Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Օգոստոս 1965)

Օգոստոս 5, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միութենականները

Սիրելի՛ ընթերցող,

Ամէն նոր պարբերութեան առջեւ «կան, որ»  աւելցուր, ապա կարդայ: Կրկնութեան անմահութենէն խուսափելու ձեւ մըն է այս: Ամէն ինչի նորոյթը կայ եղեր, ինչո՞ւ չըլլայ գրելո՛ւ նորոյթը (եթէ Փիքասոյի նկարչութիւնը գրական սեռի ալ վերածողները նկատի չառնենք):

Ուրեմն սկսինք:

Միութեան մը անդամ եղեր են, բայց անդամատետր չունին:

Միութեան մը անդամատետրը ունին, բայց ա՛յդ միութեան ակումբին դուռը ո՞ւր կը գտնուի, չեն գիտեր:

Միութեան ամէն ինչը ունին` բացի այդ միութեան անդամավճարի… ստացագիրէն, իրենց անուն մականունով:

Միութեան ամբողջ գաղտնիքը գիտեն` բացի ա՛յդ միութեան ծրագիր-կանոնագիրէն: Այդ պատճառով ալ շատ յաճախ, երբ կը վիճին իրենց միութիւնը պաշտպանելու համար, իւղ կը լեցնեն… մրցակիցի կրակին:

Միութիւնը առեւտուրի գրասենեակ կը կարծեն: Եթէ յոյս ունենան շահելու, կ՛երեւին: Երբ կարծեն, թէ կրնան վնասել, կը կորսուին կայ միութենականի տեսակ մըն ալ, որ անմիջական առեւտուրէ մը ետք կը հանգստանայ մինչեւ յաջորդ… սակարկութիւն:

Միութենական ըլլալով` իրենք զիրենք կը դաւանին ազգի մեծ: Բանիւ եւ… բանիւք:

Միութենական ըլլալը կը կարծեն ընտանիքի ապահովութիւն: Միութեան մը անդամատետրը կը շփոթեն ամէն դուռ բացող բանալիի հետ: Անոր համար ոմանք իրենց գործի դիմումնագրերուն կը կցեն իրեց անդամատետրի մէկ ֆոթոքոփին:

Միութենական ըլլալը, կը կարծեն, որ մասնաւորներու մենաշնորհն է: Որովհետեւ մասնաւոր շնորհ չունին, անո՛ր համար այս ձեւով կ՛ուզեն շնորհքի մը թափուն հանել:

Միութենական ըլլալը նորոյթ կամ ժամանակավրէպ հռչակողներ են: Անոր համար Արեւելքէն կամ Արեւմուտքէն փչող վերջին հովերուն հետ կը մտնեն ներս կամ կ՛ելլեն դուրս:

Յիշեցնելէ ետք, որ պէտք էր «կան, որ» աւելցնելէ ետք կարդալ վերի պարբերութիւնները, հիմա կը խնդրենք կարդալ միայն գրուածք, առանց յաւելուածի:

Արդէն յիշեալները միութենականներու յաւելուածներն են: Աւելի լաւ կ՛ըլլար ըսել` լուսանցքին վրայ գտնուողները:

Քիչ մըն ալ շարունակենք անոնց թուումը` անցնելու համար… հոգին սիրես խումբին:

Ոմանք, դրացիէն նեղուած, միութեան մը անդամ կ՛ըլլան (բայց անպայման… հակառա՛կ միութեան մը) անոր քիթը իջեցնելու համար: Արդիւնքը, սակայն, միշտ ալ նպաստաւոր չըլլար: Շատ յաճախ ոչ միայն տափակցած քիթով, այլեւ հոգիո՛վ ալ դուրս կու գան իրենց ոխակալ հաշիւներէն:

Փառքի համար միութենական եղողներուն հարիւրէն հարիւրը խայտառակութեան դափնեպսակը կ՛ապահովէ:

Ոչ միութենականը, մինչեւ յօդուածի այս բաժինը, պիտի կարծէ, թէ մենք իր փաստաբանն ենք: Իր միութիւններէ հեռու մնալը արդարացնողն ենք:

Ոչ միութենականներուն մասին օր մը կ՛անդրադառնանք:

Առ այժմ միայն այսքան ընդգծենք.

Ներկայացուած «միութենականները» որեւէ միութեան ցաւը, ամօթը տկարութիւ՛նը կը կազմեն միայն, եւ չկայ միութիւն մը, որ գոհ ըլլայ նմաններու թիւէն ու ներկայութենէն:

Միութենականները, միութիւններէն ներս թէ դուրս, պոչի ցաւեր են եւ… կուրաղի՛ք: Թեթեւ գործողութիւն մը եւ աւելորդ այդ բեռը` դո՛ւրս: Սակայն ընդհանրապէս կուրաղիքը կը փրցնեն, երբ բորբոքի: Երբ անվնաս է իբրեւ ծանրութիւն` անտես կ՛առնուի…

Միութենական մարմնի ո՛ր բաժինը կը գրաւեն եւ ի՛նչ չափով, անունով միութենականները, ըսինք:

Իսկ միութիւնները մարմին են` գործօն, օգտակար, առաջնորդ եւ… այլն:

