Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Յուլիս 1965)

Յուլիս 23, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուսումնական Արեւելում
(Վերատեսութեան Մը Անհրաժեշտութիւնը)
Բ.

Նախ եւ առաջ իրողութիւն է, որ հայ ժողովուրդի գրական ու մշակութային կապերը շատ հին են եւ խորարմատ` ֆրանսական մշակոյթին ու լեզուին հետ:

Ամբողջ գրականութիւն մը, արեւմտահայ գրականութիւնը, վերջին հարիւրամեակին, շատ մը մարզերու մէջ, կարելի է ըսել, իր սնունդը ստացած է ֆրանսական մշակոյթէն, նոյնիսկ  արեւմտահայերէնը, իր զարգացման ու բիւրեղացման մէջ, շատ բան կը պարտի նոյնպէս ֆրանսերէնին:

Մէկ օրէն միւսը, գրչի մէկ հարուածով, կարելի չէ ուրեմն այսքան խոր կապեր խզել մշակոյթի մը հետ, որ դեռ այսօր ալ բազմաթիւ ժողովուրդներու համար իբրեւ ներշնչման սնուցիչ աղբիւր կը ծառայէ:

Երկրորդ, նաեւ Լիբանանը, մեր երկրորդ հայրենիքը, մշակութային, գրական, լեզուական ու մտաւորական շատ սերտ կապեր կը մշակէ Ֆրանսայի հետ: Փաստօրէն ֆրանսերէնը այս երկրին մէջ գրեթէ երկրորդ պետական լեզուն է:

Այս իրողութիւնը աւելի եւս ցայտուն կը դառնայ, երբ անգամ հարեւանցի ակնարկ մը նետենք այս օրհնեալ երկրի մամուլին, մշակութային կեանքին, խորհրդարանին եւ պետական պաշտօնատուներու մէջ յաճախ գործածուող լեզուին վրայ:

Լիբանանը ֆրանսական արեւելում ունի նաեւ ու մանաւանդ` կրթական ճակատի վրայ: Այսպէս, մեր քաղած վիճակագրական տուեալներուն համաձայն:

Ներկայիս Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունին պետական 1048 նախակրթարան եւ 225 երկրորդական վարժարաններ: Ընդամէնը` 1273 կրթական հաստատութիւն: Այս վարժարաններուն 95 առ հարիւրը լիբանանեան պետական ուսումնական ծրագիրը կը կիրարկէ ֆրանսական ուսումնական ծրագրի հիման վրայ, արաբական առարկաներուն զուգահեռ:

Նաեւ` Լիբանանի պետական համալսարանին մէջ, արաբերէնէն ետք, գլխաւոր, գրեթէ միակ լեզուն ֆրանսերէնն է:

Աւելի՛ն. այս երկրին մէջ կը գործեն նաեւ անձնական կոչուած 1240 նախակրթարան եւ 216 երկրորդական վարժարաններ: Ընդամէնը` 1456 կրթական հաստատութիւն: Այս վարժարաններուն 75 առ հարիւրը նոյնպէ՛ս կը կիրարկէ ֆրանսական ուսումնական ծրագիրը, պետական ուսումնական արաբական ծրագրի կողքին:

Այժմ, ի՞նչ կ՛ըսեն մեզի այս թիւերը: Այս թիւերը մեզի այն կ՛ըսեն, թէ Լիբանանը, իր կրթական ու մշակութային կեանքին մէջ, ունի ֆրանսական արեւելում կամ օրիանտացիա, ինչպէս կ՛ըսեն Հայաստանի մէջ:

Տրուած փաստերը բաւական խօսուն են ինքնին, որպէսզի միանգամ ընդմիշտ ըմբռնենք միաժամանակ, թէ իբրեւ հարազատ քաղաքացիները` լիբանանեան ազատ հայրենիքին, իրատեսօրէն եւ գործնապաշտ ոգիէ առաջնորդուելով, ի՛նչ ուղղութեամբ պէտք է ընթանայ նաեւ մե՛ր կրթական գործը ընդհանրապէս:

Այս փաստերը աւելի եւս ուսանելի կը դառնան, երբ նկատի ունենանք, որ մօտ ապագային համալսարաններու մուտքի քննութիւնները պիտի ջնջուին Լիբանանի մէջ, եւ ուսանողները համալսարան պիտի ընդունուին միայն լիբանանեան պաքալորէայով:

