Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Ապրիլ 1965)

March 18, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նահատակաց Ոգեկոչումը
Հալէպի Մէջ

Հաղորդագրութիւն

Հալէպի Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական երեք համայնքներու պետերուն հրաւէրով, 10 փետրուար 1965-ին գումարուեցաւ միջյարանուանական խորհրդակցական ժողով մը, Ազգ. առաջնորդարանի դահլիճին մէջ: Ժողովը որոշեց միասնական ոգիով եւ համահայկական տարողութեամբ ոգեկոչել մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն անմոռանալի յիշատակը: Նշանակուեցաւ կեդրոնական մարմին մը` կազմակերպելու համար ոգեկոչումի սգատօները:

Կեդրոնական մարմինը եւ իրմէ բխած ենթայանձնախումբերը պատրաստեցին աւուր պատշաճի յայտագիր, որ պիտի գործադրուի հետեւեալ ձեւով.

Ա.- Ապրիլ 24, շաբաթ կէսօրէ առաջ, Ս. Քառասնից Մանկանց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

Բ.- Ապրիլ 24, շաբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Մէյտանի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ բակին մէջ, Կաթողիկէ Հայոց Ս. պատարագէն վերջ:

Գ.- Ապրիլ 25, կիրակի, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ:

Այսու կոչ կ՛ուղղենք մեր սիրելի ժողովուրդին` խուռներամ ներկայ գտնուելու Ս. պատարագներուն եւ յիշատակման ձեռնարկներուն` յարգելու համար բիւրաւոր նահատակաց խնկելի յիշատակը:

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԵՂԵՌՆԻ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ
ՀԱԼԷՊԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

 

Յուշատօնը
Լիբանանեան Մամուլին Մէջ

«Լը Սուար» ֆրանսատառ թերթը 16 ապրիլի իր թիւին մէջ երկու էջ լրիւ յատկացուցած է Մեծ եղեռնի յիսնամեակին` տալով փաստաթուղթեր, նկարներ, բանաստեղծութիւններ եւ պետական դէմքերու կողմէ կատարուած հաստատումներ:

Յատկապէս հրատարակած է ֆրանսացի գրագէտ, 1964-ի միջդաշնակցային մրցանակի տիրացած Ռընէ Ֆալէի մէկ քերթուածը` «Հայերը» խորագրով:

Խմբագրական սիւնակին մէջ, «Այս մեռելները պիտի չսպաննուին» խորագրով, «Լը Սուար» անժամանցելի կը նկատէ նահատակներուն յիշատակը` յիշելով վերածաղկումը հայ ժողովուրդին, որ այսօր կը պարծենայ համաշխարհային հռչակի տիրացած հայորդիներու գիտական եւ մշակութային նուաճումներով:

Տեղական գրեթէ բոլոր թերթերը արձագանգ կը հանդիսանան Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ կազմակերպուելիք յուշատօնին` համակրական տողեր նուիրելով հայ ժողովուրդին:

 

«Ապրիլ 24 Փողոց»
Տեսին Քաղաքին Մէջ

Կ՛իմանանք, թէ ապրիլ 24, շաբաթ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Տեսին քաղաքի (Ֆրանսա) եկեղեցիին մէջ տեղի ունենալիք պատարագէն ետք քաղաքապետը բացումը պիտի կատարէ քաղաքի մէկ փողոցի անուան տախտակին, որուն վրայ արձանագրուած է` «24 ապրիլ 1965 – Մասաքրը տէ զ՛Արմենիէն»: Այնուհետեւ այս անունով պիտի կոչուի նախկին «Պրանլին» փողոցը:

Տեսինի մեծ հրապարակին վրայ պիտի շինուի նաեւ ապրիլեան Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած կոթող մը:

 

Սուրբ Զատկի Տօնը
Լիբանանի Մէջ

Ապրիլեան Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ, ի յարգանս մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու հոգեւոր պետերուն միաձայն որոշումով ջնջուած էին զատկական բոլոր ընդունելութիւններն ու շնորհաւորութիւնները:

Եւ հաւատացեալ հայ ժողովուրդը տօնական այս օրերուն պահեց պատշաճ լրջութիւն եւ առաւել սիրով ու յարգանքով ամրապնդուած իր հոգեկան կապն ու հաւատարմութիւնը յայտնեց մեր նահատակներու անմահ յիշատակին:

Արտակարգ ջերմեռանդութեամբ եւ աննախընթաց բազմութեամբ ներկայ գտնուեցաւ Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկի սրբազան արարողութիւններուն:

18 ապրիլ, Ս. Զատկի կիրակին, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ քառաձայն երգեցողութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ աւուր պատշաճի, Մեծ եղեռնի եւ Ս. Յարութեան տօնը իմաստաւորող հոգեշունչ քարոզներ խօսուեցան:

Երկուշաբթի, 19 ապրիլ, յիշատակ մեռելոց: Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ բոլոր եկեղեցիներու մէջ:

Խուռներամ բազմութիւն մը անգամ մը եւս կարգապահութեամբ լեցուց Ֆըրն Շըպպեքի եւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուները:

 

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Մահասփիւռ Ռմբակոծումներ Եւ Ծանրագոյն Օրեր Պուրճ Համուտի Եւ Շրջակայքին Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.