Հալէպահայ Կեանք
Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսի դիմումին ընդառաջելով` սուրիական ձայնասփիւռի տնօրէնութիւնը արտօնեց ձայնասփռումը Ս. Ծննդեան կրօնական յայտագիրը եւ քարոզը, որ տեղի ունեցաւ յունուար 6, չորեքշաբթի երեկոյ, ժամը 10:30-ին:
Ս. Ծննդեան շարականներ եւ Ս. պատարագի մասեր քառաձայն ձայնասփռուեցան Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Զուարթնոց» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ դպրապետ Գէորգ Սէրայտարեանի, սրբազան հօր հայերէն քարոզին արաբերէն թարգմանութիւնը անմիջապէս կատարուեցաւ` խոր տպաւորութիւն ձգելով բոլոր ունկնդիրներուն վրայ:
Փետրուար 14.- Կիրակի, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Մարաշի, Զէյթունի եւ շրջակայից նահատակներուն հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան` նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, որ իր քարոզով օրհնեց յիշատակը նահատակներուն:
Փետրուար 23.- Երեքշաբթի, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայական տօնին առիթով առաջնորդ սրբազան հայրը քահանայական պարզ զգեստով պատարագեց Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ` ներկայութեամբ բոլոր քահանայ հայրերուն, որոնք խնկարկեցին, սպասարկեցին Ս. սեղանին եւ երգեցին Ս. պատարագը:
Սրբազան հայրը հոգեշունչ քարոզով մը պատկերացուց Ղեւոնդ Երէցի կեանքը եւ զայն իբրեւ տիպար ներկայացուց քահանաներուն:
Ս. պատարագէն ետք հանդիսաւոր հոգեհանգիստ կատարուեցաւ նահատակեալ եւ վախճանեալ բոլոր հոգեւորականներուն համար:
Նոյն օրը կէսօրին ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ քահանայից սենեակին մէջ, ուր ուղերձ մը կարդաց Եագուպիէի հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Թաթարեան, խօսք առին Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քհնյ. Գէորգեան եւ Խորէն քհնյ. Ներսէսեան` դրուատելով առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսի ազգային եւ եկեղեցական գործունէութիւնը Բերիոյ թեմին մէջ եւ մաղթանքներ ըրին անոր առողջութեան եւ բարօրութեան համար:
Սրբազան հայրը շատ զգացուած` իր շնորհակալութիւնները յայտնեց քահանայից դասուն, որ իր բոլոր աշխատանքներուն մէջ գործակցած է, թելադրութիւններ ըրաւ նաեւ անոնց` տիպար քահանաներ ըլլալու համար:
Սրբազան հայրը իր անուան տօնին առիթով հոգեւոր պետերու, պաշտօնական մարմիններու, ուսուցչական կազմերու եւ ազգայիններու շնորհաւորութիւնները ընդունեց եւ ստացաւ նաեւ շնորհաւորական հեռագիրներ ու նամակներ:
Փետրուար 25.- Հինգշաբթի, Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առիթով, Հալէպի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր պատարագներ մատուցուեցան:
Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Ատոմ քհնյ. Քէհեայեան, արարողութեանց նախագահեց եւ քարոզեց առաջնորդ սրբազան հայրը:
Նոյն օրը, երեկոյեան Ս. Քառասնից Մանկանց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդէս մը` կազմակերպուած Համազգայինի կողմէ, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, գործադրուեցաւ պատշաճ եւ տպաւորիչ յայտագիր մը, բացման խօսքը կատարեց Պարգեւ Միսիրեան, խօսք առին Խորէն քհնյ. Ներսէսեան եւ Յարութիւն Նաճարեան, փակումը կատարեց սրբազան հայրը` պատկերացնելով Վարդանանց դիւցազնական ոգին, հանդէսը փակուեցաւ «Տէր կեցո՛» մաղթերգով:
Մարտ 7.- Կիրակի, առաջնորդ սրբազան հայրը Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ խուռն բազմութեան մը ներկայութեան քահանայ ձեռնադրեց դպրապետ, ուսուցիչ, տիրացու Յակոբ Մասոյեանը եւ զայն վերակոչեց Տ. Շահէ քահանայ:
Օծումէն ետք սրբազան հայրը տիպար քահանայի մը առաւելութիւնները բացատրեց եւ մաղթեց, որ Շահէ քահանան ըլլայ տիպար քահանայ մը, Ս. պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Ս. Գէորգ եւ Ս. Վարդան եկեղեցիներու խառն դպրաց դասերը, քառաձայն, ղեկավարութեամբ դպրապետ Յակոբ Աշակերտեանի, Տ. հայրը պիտի քահանայագործէ Հալէպի Էշրեֆիէ թաղի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ մէջ:
Ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակին առիթով երեք հայ հոգեւոր պետերը` Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, Գէորգ արք. Լայէքեան եւ վեր. Ներսէս Խաչատուրեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցան եւ որոշեցին ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչել առանց յարանուանութեան եւ գաղափարական խտրութեան, կազմուեցաւ կեդրոնական յանձնախումբ մը, որ արդէն աշխատանքի լծուած է:
Տեղեկացանք, թէ առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս ապրիլ ամսուան առաջին կիրակին` ապրիլ 4-ին, Ս. պատարագ պիտի մատուցէ Տէր Զօրի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ, ապրիլեան նահատակաց Ս. սեղանին առջեւ:
ԹՂԹԱԿԻՑ
8 մարտ 1965
Հալէպ, Սուրիա
