Ճեպել Տրիւզի Հայ Գաղութը
Նախ քանի մը հակիրճ ամփոփ տեղեկութիւններ` տիւրզիներու մասին: Տրիւզցիք կը վերագրեն իրենց ծագումը Ֆաթիմեանց, որոնք Եգիպտոսի վրայ իշխեցին Պենի Թուլունի տիրապետութենէն ետք: Ֆաթիմեանց ամէնէն մեծ ու հռչակաւոր արքան եղաւ Ապութամիմ Մուրատ, որ գահը բարձրացաւ 969-ին, նուաճեց Եգիպտոսը, իր մայրաքաղաքը Գահիրէն ըրաւ` հիմնելով` ֆաթիմեանց իշխանութիւնը, որոնք իրենց անունը փոխ առին իսլամաց մարգարէին Ֆաթիմա դուստրէն: Տիւրզի աղանդին առաջին հիմնադիրը եղաւ Ֆաթիմեանց երրորդ թագաւորը` Մանուր-Ալ-Օպէյտի` Ալհաքեմ-Պի Ամրիհի մականուածը: Ասիկա 996-ին գահը ելաւ մետասնամեայ հասակին մէջ` իշխելով մինչեւ 1020: Իր գլխաւոր առաքեալն եղաւ պարսիկ մը` Մոհամետ-Պին-Իսմայէլ-Ալ-Տիւրզին, որ իր անունը տուաւ տիւրզիներուն:
Ճեպել Տրիւզ կը գտնուի Դամասկոսի հարաւ-արեւելքը:
Ճեպել Տրիւզի հիւսիս-արեւմուտքը կայ Էլ-Լիւճէ կոչուած բարձրաւանդակը իսկ հիւսիս-արեւելքը` Սաֆա կոչուած բլրակները:
Նահանգին կեդրոնն է Սուէյտա, որ հետզհետէ կը բարգաւաճի: Կարեւոր աւաններն են` Պեհպա, ուր կը գտնուին հռոմէական հնութիւններ: Սալխաթ նշանաւոր է իր հին բերդով: Ինչպէս ըսինք, կարեւոր հնութիւններու երկիր է: Այժմ կարելի է հանդիպիլ հռոմէական բերդերու մնացորդներու եւ ջրաբաշխական հրաշալիքներու: Տարածութիւնն է մօտ եօթը հազար քառակուսի քիլոմեթր: Կ՛ապրին գիւղերու մէջ եւ կը զբաղին երկրագործութեամբ: Կան նաեւ քրիստոնեայ գիւղեր, որոնք շատ հին ծագում ունին եւ կը պահեն իրենց տիպարը:
Տիւրզիները որպէս ժողովուրդ քաջ, ռազմասէր, ժուժկալ ու պատուախնդիր են:
Հայ գաղութի ծագումը կը սկսի հայ տարագրութեան եւ ֆրանսացիներու հոս ներկայութենէն ետք: Հետզհետէ արհեստաւորներ կու գան եւ լաւ ընդունելութիւն կը գտնեն ժամանակի մը ընթացքին: 1936-ին, մօտ 80-90 ընտանիքներ արդէն տեղաւորուած էին: Այս տարի, բացուեցաւ մանկապարտէզ մը, ունեցաւ 60-70 ուսանող-ուսանողուհի փոքրիկներ` մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով:
Կազմուեցաւ հոգաբարձութիւն` բաղկացած եօթը հոգիէ, ատենապետութեամբ` տոքթ. Յովհաննէս Քաղթացեանի: 1942-ին բացուեցաւ վարժարան մը եւս, հայ ազգային Պօղոս Նուպար Առաքելեան անունով, ՀԲԸ Միութեան կողմնակիցներու ջանքով եւ վայելեց Դամասկոսի առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը, շատ քիչ աշակերտներով: Բացուեցաւ պայքար: 1944-45 կարելի եղաւ համերաշխել եւ կազմել նոր հոգաբարձութիւն մը: Դպրոցը կոչուեցաւ Նուպարեան հայ ազգային վարժարան, 1943-ին: Երկու կողմերու համաձայնութեամբ կազմուած հոգաբարձութեան նախագահն է Բիւզանդ Եագուպեան, ատենապետ` Սամսոն Տեմիրճեան, ատենադպիր` Գրիգոր Շիրանեան, գանձապահ` Կարպիս Թերզեան եւ խորհրդականներ` Նազար Ճերմակեան եւ ուրիշներ: Դպրոցը ունեցաւ նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի բաժնին մէջ 73-78 աշակերտ եւ աշակերտուհի: Տեղւոյն Հայ օգնութեան խաչի վարչութիւնը քաջալերեց տեղի ունեցած համերաշխութիւնը եւ կրկնապատկեց դպրոցին մէջ ունեցած իր սաներուն կրթաթոշակը: Դպրոցը բոլորեց խաղաղ եւ բեղուն շրջան մը:
Սուրիահայ օգնութեան խաչ.- Հայախօս եւ սակայն քիչ դպրոցի երես տեսած երիտասարդ կին մը կար` Վարդանուշ Գալեմքերեան, ծնեալ` Ենովքեան, տոքթ. Յ. Քաղթացեանի ատենապետութեամբ 1937-ին կազմած էր Օգնութեան խաչը եւ ստեղծած` լաւ շարժում մը կիներու, աղջիկներու եւ նոյնիսկ այրերու մէջ: Եռանդուն, կորովի եւ թշուառներու անմիջապէս օգնութեան հասնող այս տիպար հայուհին, իր օրինակելի վարք ու բարքով, շահեցաւ անխտիր համակրանքը բոլորին: Եղաւ ընտանեկան օթեւանին անբիծ հոգին, ամուսնոյն սփոփանքն ու հաւատարիմ ընկերուհին:
Եղան մայրեր, որոնք յանուն ազգի ու սերունդի փրկութեան գոյութեան պայքարը տարին իրենց ֆիզիքական ու բարոյական բոլոր միջոցներով: Երբ ինկան օտար ափեր, մարմնով եւ հոգիով յոգնատանջ, իրենց տարիքէն առաջ ծերացան ու եղան ճերմակ մազերու տէր: Նորէն շարունակեցին իրենց սուրբ գործը եւ եղան նոր օրերու հողմացրիւ հայ օճախներու սրբութիւնն ու օրհնութիւնը: Այդ օրինակելի տիպար կիներէն էր Վարդանուշ:
Տոքթորին Սուէտիայէն հեռանալէ ետք ինքն էր ատենապետուհին: Իր 25 տարուան անխոնջ ծառայութիւնը անկարելի է մոռնալ: Ահա կին մը, որ արժանի է գնահատութեան: Դամասկոսի մէջ, նորոգ հանգուցեալ Վարդանուշին դառն մահը ողբալէ ետք, անոր մեզի ձգած յիշատակովն է, որ պիտի ապրինք այսուհետեւ եւ պիտի յիշենք զինք:
Գ. Գ. ԳՈՒՏՈՒԼԵԱՆ
1965 փետրուար 12
Շթորա