Հայ Կեանք
ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ 6-րդ
Պատգամաւորական Ժողովը
«Ասպարէզ» (9 յուլիս) կը գրէ.-
Քալիֆորնիոյ շրջանի 6-րդ Պատգամաւորական ժողովը, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, իր աշխատանքները լրացուց յուլիս 5-ին, մեծ յաջողութեամբ:
Պատգամաւորական ժողովին ներկայ եղան եւ ողջունեցին` Կարօ Սասունի եւ տոքթ. Ատուր Գապագեան:
Յուլիս 3, շաբաթ երեկոյեան, «Ռոստոմ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ եւ բացման հանդէս` ատենապետութեամբ Կարօ Գավաֆեանի, պատուոյ նախագահութեամբ տոքթ. Ա. Ինճեճիկեանի:
Ճառեր խօսեցան` Յակոբ Մանճիկեան (ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կ. կոմիտէին կողմէ) եւ Ա. Ամուրեան («Ասպարէզ»-ի):
Երգ ու նուագով մասնակցեցան` Լուսի Իսրայէլեան (երգ), Շուշիկ Վարդանեան (դաշնամուր), Ճոնի Մադաթեան (դաշնամուրի մենանուագ):
Հանդէսը պսակուեցաւ խանդավառութեամբ:
Վեց Նորագիրներ
Ֆրեզնոյի մեր պաշտօնակիցը յուլիս 13-ի թիւով կը հաղորդէ.
ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ շրջանի 6-րդ Պատգամաւորական ժողովին, կիրակի, յուլիս 4-ի նիստին ներկայացան վեց նորագիր ընկեր-ընկերուհիներ, որոնք հանդիսաւոր երդում տուին` կնքահայրութեամբ Կարօ Սասունիի, որ ոգեպնդիչ խօսքով բացատրեց այն վեհ գաղափարները, որ Դաշնակցութեանն են եւ` այն դժուարին ճամբան, որ պիտի կտրէ ամէն դաշնակցական:
Նորագիրները, խանդավառ, կը կազմեն «Լեւոն Շանթ» կոմիտէութիւնը, Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանակին մէջ:
Լոս Անճելըս
Մեսրոպեան Վարժարանին Շէնքը
Կը Բարձրանայ
Հայրենակից մը, որ Ֆրեզնոյէն Լոս Անճելըս մեկնած էր եւ հոն այցելած` «Մեսրոպեան» վարժարանի կառուցուող շէնք, հիացումով եւ մեծ հրճուանքով կը նկարագրէ, որ շէնքին առաջին յարկը արդէն կառուցուած է եւ այժմ երկրորդ յարկին կառուցումն է, որ կը կատարուի:
Դպրոցը պիտի ունենայ 12 դասարան, արդիական բոլոր յարմարութիւններով եւ պիտի ունենայ նախակրթարանի երեք դասարաններ:
Արեւելեան Լոս Անճելըսի մէջ այժմ կ՛ապրի հոծ հայութիւն մը, որուն զգալի տոկոսը կը կազմեն տարիներ առաջ Գերմանիայէն եկած մեր տարագիր հայրենակիցները, որոնց եռանդուն ջանքերուն շնորհիւ` գնուեցաւ «Մեսրոպեան» վարժարանին հողամասը, 50 հազար տոլար արժողութեամբ:
«Մեսրոպեան» վարժարանին շէնքը պատրաստ պիտի ըլլայ յառաջիկայ օգոստոսին, եւ դպրոցը պիտի բանայ իր դռները սեպտեմբեր 15-ին:
Վիճակահանութեան տոմսերը հրապարակ հանուած են Ս. Մեսրոպի պատկերով եւ մէկ տոլար արժողութեամբ:
Մինչեւ օգոստոս 15-ի դաշտահանդէսը այս տոմսերը սպառած պիտի ըլլան:
Ներքին Կեանք
Պէյրութի Նոր Շուկան Պիտի Շինուի
Նահրի Պողոտային Վրայ
Երկրագործութեան նախարար Ալի Արապ աւարտեց Պէյրութի նոր շուկային վերաբերեալ յատակագիծերու ուսումնասիրութիւնը: Երկրագործութեան նախարարութեան մօտ, Նահրի պողոտային վրայ, Նաքուրա – Պէյրութ, Թրիփոլի երկաթուղիի կայարանին այժմու վայրը որոշուած է նոր շուկան շինելու համար: Յատակագիծները Արապի կողմէ փոխանցուեցան վարչապետութեան:
Նոր շուկայի շինութիւնը որոշուեցաւ բազմաթիւ նկատառումներով: Այժմու շուկան շատ նեղ ըլլալով` որեւէ դիւրութիւն չ՛ընծայեր մեծաքանակ գնումի եւ վաճառքի համար: Չի լրացներ նոյնպէս մեր օրերուն պահանջուած առողջապահական պայմանները եւ զուրկ է արդիական հաստատութիւններէ: Վերջապէս, Պէյրութի ընդարձակումը անհրաժեշտ կը դարձնէ շինութիւնը նոր շուկաներու, որոնք օժտուած ըլլան արդիական սարքաւորումներով եւ հնարաւոր դարձնեն մթերումն ու վաճառքը` միսի, ձուկի, պանիրի, կարագի, կաթնային արտադրութիւններու եւ այլն:
Հողը պէտք է բաւական ընդարձակ ըլլայ, որպէսզի կառուցուելիք շուկան ապագային կարելի ըլլայ ընդարձակել: Այլապէս, քանի մը տարի ետք, ան ալ նեղ պիտի գայ:
Նախարարութիւնը երկու կարելիութիւն ունէր` նոր շուկան շինել Քարանթինայի մէջ 23 հազար քառ. մեթր տարածութեան մը վրայ, կամ ալ` երկրագործական նախարարութեան մօտ գտնուող պետական հողին վրայ: Ի վերջոյ, երկրորդ հողամասն է, որ ընտրուեցաւ, որովհետեւ 100 հազար քառ. մեթր տարածութիւն ունի, կը գտնուի հաղորդակցութեան գլխաւոր ճամբաներուն մօտ եւ շատ հեռու չէ քաղաքի կեդրոնէն: