Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Մարտ 1965)

Մարտ 10, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեանքը Խորհրդային Հայաստանի Մէջ

Ժողովուրդի մը հետաքրքրութիւնը իր հայրենիքին հանդէպ, պարզ խնդիր մը չէ անտարակոյս, այլ` բարդ հարց մը, ուր բազմաթիւ ազդակներ դեր կը կատարեն:

Նախ գոյութիւն ունի անշուշտ զգացական հետաքրքրութիւնը, սէրը, որ ընդհանրական է, իսկ մասնաւորաբար մեր ժողովուրդին նման արտասովոր եւ դժխեմ բախտի ենթարկուած հաւաքականութեան համար երբեմն առաջնահերթ դեր կը կատարէ, «մեր միակ յոյսն է, մեր փրկութեան ապաւէնն է, վերջապէս մեր հողն է» արդարացումներով, որոնք շատ բան կը ծածկեն աչքերէն կամ դատողութենէն այն մարդոց մանաւանդ, որոնք այդ «փրկութեան» շրջանին մէջ չեն ապրիր եւ ոչ ալ մտադրած են «փրկուիլ»:

Կան քաղաքական նկատառումներ, որոնք մեր Դատին իրագործման համար անհրաժեշտ կը գտնեն բնականաբար ազգային կազմակերպուած հաւաքականութեան մը գոյութիւնը:

Վերջապէս, հայրենիքի կարօտը, որ այնքան զօրաւոր բնազդ մըն է գրեթէ` այդ հողէն ծնունդ առած ըլլալու գիտակցութիւնը ունեցող ժողովուրդի մը համար:

Որովհետեւ մեր ակնարկը կը վերաբերի սփիւռքի հայութեան դիրքին` հայրենիքի նկատմամբ, աւելորդ է ըսել, թէ վերոյիշեալ զգացական տարրերը կամ «իրապաշտ մօտեցումը», ինչպէս կը յայտարարուի երբեմն, կարեւոր դեր կատարած են բազմաթիւ հայերու, նոյնիսկ կազմակերպութիւններու «դիրքաւորման» մէջ` Խ. Հայաստանի հանդէպ:

Առանց գաղափարական համակրանք ունենալու իսկ, բազմաթիւ հայրենակիցներ, լռելեայն կամ բացայայտ կերպով, ըսել ուզած են. եթէ կը սիրես հայրենիքը, պէտք չէ խօսիս անոր թերութիւններուն մասին, այլ գովես, գովաբանես  զայն:

Այս տարօրինակ «փիլիսոփայութիւնը» կրնայ անկեղծ զգացումէ մը բխած ըլլալ, սակայն չի դադրիր տարօրինակ ըլլալէ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս` երբ մեր սիրած կամ գնահատած անձը կը ներկայացնենք իր առաւելութիւններով միայն` առանց երբեք անդրադառնալու անոր մեծ տկարութիւններուն, որոնք սակայն ակնբախ կերպով ուշադրութիւն կը գրաւեն եւ, հետեւաբար, ծիծաղելի կը դարձնեն մեր գովքը:

Կը հաւատանք հայրենասիրութեան, կը հաւատանք, թէ հարկ է սիրել հայրենիքը, մանաւանդ` տարագիր ժողովուրդի մը կողմէ, եւ սիրել` «իր թերութիւններով ու տկարութիւններով հանդերձ»:

Սակայն այս սէրը եւ մեր բոլոր նկատառումները պէտք չէ հեռացնեն մեզ ճշմարտութենէն եւ իրականութենէն, որովհետեւ ոչինչ կրնայ արժէք ունենալ, եթէ հաստատուած չէ իրականութեան մը բոլոր կողմերը ճանչնալու գիտակցութեան մէջ:

Եւ մասնաւորաբար խորհրդային կամ սովետական կոչուղ աշխարհի իրականութիւնը ունի խաբէութեան այնպիսի երեւոյթներ, զորս կամովին անգիտանալը ուղղակի կը նուաստացնէ մարդը եւ զայն կը դնէ գրեթէ ուշադրութեան իսկ անարժան կացութեան մէջ:

