Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Մարտ 1965)

Մարտ 5, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նշանաւոր Հայեր Ամերիկայի Մէջ

Հայ Մը Իր Հայրենիքին
Մանրանկարը Կը Պատրաստէ

64 տարու հայ մը, որ Ամերիկա գացած է 41 տարի առաջ, ներկայիս կ՛օգտագործէ իր հանգստեան թանկագին ժամերը իր հայրենիքին սրբազան մասունքներու մանրանկարները կառուցելով իր պարտէզին մէջ:

1950-էն ի վեր, բնիկ վանեցի Ենովք Տէր Յակոբեան իր ժամանակը տրամադրած է յաւիտենականութեան յանձնելու հայ քրիստոնեայ եկեղեցիի ճարտարապետական գոհարները, որոնք կը ներկայացնեն քրիստոնէական պատմութեան ամենահարուստ եւ ամենախնկելի աւանդութիւններէն մէկը: Այս ձեւով ան վերստեղծած է հայկական վեց եկեղեցիներ ու վանքեր: Այս եկեղեցիները ճշգրիտ կրկնանկարներն են իրականներուն, ուր կը տեսնուին բոլոր մանրամասնութիւնները, սիւները, զանգակատուները, կամարները, խաչերը, դռները եւ ապակեայ պատուհանները:

Ներկայիս ճերմակահեր ծերունին կ՛աշխատի 10-րդ դարու կառուցուած Աղթամարի եկեղեցիին վերարտադրութեան վրայ: Արուեստագէտը մասնաւոր շահագրգռութեամբ կը մօտենայ այս նմուշին, որովհետեւ իսկական եկեղեցին կառուցուած է Վանի մօտ, եւ ուր իր հայրը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ քահանայ ձեռնադրուած է:

Տէր Յակոբեան կը բացատրէ, թէ իր հայրենակիցները զանազան քաղաքներէ իրեն կը ղրկեն գրքեր, գծագրութիւններ եւ պատկերներ այն շինութիւններէն, որոնց կրկնապատկերը պատրաստելու աշխատանքին լծուած է:

Ան ամէն բանէ առաջ Եոնքըրզի իր տան գետնայարկին մէջ կը սկսի պատրաստել խաւաքարտէ մաքեթը կառուցուելիք շինութեան: Ապա չափերն ու համեմատութիւնները յստակացնելէ ետք, խաւաքարտէ զանազան մասերու բաժնելով` անոնց վրայ կը պատրաստէ իսկական շինութեան կտորները: Ընդհանրապէս իր շինութիւնները կ՛ունենան 1.5 մեթր բարձրութիւն եւ մէկով մէկուկէս մեթր յատակագիծ:

Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին Ենովք Տէր Յակոբեան, ամերիկացի միսիոնարի մը օգնութեամբ, մեկնեցաւ իր ծննդավայրէն եւ մեծ վտանգներէ անցնելով Պոլիս հասնելէ ետք 1923-ին նաեւ բարձրացաւ երթալու համար Պոսթըն:

Ինչ որ կը ծրագրէր հօրը ճանապարհով կղերական մը դառնալ, պայմաններու բերմամբ ստիպուած կ՛ըլլայ աշխատելու քաուչուկի գործարանի մը մէջ: Տեսնելով, թէ կարելի չէ կղերական դառնալ, ան կը յիշէ հօրը խրատը, որ ժամանակին թելադրած էր իրեն իր մէջ մշակել արուեստագէտի իր կարողութիւնները: Ենովք հետեւեցաւ արուեստի գիշերային դպրոցի մը դասերուն: 1930-ին ան կը դառնար ամերիկացի քաղաքացի:

1946-ին Տէր Յակոբեան կը փոխադրուի Նիւ Եորք` աշխատելու համար զինկոկրավիւրի հաստատութեան մը մէջ:

Տէր Յակոբեան լաւ երգող մը եղած է մինչեւ տասը տարի առաջ: Հայկական բոլոր հաւաքոյթներուն մասնակցած է եւ` երգած: Շրջան մը այնքան ժողովրդական եղած են իր երգերը, որ անոնցմէ մի քանին սկաւառակի վրայ արձանագրել տուած եւ եկամուտը բարեսիրական նպատակներու յատկացուցած է:

Իր բնակարանին պատերէն կախուած բազմաթիւ իւղանկարները կը փաստեն, թէ ադ մարզին մէջ ալ ան եղած է տաղանդաւոր անձ մը: Ան իր գործերը ցուցադրած է զանազան առիթներով, սակայն քանի մը տարիներէ ի վեր ան իր ամբողջ ժամանակը յատկացուցած է հայրենիքի մանրանկարի պատրաստութեան:

Տէր Յակոբեան կատարած է նաեւ կարգ մը փորագրութիւններ: Մետաղեայ խոշոր տախտակի մը վրայ ան փորագրած է իր կեանքի եւ հաւատքի պատմութիւնը: Տախտակին մէկ մասին վրայ կը տեսնուի յարութեան պատկեր մը, որ նուիրուած է իր հօր եւ մօր: Այլ մէկ մասին վրայ կը տեսնուի Վանի իր յաճախած դպրոցին եւ եկեղեցիին նկարը, ինչպէս նաեւ` իրենց տունը: Ամբողջ տախտակը նուիրուած է «1915-ին մահացած անթիւ հայ մարտիրոսներուն, ինչպէս նաեւ` իր ծնողքին յիշատակին»:

Ներշնչուած հայկականութեան ոգիէն` ան իր տան ետեւը գտնուող պարտէզին մէջ պատրաստած է Վանի համայնապատկերը ներկայացնող բնական տեսարան մը: Հիանալի դաշտանկար մը օժտուած մանրանկար լիճերով եւ բլուրն ի վեր հոսող ջուրերով: Լիճերն ու առուակները ջուրը կը ստանան բարձր ընդունարանէ մը, որ միշտ կը լեցուի մղիչ մեքենայի մը միջոցաւ, որ վարը հաւաքուած ջուրերը վեր կը մղէ: Համայնապատկերին վրայ կ՛իշխեն զոյգ Արարատները, որոնք շինուած են բնական ժայռերէ:

Վերջերս Տէր Յակոբեան չորս էյքըրնոց հողամաս մը գնած է Քորնուէլի, Քոնեքթիքըթի մէջ, ուր կը ծրագրէ կառուցել նոր տուն մը` աշխատատեղիով: Ճամբուն մօտը գտնուող հողամասին վրայ պիտի զետեղէ իր մանրանկար եկեղեցիները, որոնք տեսանելի պիտի ըլլան բոլորին կողմէ:

ԱՏԴ

Ներքին Կեանք

Տասը Տարի Ետք Պէյրութ
Անճանաչելի Պիտի Դառնայ

Կրան-Թէաթրի Եւ Պուրճի Արեւելեան Մասի
Թաղերը Ամբողջովին Պիտի Վերաշինուին

Մայրաքաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի աշխատանքներու յանձնախումբը վաւերացուց քաղաքի կեդրոնական թաղամասի Ղալղուլի եւ Պուրճի հրապարակի արեւելեան մասին գօտիներուն բարեզարդման ծրագիրը, որ պատրաստուած է Պէյրութի քաղաքի մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդին կողմէ: Ծրագիրը յառաջիկայ երեքշաբթի պիտի փոխանցուի քաղաքապետական խորհուրդին` վերջնականապէս վաւերացուելու համար:

Այս ծրագրին նպատակն է բարեզարդել Պէյրութի սրտին վրայ գտնուող երկու թաղամասեր` Սէյֆի, Պուրճի հրապարակին արեւելեան կողմը, եւ Ղալղուլ` Ռիատ Սոլհ հրապարակի հարաւը: Յղացուած են երկու հսկայական կառոյցներ, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքին կեդրոնը օժտել ճարտարապետական յարմարագոյն ամբողջութեամբ, իւրաքանչիւրը 50.000 քառակուսի մեթր տարածութեամբ:

Շնորհիւ սեփականազրկումներու` պիտի կազմուին իւրաքանչիւրը 5000-8.500 քառակուսի մեթր տարածութեամբ հողամասեր

Փարքինկ 7000 Ինքնաշարժներու Համար

Ծրագիրը կը նախատեսէ.

– Ստորերկրեայ յարկեր, իւրաքանչիւր թաղամասի ամբողջ տարածքին վրայ եւ քառայարկ, ուր պիտի կրնան տեղ գտնել 7000 անձնական ինքնաշարժներ, 800 թաքսի-սերվիսներ եւ 200 օթոպիւսներ:

– Կապ մը` երկու թաղամասերուն միջեւ եւ մուտքի ու ելքի ճամբաներ:

– Մասնաւոր յարդարումներ, որպէսզի քաղաքին կեդրոնը չխճողուի:

Շինութեանց մաս պիտի կազմեն.

– Առեւտրական կեդրոններ եւ գրասենեակային շէնքեր, պանդոկներ եւ զբօսավայրեր, նամակատուն, ժողովրդային թատրոն մը` Սէյֆի թաղամասին համար:

– Առեւտրական կեդրոններ եւ գրասենեակային շէնքեր, սակարան եւ դրամատնային հաստատութիւններ, համագումարներու պալատ, ազգային թատրոն` Ղալղուլ թաղամասին համար:

Ծրագրին իրագործումը տեղի պիտի ունենայ ի գործադրութիւն քաղաքաշինական օրէնքի 19-րդ յօդուածին, որ կը նախատեսէ ընկերակցութիւնը հանրային վարչութեան եւ կալուածատէրերուն` գործադրելու համար քաղաքաշինական ծրագիրներ, առանց սեփականազրկումներու պատճառելիք մեծ ծախսերուն:

Երեք Հանգրուաններ

Գործողութիւնը պիտի կատարուի երեք հանգրուաններով.

1965-1967.- Վարչական ձեւակերպութիւններ եւ սեփականատէրերու պարպում:

1968-1970.- Կազմուած նոր հողամասերու աճուրդով վաճառում:

1968-1975.- Նոր ճամբաներու, յարդարումներու եւ հանրային հրապարակներու ծրագիրներու գործադրութիւն: Վերաշինութիւն նոր հողամասերու, ըստ յատակագծի:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Ալմա Եոհանսոն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?