Եղեռնի Յիսնամեակը
Արաբական Մամուլին Մէջ
Պէյրութի «Ժարիտա» ամէնէն տարածուն եւ ազդեցիկ արաբատառ թերթի 14, մարտ 1965-ի թիւին մէջ, «Հերոսներու ոգեկոչում» խորագիրով, Ճեմիլ Ալուֆ ստորագրութեամբ հրատարակուած է գեղեցիկ յօդուած մը, որուն ամփոփումը կու տանք ստորեւ.
Բարեկամս Սերոբ սուգի մէջ է…
Սերոբ հայորդին, բեռնակիրներու փիլիսոփան, արդէն թեւակոխած է 109 տարին, կ՛ապրի Զահլէ եւ միշտ ուսին կը կրէ հնամաշ տոպրակը, որ կը ծառայէ ապահովելու անհրաժեշտ ծխախոտն ու շիշ մը օղին:
Բարեկամս Սերոբ սգաւոր է…
Կէս դարու տխուր յիշատակներ կ՛ալեկոծեն իր հոգին: Վերջերս իր զրոյցները անցեալէն են միշտ: Մէկ ձեռքը հաշմանդամ այս մարդը, կը զգաս, որ մաս կը կազմէ ազնուական ժողովուրդի մը, որ ազատութեան եւ անձնական բարեկեցութեան փոխարէն նախընտրեց հատու սուրն ու կախաղանի չուանը:
Աչքերու գունաթափ բիբերուն ընդմէջէն կը զգաս ներկայութիւնը բիւրաւոր նահատակներու, ճակտին` արծիւը, իսկ դէմքին առիւծներ:
Քայլերուն հետ կը լսուի երգը հերոսներուն, որոնք կասեցուցին Թալէաթ փաշաներու վայրի գնացքը: Հերոսներ, որոնք կը տոկան հալածանքներուն եւ կ՛արհամարհեն դաժան մահը, ծարաւն ունին ազատութեան, եւ անոնց յիշատակը յաւերժական է: Անոնց ուրուականը կը շրջի ամբողջ Արեւելքի մէջ եւ իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ կը հիւսէ հեքիաթ մը անսովոր, որուն վրայ ժամանակը չի կրնար իր ստուերը տարածել:
Բարեկամս Սերոբ կը թօթափէ փոշիներն այն պատկերներուն, զորս փորած են օսմանցիները իր սրտին եւ հաշմանդամ ձեռքին վրայ, մասնակցելու համար նահատակներու զաւակներուն հետ, յառաջիկայ ապրիլ ամսուն, ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ոգեկոչման յիսնամեակին:
Իւրաքանչիւր հայ պիտի գիտնայ մոռնալ յարանուանական եւ այլ հարցեր այս սրբազան յիշատակին առջեւ եւ ամբողջ ամիս մը պիտի ապրի իր նահատակներու յիշատակով, Փոքր Ասիոյ ոլորտներուն մէջ:
Հայերը խնդրարկու չեն մարդկութեան` հրեաներու նման, եւ վաճառքի չեն հանած իրենց սրբազան արիւնը: Կը գոհանան յիշեցնելով մարդկային խղճմտանքին, թէ ինչպէս օսմանցիները իրենց սուիններով եւ կախաղաններով հոսեցուցին մէկ միլիոն նահատակներու արդար արիւնը, հերոսնե՜ր, որոնք իրենց անսահման քաջութեամբ հայ ժողովուրդը վերածեցին օրինակելի ազգի մը:
Ճերմակ Մեխակները
Անակնկալ մըն է սա կողովը, որուն մէջ գեղեցիկ, ճերմակ մեխակներ կան: Երկտող մը կը ճշդէ առաքողը, նաեւ` առիթը առաքման:
Այնքան խորհրդալից է կողովը որպէս երեւոյթ, որ կ՛արժէ զանց ընել հասցէները, կարենալ ընդհանրացնելու համար խորհրդածութիւնները կարելի չափով լաւատեսօրէն ու ներքին մեծ գոհունակութեամբ:
Ահա՛ գիրը.-
– «Ուսուցիչներու օր»-ուան առթիւ, թաղականութիւնը կը շնորհաւորէ ձեր գիտակից եւ նուիրուած աշխատանքը մեր զաւակներուն դաստիարակութեան գործին մէջ:
Ձեր առաքելութիւնը եւ կոչումը մեծ է, վսեմ է, նուիրական է ամուր կառչած մնացէք ձեր իտէալին եւ ձեր հաւատքին:
«Մեծ գործաւոր մըն է վարժապետ»-ը:
Ձեր ընտրած ասպարէզը ձեզ պիտի առաջնորդէ փառքի եւ պատիւի»:
Իրապէս «վարժապետ»-ները միայն կրնան գոհունակութեան ամբողջական սարսուռով դիմաւորել անակնկալը եւ ըմբռնել «չտեսութիւնը», որ կրնայ տանիլ մինչեւ անգամ հրապարակային վերլուծումի:
Ինչո՞ւ: Իրապէ՞ս աննախընթաց է այս: Բնական եւ պարզ չէ՞: Ի՞նչ կայ տարօրինակ:
Վարդերու եւ մեխակներու կողովները այնքա՜ն յաճախ կը լեցուին ու կը պարպուին ամուսնութենէ-ամուսնութիւն, կոչունքէ-կոչունք, շնորհաւորումէ-շնորհաւորում, բեմէ-բեմ:
Նորօրինակ ի՞նչ կայ «օրուան մը առիթով» ճերմակ մեխակնե՜ր ստանալուն մէջ:
Կա՛յ պատճառ:
Ու այնքան հիմնաւոր ու մեծ, որուն թուումը մանրամասն եւ ամբողջական, առանձինն կրնայ գի՛րք լեցնել:
Մարդկային ընկերութեան այս դասակարգը որքա՜ն տխուր ապրեցաւ: Զինուորականութիւնը` ինչպէս, եկեղեցականութիւնը` ինչպէս, պետական պաշտօնէութիւնը` ինչպէս, ու շարքը բոլոր «ութիւն»-ներուն` ինչպէս, եւ ինչպէս`… ուսուցչութի՛ւնը:
Հարցը երբե՛ք նիւթական անկիւնէն առած եմ այնքան, որքան բարոյական արժեւորումի երեսէն:
Համեմատաբար զինուորականութեան` ոչ իսկ տասնապետ, համեմատաբար եկեղեցականութեան, հազիւ ժամկոչ, պաշտօնատարութեան յետի՛նը,- արհամարհուած, լքուած դասակարգ:
Կոխկռտուած մանաւանդ` տէրերո՛ւն կողմէ:
Նեղ սահմանագծումով մը, այս անգամ զուտ մեր ազգային կեանքին մէջ.- տա՛նք անունը Պարոնեանին, ու վերջացնենք:
Ու այս մթին հաստատումներու վերջաւորութեան` կողով մը, ճերմակ մեխակներով…
Շա՛տ է փոխուեր դարը, ու եթէ անկումնե՛ր կ՛արձանագրէ շատ յաճախ, սակայն տեղ-տեղ, ունի լոյսի բարակ ճառագայթումներ:
Լիբանանի որոշումը «ուսուցչի օր» ունենալու, տակն ու վրայ ըրաւ քաղաքակիրթ աշխարհը, որ յայտարարեց իր մամուլով.- փոքր երկրի մը մեծ իմաստութիւնը, որ կրնայ օրինակ ծառայել մեզի:
Կրկին մե՛ր սահմաններուն մէջ, ահաւասիկ կողով մը մեխակի, սիրոյ, գուրգուրանքի, յարգանքի՛:
Գիտակցութեան եւ արժեւորումի՛:
Ինչպէ՞ս չհրճուիլ, չուրախանալ, չճչա՛լ:
***
Ինչպէ՞ս, նաեւ, տրուած պատիւին արժանի մնալու կամ արժանանալու կիրքով գործին չփարիլ:
«Գիտակից ու նուիրուած» աշխատանք չփաստել, ինչպէ՞ս:
«Մեծ, վսեմ, նուիրական» կոչումի, առաքելութեա՛ն գիտակցութիւնը չգիրցնել կուրծքերու տակ, ինչպէ՛ս:
Թաղականութիւն մըն է, որ իր ուսուցիչներո՛ւն կ՛ըսէ այս բոլորը, համոզումո՛վ:
Եւ վարժապետներուն տառապանքը ի՞նչ էր մինչեւ այսօր, արդէն.-
Քաղցր խօսքի մը սփոփանքը` նիւթականէն շա՛տ առաջ:
Փառքի գնացք մը չէ այս, բնա՛ւ:
Փառքը եւ պատիւը միջոց մը կրնան ըլլալ իրաւ ուսուցչին համար, երբե՛ք նպատակ:
Փառքի եւ պատիւի զգայնութի՛ւնը սակայն, պիտի կարենայ այս ասպարէզին շուրջ հաւաքել փառքի եւ պատիւի արժանաւորութիւն ունեցող երիտասարդութիւնը:
Գաղափարական ասպարէզ է ուսուցչութիւնը եւ այդ չափին մէջ իսկ կարելի էր փթթեցնել զայն, շա՛տ երկրորդականօրէն քննելով հարցը «հացի» ճամբով:
Թող խայտա՛ն ուսուցչապետերը իրենց գերեզմանին մէջ:
Ողջերուն ղրկուած ծաղկեփունջերը ծաղկեպսակներ են նաեւ ու մանաւանդ իրենց շիրիմի՛ն:
Հոտի՜ն վարդերը, ու ստացողները արժանի՛ ըլլան անոնց, ի փառս տակաւ հասակ առնող սերունդներուն, առողջ, գաղափարակա՛ն, տոկո՛ւն, նկարագիր ունեցող,
Ու ի փառս առաջին ուսուցչին, Մեսրոպի՛ն:
ՈՒՍՈՒՑԻՉ ՄԸ