Բազմաթիւ ուխտաւորներ կ՛այցելեն Խ. Հայաստան, եւ կը վերադառնան… Սակայն անոնցմէ քիչեր գիտակցութիւնը ունին ձերբազատուելու զուտ զգացական աշխարհի ճնշումէն, յայտարարելու համար ճշմարտութիւնը` տրամաբանութեամբ եւ անաչառ կերպով:

Այսպէս, քիչերէն մէկը, Նշան Խոշաֆեան, Պէյրութի «Սփիւռք» ոչ դաշնակցական շաբաթաթերթին մէջ (յունուար 13) հայրենիքէն վերադառնալով` կը գրէ իր տպաւորութիւնները:

«Այո, անգործ չկայ, բայց հագուստ, կօշիկ, գուլպայ, ասեղ-մատնոց ալ չկայ: Ո՞ւր կ՛երթայ այս բազմամիլիոն բանուորներուն աշխատանքին արդիւնքը: Աշխատողները շատ են, բայց որո՞նք են ուտողներն ու վայելողները: Գործարանները շատ են, բայց ո՞ւր կ՛երթան արտադրութիւնները: Արտերը ցանուած են, ո՞ւր է ցորենը: Հպարտ ենք, որ Հայաստանը ճարտարարուեստական հսկայ նուաճումներ կը կատարէ: Ունի ժամացոյցի, գուլպայի, կօշիկի, դաշնակի գործարաններ, բայց ժողովուրդը չունի ժամացոյց, գուլպայ, կօշիկ կամ դաշնակ»:

Այս… համլեթեան առեղծուածին բացատրութիւնը քիչ յետոյ կու տայ յօդուածագիրը, երբ կը յայտարարէ.

«Աշխատաւորին հաւաքական ճիգերը կը հալին գաղափարաբանութեան հսկայ կաթսային մէջ, որուն յատակին անդադար կը բոցավառի պրոպականտի կրակը: Այդ կաթսային պարունակութենէն կրնան օգտուիլ ափրիկեան երկիրները, Քուպան, Քոնկոն, չիները ու բարեկամ եւ թշնամի բոլոր ազգերը: Ուրիշներուն կը բաշխուի ձրի, առանց պայմանի` ըսելով.

– Առէք, մենք շատ ունինք, մեր կարգերուն տակ կը տիրեն ճոխութիւն ու բարգաւաճում:

«… Ամէն տեղ խաթարուած բան մը կայ, որ ժողովուրդին կեանքը վերածած է տաժանքի: Պատճառ դարձած է, որ անհատին մէջ մեռնի ոգեկանը, հոգիին մէջ երազը, ու զգացումներու մէջ` բոլոր գեղեցիկ յոյսերը»:

Այս վկայութիւնները կը կատարէ ոչ դաշնակցական հայրենակից մը, որ Երեւան այցելելէ ետք տեսած է ե՛ւ օփերան, ե՛ւ շուկան: Ծափահարած է թատրոնի ներկայացումը, եւ ցաւով դիտած է շուկայի մէջ բան մը գնելու համար հերթի կանգնած բազմութիւնները:

Մենք չենք ըսած եւ չենք ըսեր, թէ պէտք չէ սիրել հայրենիքը: Ընդհակառակն, հայրենի ժողովուրդը մեր խորունկ սիրոյն ու յարգանքին կ՛արժանանայ, այսպիսի անտանելի պայմաններու տակ շինելուն համար վաղուան հայրենիքը:

Սակայն չյիշել այդ նոյն ժողովուրդին կրած տառապանքը, չդատապարտել այս թշուառութեան պատասխանատու խորհրդային վարչաձեւը` ներելի չէ գիտակից մարդոց համար, ինչ որ ալ ըլլան իրենց զգացումները կամ գաղափարները «ազգային փրկութեան» մասին:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Մարսողական Դժուարութիւններ» Նիւթով

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In