Խմբագրական
Յունաստանի Տագնապը
Յունաստան բախտորոշ օրեր կ՛ապրի: Տագնապը, որ ծայր տուաւ վարչապետ Փափանտրէուի հրաժարումով` իբրեւ հետեւանք ծերունի հանրապետականին եւ երիտասարդ վեհապետին միջեւ ծագած լուրջ տարակարծութիւններու, հետզհետէ ծանրացաւ` սպառնալով խախտել հիմերը սահմանադրական միապետութեան, որուն շուրջ միակամութիւն չի տիրեր դժբախտաբար հելլէն ժողովուրդին մօտ:
Անկախ ներկայ տագնապին դրսերեւոյթներէն, ընթացիկ ցոյցերէն եւ յեղափոխական արտայայտութիւններէն, որոնք ամիսէ ի մը վեր կը փոթորկեն յոյն քաղաքական հրապարակը, անոր տուն տուող բուն պատճառները չեն խուսափիր քաղաքական դէտերու ուշադրութենէն` անորոշութեան մէջ ձգելով վարչական ապագան երկրի մը, որ որեւէ ատենէ աւելի ներկայիս պէտք ունի իր բոլոր զաւակներուն միահամուռ վճռականութեան, յատկապէս` Կիպրոսի կնճռոտ հարցին լուծման համար:
Պօղոս թագաւորին մահէն ետք, երբ գահ բարձրացաւ Կոնստանդին երիտասարդ թագաւորը, Յունաստան կը գտնուէր իշխանութեանը ներքեւ աջակողմեաններու, որոնք Քարամանլիսի ղեկավարութեան ներքեւ անախորժ կացութիւն մը ստեղծած էին երկրին մէջ` հանրային գործերուն հանդէպ ցոյց տրուած անփութութեամբ մը:
Քարամանլիս, որ իբրեւ միահեծան տէր, իւրայատուկ բռնատիրութիւն մը հաստատած էր երկրին մէջ, սկսած էր վախ պատճառել արքայական ամոլին: Պօղոս եւ Ֆրետերիքա շուքի մէջ կը մնային անհատականութեանը առջեւ մարդու մը, որ բարդոյթներ չունէր եւ արմատական Ազգային միութեան կուսակցութիւնը վերածած էր անձնական գործիքի մը: Ֆրետերիքա թագուհիին Անգլիա այցելութիւնը ճարպիկ ռազմավարութիւն մը եղաւ պալատին կողմէ` հրաժարելու պարտադրանքին տակ դնելով Քարամանլիսը:
Բայց, «աջակողմեան այդ ամբոխավարէն» ձերբազատելով` ինկաւ ձեռքը «ձախակողմեան ամբոխավարի» մը` Ժորժ Փափանտրէուի: Խորքով չափաւորական մը, որ սակայն, պայմաններու բերումով հարկատու ձախերու օժանդակութեան, դարձաւ երկրորդ Քարամանլիս մը պալատին համար` հակադիր կողմէն:
Քառասնամեայ պայքարէ մը ետք իշխանութեան վերադարձող այս մարդը կրնար շատ բան փոխել Յունաստանի քաղաքական կեանքին մէջ` սանձելով թէ՛ աջին եւ թէ՛ ձախին ախորժակները: Աջերը տակաւին կը գտնուէին անօրինակ պարտութեան մէջ ազդեցութեան տակ, շշմա՛ծ: Ձախը սկսած էր գլուխ ցցել: Փափանտրէու իր ժողովրդականութեան հմայքով կրնար առողջ ուղղութիւն մը տալ հանրային գործին: Չուզեց կամ չկրցաւ: Դանդաղեցաւ: Պալատը, որ Քարամանլիսէն ձերբազատելէ ետք նոր վտանգ մը տեսաւ Փափանտրէուի մէջ, կազմակերպուեցաւ, եւ երբ Փափանտրէու փորձեց ձեռք առնել բանակը, շատ ուշ էր:
Մնացեալը ծանօթ է: Այսօր կատարեալ խառնարանի մը վերածուած է յոյն քաղաքական կեանքը: Ու Փափանտրէու, որ այնքան ուժգին պայքար կը մղէ, շատ հաւանաբար չկարողանայ յստակօրէն պատկերացնել իր յաղթանակէն ետք ստեղծուելիք կացութիւնը:
Ողբերգութիւնը կը սկսի այս կէտէն: Յունաստանի ապագայով մտահոգ բարեկամ երկիրներու համար, որոնք այլ հաշիւներ եւս կը մտցնեն իրենց ծրագիրներուն մէջ, Հելադայի քաղաքական կայունութիւնը անհրաժեշտ տարր մըն է արեւմտեան աշխարհի հաւաքական պաշտպանութեան շրջագծին մէջ:
Յոյն ժողովուրդը, որուն մէջ ազգային արժանապատուութիւնը իր գերագոյն աստիճանին հասած է, պէտք է անպայման լուծում մը գտնէ ներկայ տագնապին, որուն երկարաձգումը վտանգաւոր անդրադարձներ կրնայ ունենալ ազգային թէ միջազգային գետնի վրայ:
Միջին լուծում մը, իրաւախոհութիւն մը, երեւոյթները փրկող կարգադրութիւն մը, հոգ չէ թէ` առժամեայ, կրնայ որոշ հանդարտութիւն բերել եւ խաղաղեցնել փոթորիկը:
Այս ուղղութեամբ մեծ դեր ունի կատարելիք Փափանտրէու: