Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Յուլիս 1965)

Յուլիս 14, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Ամերիկայի Շրջանի 72-րդ
Պատգամաւորական Ժողովին Առթիւ

Յուլիս 3-ին փակուեցաւ ՀՅԴ Ամերիկայի շրջանի 72-րդ Պատգամաւորական ժողովը, հնգօրեայ արդիւնաւոր աշխատանքներէ ետք: Այս առթիւ, նորընտիր Կ. Կոմիտէն մամուլին յանձնած է հետեւեալ յայտարարութիւնը:

Ազատատենչ հայութեան եւ մեր ընկերներուն, ՀՅԴ Ամերիկայի շրջանի 72-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 29 յունիս – 3 յուլիսի յաջորդական հինգ օրերու ընթացքին, Տիթրոյիթի մէջ (Միշ.):

Եղեռնի 50-ամեակի յայտնի գործունէութեան ճամբով, ու այդ առթիւ ստեղծուած ընդհանուր ոգեւորութեան մթնոլորտի մը մէջ, հայութեան եւ Հայ դատի ծառայութեան իր ուխտին մէջ աւելի քան երբեք հաստատակամ, ՀՅԴ Ամերիկայի կազմը, 68 կոմիտէներու կամքը արտայայտող ընտրեալ պատգամաւորներով, համապատասխան գիտակցութեամբ եւ ազգային թէ քաղաքական մարզերու մէջ նո՛յն թափով մեր ժողովուրդի ընդհանրական շահերը պաշտպանելու անվերապահ պատրաստակամութեամբ, հանգամանօրէն քննութեան նիւթ դարձուց շրջանիս միամեայ իրագործումները, ապա նաեւ, մեկնելով այն բոլոր ստիպողութիւններէն, որոնք կը բխին հայ ժողովուրդի տարասփիւռ կեանքէն եւ հայութեան հաւաքական պահանջներէն, մշակեց ծրագիրը 1965-1966 կազմակերպական տարեշրջանի իր առաջադրութեան` անոնց իրագործումը վստահելով նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէին:

Հնգօրեայ իր ժողովներուն ու այդ առիթով թեր ու դէմ արտայայտուած կարծիքներու, տեսակէտներու եւ առաջարկութեանց ընդհանուր բնութագիծը եղաւ ու մնաց ա՛յն, որ`

1.- Հայ ժողովուրդի ընդհանրական կեանքին մէջ, այսօր ալ (ինչպէս եօթանասունեւհինգ տարիներէ ի վեր) ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը մնայ ծառայութեան եւ նուիրումի առաքելութեան սահմանուած ազգային եւ քաղաքական այն կազմակերպութիւնը, որուն բազմաճիւղ գործունէութեան ուժ ու ներշնչում կու տայ նո՛յնինքն հայ ժողովուրդը` իր տենչերով եւ իրաւունքներով, իր խոցերով ու նուաճումներով, իր անմիջական պահանջներով ու ապագայ հաւանական ստիպողութիւններով:

Ի՛նչ որ ալ ըլլան նոր պայմանները, ի՛նչ արտաքին եւ յարաբերական դժուարութիւններ ալ որ ստեղծուած ըլլան հայութեան հանրային եւ քաղաքական կեանքին մէջ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ազգային եւ ընկերային դաւանանքով կոչուած է եւ ի վիճակի կը մնայ անշեղօրէն հետապնդելու հիմնական իրաւունքներն ու հանգանակները ամբողջական հայութեան:

2.- Անցնող տարուան կազմակերպական կենսունակութիւնը, հայ քաղաքական դատի եւ ազգային իրաւունքներու արծարծման հետամտութեամբ, եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ ծրագրուած ու անդուլ աշխատանքը անարձագանգ եւ ապարդիւն չի մնար, եւ թէ` յատկապէս ՀՅԴ Ամերիկայի կազմը կը գտնուի բարոյական պարտաւորութեան տակ` նո՛յն զօրեղ թափով ցնցելու մեզ շրջապատող ժողովուրդներու խիղճը, ծանօթացնելու մեր ժողովուրդն ու իր Դատը` քաղաքակիրթ աշխարհին, ու մանաւանդ` զգացնելու, թէ ո՛չ մէկ հայ հաշտուած է եւ կամ կրնայ հաշտուիլ համակերպումի գաղափարին հետ, այնքան ատեն որ պատմականօրէն անժխտելի իրաւունքներ ունի, եւ` այդ իրաւունքները հաւաքական ուժով հետապնդելու վճռակամութիւնը:

3.- ՀՅԴ Ամերիկայի շրջանը, միաձոյլ ու միասիրտ, աւելի քան երբեք կը հաւատայ ներքին կազմակերպական ուժին. համոզուած է գործնապէս, թէ գեղեցիկ գաղափարներն ու հայրենասիրական ոգին պէտք ունին Դաշնակցութեան կառոյցին, աւանդութիւններուն եւ բարոյական սկզբունքներուն ընդհանրական մէկ նկարագիրը կազմող կարգապահական գիտակցութեան: Հարկ է այս հասկացողութիւնը տարածել նաեւ շարքերէն դուրս, հաւաքականօրէն ներդաշնակ միութեան մը վերածել ու ջանալ, որ Եղեռնի 50-ամեակին առիթով ստեղծուած հայրենական եւ սփիւռքեան ընդհանուր ոգեւորութիւնը դառնայ համահայկական գիտակցութիւն մը, հաւատոյ ընդհանուր հանգանակ մը:

