Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Մարտ 1965)

Մարտ 23, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաստերը Կը Դատապարտեն
Հայկ. Ջարդերու Ականատեսները Կը Վկայեն

Հայկական ջարդերու մասին օտար ականատեսներու յուշերէն եւ ուսումնասիրութիւններէն քաղելով` ստորեւ կը ներկայացնենք կարգ մը վկայութիւններ.

Անգլիացի ականաւոր պատմաբան միջազգայնագէտ Առնոլտ Թոյնպի կը գրէ.

«Օսմանեան կառավարութիւնը չի կրնար իր յանցագործութիւնը քողարկել նախազգուշական միջոցառումներու անուան տակ… նման արդարացում մը ամբողջովին կը հակասէ փաստերուն:

«Այդ հայերը պատերազմական գօտիի մէջ չէին բնակեր: Ոչ մէկը այդ քաղաքներէն ու գիւղերէն, ուրկէ անոնք պարբերաբր դէպի մահ կը քշուէին, պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմին մօտ կը գտնուէր: Անոնց բոլորը Անատոլուի խորերը կը գտնուէին, հաւասարապէս հեռու Կովկասի սահմաններէն եւ Տարտանալէն:

«Հայերը հնարաւորութիւն չունէին համագործակցելու դաշնակից բանակներու հետ. նոյնքան անհնար էր անոնց համար ապստամբութիւն բանեցնել, քանի որ համախմբուած չէին մէկտեղ: Քաղաքացիական եւ զինուորական իշխանութիւնը անվտանգ կերպով կը գտնուէր թուրքերու ձեռքը:

«Պէտք է նորէն կրկնել, որ այդ քաղաքաբնակ հայերը իրենց բնութեամբ խաղաղ ու աշխատասէր մարդիկ էին, անվարժ զէնք գործածելու եւ անծանօթ վրիժառութեան գաղափարին»: («Հայկական սարսափները գրքէն, անգլերէն, Լոնտոն, 1916):

Ֆրանսացի անուանի հայագէտ-պատմագէտ Ֆրետերիք Մակլեր կը գրէ.

«Թուրք ղեկավարները գտան որ պահը յարմար է հայկական փափուկ հարցէն ընդմիշտ ազատուելու համար, հայերը ոչնչացնելու ճանապարհով:

«Թուրքերը կիրարկեցին ամենաբարբարոսական ձեւերը: Հետեւելով Պոլսէն ղրկուած հեռագիրներուն` հրաման տրուեցաւ բնակիչներուն հայերը տեղահանել այն շրջաններէն, որոնք, իբր թէ ռազմագիտական դիրքերու մօտ կը գտնուէին: Եթէ այդ նախազգուշութիւնը կրնար օգտակար նկատուիլ ռուսական սահմաններու մօտ գտնուող մարզերուն համար, բայց բոլորովին անիմաստ էր այդ սահմաններէն 700-1000 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող հայերու տեղահանութիւնը»: Հայ ազգը, անցեալը եւ դժբախտութիւնները գիրքէն, ֆրանսերէն, Փարիզ, 1923)

 

Յիսնամեակը Հայաստանի Մէջ

Երեւանի Եւ Այլ Քաղաքներու Փողոցները
Պիտի Կրեն Նահատակներու Անունները

Պիտի Տնկուին Մէկուկէս Միլիոն Ծառեր

Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ» Երեւանէն ստացած է հետեւեալ տեղեկութիւնները:

Ապրիլի սկիզբը լոյս պիտի տեսնէ «Էջմիածին» ամսագրի բացառիկ թիւը: Աշխատանքները կը սկսին վերակառուցելու համար մայր տաճարի Ս. Ստեփանոսի սեղանը, որ պիտի նուիրուի ապրիլեան նահատակներուն:

Պատրաստ է նաեւ յուշարձանին նախագիծը, որ պիտի կառուցուի մայր տաճարի հիւսիսային կողմը: Հիմնարկէքը պիտի կատարուի ապրիլ 24-ին:

Եղեռնի յիսնամեակը Հայաստանի մէջ պիտի նշուի հետեւեալ ձեւով:

Կառավարական որոշումով Երեւանի մէջ պիտի բարձրացուի մեծ յուշարձան մը, պիտի տնկուին  մէկուկէս միլիոն ծառեր: Երեւանի եւ այլ քաղաքներու փողոցները պիտի վերակոչուին նահատակ մեծ դէմքերու անուններով:

Զեկուցումներ եւ հանդիսութիւններ պիտի կազմակերպուին գիտական, մշակութային հիմնարկութեանց եւ հասարակական կազմակերպութեանց կողմէ:

Եղեռնի մասին զեկուցումներ պիտի կարդացուին բոլոր կարեւոր հիմնարկութիւններուն, կրթական հաստատութեանց գործատուներու եւ գիւղական ակումբներուն մէջ:

Պիտի հրատարակուին յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ թերթերու եւ ամսագրերու մէջ եւ գիրքեր ալ լոյս պիտի տեսնեն:

Ապրիլ 24-ի, շաբաթ օրը, մեծ ուխտագնացութեան մը պիտի կատարուի Կոմիտաս վարդապետի շիրիմին, իբրեւ խորհրդանիշը ապրիլեան նահատակներուն:

 

Հայկական Ջարդերու Շարժանկարը

Նիւ Եորքի Մէջ Առաջին Ցուցադրութեան
Ներկայ Եղած Են Կիպրիանու Եւ Իր Կինը

Տիկ. Կիպրիանու Կու Լայ…

Նիւ Եորքէն Լեւոն Քէշիշեան 13 ապրիլ թուականով կը գրէ մեզէ.

«Յիսնամեակի ոգեկոչումը ՄԱԿ-ի մէջ շարժանկարի առաջին ցուցադրութեան ներկայ եղան` Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Սփիրոս Կիպրիանու կինը եւ Կիպրոսի պատուիրակութենէն անդամներ, ինչպէս նաեւ` Եղեռնի յիսնամեակի Կեդր. Յանձնախումբի ատենապետ փրոֆ. Սեդրակ Մինաս, որ Պոսթընէն մասնաւորապէս եկած էր, Ալիս Մարկոսեան` Սփրինկֆիլտի յիսնամեակի յանձնախումբի անդամ, շարժանկարին արտադրիչ-ղեկավարը` Լեւոն Քէշիշեան:

Այս խօսուն ու հարազատ շարժանկարը (22 վայրկեան) ցուցադրուեցաւ Լարս Չոմպըրս սթիւտիօ»-ին մէջ. յայտնի շուէտացի արուեստագէտը խմբագրած է այս գործը:

Շարժանկարը ցուցադրելէ ետք Կիպրիանու շնորհաւորեց յիսնամեակի յանձնախումբը` այսպիսի արժէքաւոր փաստական ժապաւէն մը պատրաստած ըլլալուն համար ու մասնաւորապէս գնահատեց Լեւոն Քէշիշեանին աշխատանքը: Թոյնպիի յայտարարութիւնը եւս շատ հաւնեցաւ: Խնդրեց, որպէսզի իրեն օրինակ մը տրուի: Փրոֆ. Սեդրակ Մինաս յանձնախումբին անունով օրինակ մը նուիրեց իրեն ու յանձնախումբին անունով կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց իր կորովի յայտարարութեան համար` ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ:

Ջարդերու տեսարաններուն ատեն տիկ. Կիպրիանուի աչքերէն արցունքներ կը հոսէին. «փուշ-փուշ եղայ» ըսաւ:

Կիպրիանու ըսաւ, թէ յիսնամեակի շարժանկարը պիտի ցուցադրուի Նիկոսիոյ պատկերասփիւռի կայանէն, եւ խնդրեց, որ օրինակ մը Յունաստան ղրկուի:

Այս շարժանկարը կը պարունակէ պաշտօնական խօսքը յիսնամեակի` փրոֆ. Սեդրակ Մինասի կողմէ: Կը ցուցադրուին ջարդերու հարազատ նկարները: Կը ցուցադրուին նահատակ գրագէտներ` Զօհրապ, Խաժակ, Վարուժան, Վարդգէս, Կոմիտաս, Սիամանթօ, եւ այլն: Նաեւ ոճրագործները` Էնվեր, Թալէաթ, Ճեմալ, Էնվերի հեռագիրները, վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանը: Կը յաջորդեն ՄԱԿ-ի 25, 26, 26 յունուարի ժողովներ, երբ Կիպրոսի նախարարը կորովի յայտարարութեամբ մը ոգեկոչեց յիսնամեակը: Թուրք Էրքին, Օրհան Էրալփ  ՄԱԿ-ի նախագահ Ալեքս Քէյան-Սաքի: Փրոֆ. Առնոլտ Թոյնպի կը վերջացնէ` «Չյաջողեցան ոչնչացնել հայերը»:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Աստուած Միշտ Մի Դուռ Բացում Է. Հայ Ժողովրդի Համար Այդ Դուռը Դաշնակցութիւնն Է

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?