Երանի անոնց, որ, անդամ ըլլալով, կամ ոչ, միութենակա՛ն են: Յանուն ընդհանրական մտածողութեան փթթումին, յառաջդիմութեան, ազգին…

Իրա՛ւ միութենականներու մասին` ո՛չ մէկ խօսք: Անոնք կը խօսին արդէն գործո՛վ:

Այո, բանիւ եւ մանաւանդ` գործո՛վ:

ԱՍԻԱՑԻ

Ապագայ Կեանքի Պատկերը

Քսան տարի ետք, 1985-ին, այսօրուան բաղդատմամբ, երկրի բնակչութիւնը հարիւրին 40 աւելցած պիտի ըլլայ: Այսինքն աշխարհի բնակչութեան թիւը հասած պիտի ըլլայ 4 միլիառ 300 միլիոնի: Մարդոց սնունդը պիտի ապահովուի «ինքնագործ երկրագործութեամբ եւ ծովու ջուրի ազատումով: Ծնունդներու հակակշիռը մասամբ պիտի հաւասարակշռէ նուազած մահացութիւնը: Վիրաբուժութիւնը կատարելագործած պիտի ըլլայ բնական գործարաններու մարմինէն մարմին փոխադրութիւնը եւ արհեստական, կերպընկալ եւ ելեկտրոնային գործարաններու գործածութիւնը: Բժշկութիւնը պիտի գործածէ մարդոց անհատականութիւնը սրբագրող դեղեր, ուսուցումը պիտի դիւրանայ, մարդիկ մնայուն խարիսխներ հաստատած պիտի ըլլան լուսինին վրայ եւ հետազօտած` Հրատը կամ մօտաւոր միւս մոլորակները: Նմանապէս, կատարելագործած պիտի ըլլան անջրպետանաւերը կորիզային ուժով բանեցնելու գիտութիւնը:

Պատերազմի հաւանակազնութիւնը հարիւրին 15-20 պիտի իջնէ: Անկէ խուսափելու նոր գաղափարներ եւ նոր մեթոտներ չեն նախատեսուիր: Այսուհանդերձ, ներկայիս քննութեան ենթակայ զինաթափութեան սկբունքները նոյնիսկ մասամբ եթէ իրագործուած ըլլան, քսան տարիէն պատերազմի հաւանականութիւնները հարիւրին 50 պակսած պիտի ըլլան:

Հրթիռներու դէմ պաշտպանութիւնը շատ դիւրին պիտի ըլլայ նաեւ շատ խորէն գացող սուզանաւերու դէմ: Բայց կռիւները գլխաւորաբար պիտի ձգտին բանակներն ու ժողովուրդները թմրեցնելով չէզոքացնելու` փոխանակ զանոնք բնաջնջելու եւ փճացնելու: Պատերազմի մեծագոյն վտանգը յառաջ պիտի գայ տեղական բախումներու ծաւալումէն: Եւ ազգերու խմբակցութեանց միջեւ հետզհետէ մեծցող պայքարին պատճառ պիտի ըլլայ տիրապետութիւնը ծովերու յատակին, որուն հանքային հարստութիւնը շահագործման աղբիւր պիտի ըլլայ:

Եւ 2000 թուականին, այսինքն` 35 տարի ետք, երկրագունդի բնակիչներուն թիւը 5 միլիառ 100 միլիոն պիտի ըլլայ եւ, այսօրուան բաղդատմամբ հարիւրին 65 այս յաւելումը կ՛արդարանայ մանրէներու բոյներուն դէմ ընդհանուր արտազերծութեամբ: Տենդագին կերպով «մշակուելիք» ովկիանոսները հսկայական քանակութեամբ ուտեստեղէն պիտի արտադրեն, մինչ մարդիկ անձրեւ կամ արեւ պիտի ստեղծեն:

Հրատը ուսումնասիրութեանց առարկայ պիտի ըլլայ դեռ, մինչ Լուսինի հանքային հարստութիւնը արժեւորուած պիտի ըլլայ:

Ինքնագործ (վայրկենական) թարգմանութիւնը պիտի ստեղծէ տեսակ մը միջազգային լեզու, մինչ լէյզըրները (կեդրոնացած ուժի «խուրձեր») լաւագոյն պաշտպանութիւնը պիտի ըլլան հրթիռներուն դէմ:

Կարելի է շարունակել: 2100 թուականին երկրագունդի բնակչութեան թիւը ութ միլիառ պիտի ըլլայ, մարդկային կեանքի միջին տեւողութիւնը` 100 տարի: Մարմինին վրայ մեքենաներ պիտի հաստատուին մարմնական եւ մտային աշխատանքները ընդլայնելու եւ արագացնելու համար: Անջրպետին հետազօտութիւնները, մոլորակներու մէջ խարիսխները եւ երկրային փոխադրութիւնները զարգացած պիտի ըլլան աննախընթաց չափերով, ծանրութեան օրէնքը բացարձակապէս հակակշռի տակ առնուած պիտի ըլլայ:

Ամփոփեց ՎԷՆ

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Զահլէի Պաշարման Վերացում Եւ Ապահովութեան Ծրագիրի Իրագործում

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In