Այս երեք հիմնական կէտերով յատկանշուող 72-րդ Պատգամաւորական ժողովը, միակամ ու ներդաշնակ, խանդավառ ու հաստատակամ, յանգեցաւ եզրակացութիւններու, որոնք, փոյթ չէ թէ ծանր ու պատասխանատու յանձնառութիւններու տակ դրած ըլլան նորընտիր Կեդր. կոմիտէն, վստահօրէն պիտի մղեն մեր կազմակերպութիւնը նոր ու կենսունակ աշխատանքի, արդիւնաւոր ճիգերու եւ անսակարկ զոհաբերութեան` ի նպաստ հայ ժողովուրդի ու անոր Դատին:

Կը հաւատանք, որ մեր երէց թէ երիտասարդ ընկերական շարքերու կողքին, ու բովանդակ արտասահմանի մէկ ծագէն միւսը, ազատատենչ հայութիւնը պիտի շարունակէ հաւատք ունենալ անփոփոխելի մեր իտէալներու վերջնական իրագործումի կարելիութեանց մասին. պիտի ուզէ եւ վճռէ թեւ տալ ՀՅ Դաշնակցութեան, զօրավիգ կանգնիլ անոր բոլոր նախաձեռնութիւններուն ու մանաւանդ` աներեր ու անզիջող մնալ հաւաքական իր վճռակամութեան մէջ` չյուսահատելու եւ չընկրկելու արտաքին եւ յարաբերական բոլոր դժուարութեանց առջեւ:

Մէ՛կ է մեր դաւանանքը. «Միացեալ հայրենիք` Միացեալ հայութեամբ»: Ու նո՛յնն է մեր հանգանակը. «Ազատ ու անկախ»:

Անխա՛խտ է մեր հաւատքը: Հայութիւնը, ո՛ւր որ ալ ապրի, ի՛նչ կարգերու տակ ալ որ ապրի, ի՛նչ պայմաններու տակ ալ որ ապրի, վճռած է Տէր դառնալ իր իրաւունքներուն, որոշած է ապրիլ իբրեւ իր ազգային արժանապատուութեան տէր Ազգ, եւ ո՛չ թէ` մարդկային բազմութիւն:

Անփոփոխելի է մեր ուխտը` ծառայել հայրենիքին, ծառայել հայութեան:

ՀՅԴ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷ

 

Ներքին Կեանք

Ի՞նչ Պիտի Ըլլան Թուրքիոյ Մէջ
Լիբանանի Կալուածները

Հայերուն Պատկանող Հարստութեանց Համար
Լիբանան Լա Հէյի Ատեանին Պիտի Դիմէ

Թուրքիոյ մէջ լիբանանեան կալուածներուն խնդիրը հետզհետէ կը բարդանայ Անգարայի կառավարութեան ժխտական դիրքին պատճառով:

Օսմանեան կայսրութեան օրով լիբանանցիք Թուրքիոյ մէջ ունէին 300 միլիոն լ. ոսկի արժէքով կալուածներ (հող ու շէնք): 1914-18 պատերազմի վախճանին թուրք կառավարութիւնը գրաւեց այդ կալուածները առանց հատուցում վճարելու տէրերուն: Անկէ ի վեր բանակցութիւններ (առկախուած եւ բազմիցս վերսկսած) տեղի ունեցան Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, բայց երկու կողմերուն գոհացում տուող արդիւնքի մը կարելի չեղաւ յանգիլ:

Նախարարաց խորհուրդի նախագահութեան ուղղուած յուշագրով մը արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաստատէ, թէ Անգարայի կառավարութեան դիրքը` Թուրքիոյ մէջ լիբանանեան կալուածներուն առնչութեամբ դրական չէ, հակառակ այն իրողութեան, որ լիբանանեան կառավարութիւնը յարգեց իր բոլոր յանձնառութիւնները Լիբանանի մէջ գտնուող թրքական կալուածներու վերաբերմամբ, եւ այս` 29 սեպտեմբեր 1962 թուականին կնքուած համաձայնութեան մը հիման վրայ:

Ցաւալին այն է մանաւանդ, կ՛ըսէ յուշագիրը, որ թրքական կողմը առկախեց ամէն բանակցութիւն` Թուրքիոյ մէջ լիբանանեան կալուածներուն մասին, երբ լուծարքի ենթարկեց Լիբանանի թրքական կալուածները եւ գանձեց անոնց փոխարժէքը:

Ուստի, կը շարունակէ յուշագիրը, արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նկատէ, որ լաւ պիտի ըլլայ առիթ մը տալ Անգարայի իշխանութիւններուն, որպէսզի որոշ պայմանաժամի մը մէջ նոր առաջարկներ ներկայացնեն Թուրքիոյ մէջ լիբանանեան կալուածներուն մասին, բացի այն կալուածներէն, որոնք կը պատկանին հայերուն, այս վերջինները 1914-1924 շրջանին գաղթած ըլլալով: Այս վերջին խնդիրը առկախ պիտի ձգուի, մինչեւ որ կարելի ըլլայ գնահատել հայերու կալուածներուն արժէքը:

Այն պարագային, երբ թուրք կառավարութիւնը տրամաբանական պայմանաժամի մը ընթացքին գոհացուցիչ կարգադրութիւն մը չառաջարկէ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը գտնէ, որ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ դիմել Լա Հէյի Միջազգային ատեանին եւ պահանջել լիբանանցիներուն հատուցումը Թուրքիոյ մէջ իրենց կալուածներուն համար, նկատի ունենալով նաեւ հայերու կալուածները, եւ այս` Լօզանի դաշնագրին հիման վրայ:

Եզրակացնելով` արտաքին գործոց նախարարութեան յուշագիրը նախարարաց խորհուրդէն կը պահանջէ քննել այս հաւանականութիւնը եւ ըստ այնմ որոշում մը տալ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Անկրկնելի Հալէպը. Երբեմնի «Դպրոցներ»-ը … Ժողովրդային Գրադարանները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?