Ա՛լ չենք խօսիր մանկավարժական եւ ուսումնական այն առաւելութիւններուն մասին, որ ֆրանսական ուսումնական ծրագիրը կ՛ընձեռէ ամերիկեան ծրագրին բաղդատմամբ:

Անցողակի ճշդենք միայն, թէ ամերիկեան ուսումնական ծրագիրը, ինչպէս ե՛ւ խորհրդայինը, կ՛առաջնորդուի առաւելաբար զուտ օգտապաշտ ոգիով: Համեմատաբար աւելի մակերեսային է եւ հիմնապէս աւելի միակողմանի բնոյթ ունի:

Մինչ ֆրանսական ուսումնական դրութիւնը աւելի դասական է իր էութեամբ ու ոգիով եւ կը ձգտի իմացական որոշ տիսիփլինով ու սիստեմով եւ մտաւոր աւելի լայն հորիզոնի եւ զարգացման աւելի խոր պաշարի տէր սերունդներու պատրաստութեան:

Եւ չմոռնալ, որ երկրորդական վարժարաններուն բուն նպատակը ընդհանուր զարգացումով օժտել է մատաղ սերունդները, տրուած ըլլալով, որ կրթական աւելի բարձր հաստատութիւններու մէջ ուսումը աւելի մասնագիտական բնոյթ ունի:

Յամենայն դէպս, եթէ մեր զաւակները պիտի ապրին այս երկրին մէջ, եւ պիտի ապրին անտարակոյս, այսպէս կամ այնպէս, մեկնողներուն համար չեն մեր վարժարանները, նաեւ գործնական մտահոգութիւններէ մեկնելով, պարտաւոր ենք կիրարկելու նաեւ ֆրանսական ուսումնական ծրագիրը, պետական վարժարաններուն օրինակով, որպէսզի մեր տղաքը  աւելի լայն հնարաւորութիւններ ունենան կեանքի մէջ յաջողելու, լաւագոյնս շաղուելու լիբանանեան ընկերային ու մշակութային կեանքին եւ արժանաւորապէս ծառայելու մեր երկրորդ հայրենիքին, իբրեւ անոր հարազատ ու նախանձախնդիր քաղաքացիները:

Այսուհանդերձ, հեռու մեզմէ այս անգամ ալ հակառակ ծայրայեղութեան մէջ իյնալու ամէն միտում:

Այս տողերուն նպատակը այն չէ, որ այս անգամ բոլորովին լքենք ամերիկեան ուսումնական ծրագիրը եւ կիրարկենք միայն ֆրանսերէնը, ինչ որ հաւասարապէս սխալ մեկնակէտէ մը ճամբայ ելլել պիտի նշանակէր:

Ի՞նչ ընել ուրեմն: Ընե՛լ այնպէս, որ ստեղծուի ու կիրարկուի Արիստոտելի Ոսկեայ Միջինը:

Կարգադրել այնպէս, որ մեր վարժարաններուն գոնէ կէսը աւանդէ ֆրանսերէնը եւ կիրարկէ ֆրանսական ուսումնական ծրագիրը, պետական վարժարաններուն օրինակով, իսկ միւս կէսը, դարձեալ պետական ու անձնական վարժարաններու օրինակով, կիրարկէ ամերիկեան ուսումնական ծրագիրը:

Այսպէս պէտք է տնօրինել, տրուած ըլլալով, որ նոր սերունդները, գործնական մեր մտահոգութիւններէն անկախ, հաղորդակից պիտի ըլլան օտար մշակոյթներուն, իսկ եւրոպական մշակոյթը առանցքը կը կազմէ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մշակոյթներուն ու քաղաքակրթութեանց նաեւ այսօր…

Յամենայնդէպս ֆրանսերէնը, առնուազն իբրեւ լեզու, պէտք չէ լքուի մեր վարժարաններուն կողմէ:

Այս մտահոգութեանց հիման վրայով ալ պէտք է վերատեսութեան ենթարկել մեր կրթական գործի ներկայ կացութիւնը եւ վերադասաւորել մեր ուսումնական ծրագիրը:

(ՎԵՐՋ)

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Մարիա Շարափովա

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In