո՞ւ համար, թէ գթալ գիտեն, թէ՞ պարզապէս թրքացնելու համար մեզ, նոր ոճիր մը եւս` այս պարագան: Ցեղասպանութենէ տարբեր բա՞ն է միթէ սպաննել ծնողները եւ թրքացնել երեխաները` հետք կամ նշան չձգելու համար հայութենէն: Ասո՞ր համար երախտապարտ ըլլայինք Ճեմալ փաշային, ա՜յ պայ Պուրհան Ֆելեք:
Երբ կը յիշեմ այդ օրերը, զորս լացով եւ ողբով կ՛անցընէինք թրքական որբանոցներու մէջ` յիշելով մեր ծնողքին կորուստը, կը վստահեցնեմ «թրքական մարդասիրութեան» ախոյեան Ֆելեք էֆենտին, որ այս սեւ օրերուն մէկ սանթիմ արժէք չունէր կեանքը մեզմէ իւրաքանչիւրին աչքին առջեւ: Եթէ շատ մեծ մարդասիրութիւն է սպաննել հայր ու մայր, յետոյ հաւաքել երեխաները` ընծայելու համար Մոհամետին, կը մաղթեմ, որ ուրիշ պետութիւն մըն ալ մեզի ընէ նոյն բանը, Ֆելեք աղա:
Երբ անապատներէն հաւաքեցին մեզ եւ Այնթուրայի թրքական դպրոցը դրին, իրարու պատմեցինք մեր դժբախտութիւնները, մեծը պզտիկին պատմելով` չմոռցանք մեր ծագումը: Զո՜ւր անցան թուրքերուն փորձերը: Ճեմալ փաշան Պոլիսէն քսան օրիորդներ բերաւ, «թուրք հանըմներ», երկու զինուորական մարզիչներ: Ամէն օր դաս ու մարզանք: Անոնք ցերեկին մեզ թուրք կը դարձնէին, մենք ալ գիշերը դարձեալ հայ կ՛ըլլայինք` իրարու պատմելով մեր կեանքը:
Ժամանակ մը ետքը մեկնեցան զինուորականները: Մեզ դասարաններու բաժնած, տասնապետ ու քսանապետ նշանակած: Ես իմ դասարանիս քսանապետն էի, այսինքն «չաւուշ»:
Քանի մը անգամ Ճեմալ փաշան այցելեց մեր դպրոցը` ընկերակցութեամբ Խալիտէ Էտիպ հանըմին (թուրք գրագիտուհին): Շատ ուրախ էին` տեսնելով մեր յառաջդիմութիւնը: Կտրիճ պատանիներ էինք դարձեր արդէն: Բանակ պիտի ղրկէին մեզ, երբ սկսաւ թրքական նահանջը: Տեսանք խուճապը: Շերիֆին զինուորները, անգլիական բանակը, հայ կամաւորները կը մօտենային քաղաքին: Մենք կտրուած էինք աշխարհէն: Լուր չունէինք, թէ ի՛նչ կ՛անցնի կը դառնայ: Ետքը իմացանք, որ ծրագրուեր է մեզ թունաւորել, թոյն խառնելով մեր կերակուրներուն, որպէսզի վրէժխնդրութեան չդիմենք: Արաբ սպայ մը արգելք կը հանդիսանայ: Շատ չուշացաւ, Պէյրութ ազատագրուեցաւ, լոյս ծագեցաւ մեր հոգւոյն մէջ: Մեր դպրոցը կոչուեցաւ այնուհետեւ Ամերիկեան վարժարան:
ԼՈՒՍԱՐԱՐԵԱՆ