Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Մարտ 1965)

Մարտ 20, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Ուխտաւորները

Լիբանանի հայութիւնը խանդավառութեամբ կը պատրաստուի մայիս 30-ի կիրակիին, երբ Անթիլիասի մէջ տեղի պիտի ունենայ միւռոնօրհնութեան հոգեպարար արարողութիւնը` Հայաստանեայց եկեղեցւոյ յատուկ աւանդական ծէսով եւ ժողովրդային բազմամբոխ մասնակցութեամբ:

Խանդավառութեան այս ալիքը կը ծաւալի ամէնուրեք, մանաւանդ` ներկայութեամբը ուխտաւորներու, որոնք Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր ափերէն կը ժամանեն Պէյրութ` ներկայ գտնուելու համար հայադրոշմ եւ բազմախորհուրդ այս արարողութեան:

Իսկապէս բացառիկ երեւոյթ մըն է ուխտաւորներու այս ալիքը, որ արհամարհելով ամէն հեռաւորութիւն, Ատլանտեանի ափերէն կը հոսի դէպի Լիբանան` բերելով բազմահարիւր հայեր, որոնք անմոռանալի պահեր ապրելու ներքին մղումով, սրտապնդիչ երկիւղածութեամբ մը իրենց որդիական հաւատարմութիւնը կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին:

Չենք խօսիր այլ գաղութներէ գալիք ուխտաւորներու մասին, որոնք պիտի ըլլան նոյնքան բազմամարդ եւ նոյն նուիրական արժէքներուն խնկարկու: Ամերիկայի ուխտաւորներու փաղանգը այլ նշանակութիւն ունի թէ՛ իր տարողութեամբ եւ թէ՛ այն անդրադարձներով, որ պիտի ունենայ ամերիկահայ կեանքին մէջ:

Այսպէս է հայ ժողովուրդը: Անիմանալի խորհուրդով մը երբեմն կ՛ունենայ այնպիսի ինքնաբուխ արտայայտութիւններ, որոնք կը կազմեն հայութեան կենսունակութեան գաղտնիքը եւ հնարաւորութիւն կու տան մեզի վստահութեամբ նայելու ապագային:

Մօտ չորս հարիւր ամերիկահայ ուխտաւորներու ներկայութիւնը անկասկած որ արտասովոր թափ մը պիտի տայ մեր գաղութի հանրային կեանքին: Անկախ միւռոնօրհնութեան արարողութենէն, բազմաթիւ միութիւններ եւ հաստատութիւններ կը պատրաստուին հայեցի ելոյթներով հաճելի եւ օգտակար դարձնել մեր ուխտաւոր հայրենակիցներու այցելութիւնը, հոգեկան վայելքի պահեր ապրելու առիթներ ընծայելով անոնց:

Բայց ինչ որ ամէնէն կարեւորն է, ամերիկահայ ուխտաւորները, Լիբանանի զուտ հայկական այս միջավայրին մէջ, ոչ միայն պիտի կրնան գոհացում տալ տարիներու իրենց երազին, այլ նաեւ հոգեպէս վերանորոգուած, թարմացած պիտի վերադառնան իրենց տուները` իրենց խանդավառութիւնն ու ապրումները փոխանցելով ամերիկահայ գաղութին, որ հոգեպէս կապուած է մեզի, շատ մօտ է այս գաղութին եւ իր հաստատութիւններուն` հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութեան:

Գաղութներու միջեւ ընդհանրական հաղորդումի այս իրողութիւնը, որ հետզհետէ ծաւալ կը ստանայ եւ յառաջիկայ տարիներու ընթացքին կրնայ աւելի լայն չափով կատարուիլ, մեր կեանքին ամէնէն խրախուսիչ երեւոյթներէն մէկն է եւ արժանի` ամէն քաջալերութեան:

Այնքան ատեն որ մեր գաղութները իրարմէ հեռու կ՛ապրէին, իրարու կեանքէն կտրուած, այնքան աւելի այլասերումի եւ ծիւրումի վտանգը կը սպառնար իրենց: Հիմա, հաղորդականութիւնը, որ ստեղծուած է մեր գաղութներուն միջեւ, ոչ միայն անոնց կեանքը երկարելու բնոյթ ունի, այլ նաեւ զօրացնելու հայկականութիւնը` նոր սերունդներու մէջ:

Այս իրողութեան առընթեր, նոյնքան նշանակելի երեւոյթ է Ազգային Ընդհանուր ժողովի գումարումը, որ պիտի կատարուի միւռոնօրհնէքէն անմիջապէս ետք, մասնակցութեամբ կիլիկեան թեմերու պատգամաւորներուն: Ամերիկահայ ուխտաւորներու հետ եկած են արդէն բազմաթիւ պատգամաւորներ` շփման մէջ մտնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ պատկան մարմիններուն հետ` հիմնական օրակարգ ունենալով կիլիկեան թեմերու միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերու ամրապնդումը` յօգուտ Հայաստանեայց եկեղեցիին եւ հայ ժողովուրդին:

Առիթը կ՛ունենանք տակաւին անդրադառնալու Ազգային Ընդհանուր ժողովին գումարման եւ այդ առթիւ կատարելու հաշուեկշիռը այս մեծ գործին, որուն ձեռնարկած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր հովանիին տակ գտնուող թեմերու ազգային կեանքին մէջ:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նոր Պաղ Պատերազմի Յորձանուտին Մէջ (Բայց` Կայուն Կողմնացոյցով)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?