Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Յուլիս 1965)

Յուլիս 24, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

«Յիշենք, Հայե՛ր»…
(Խանասորի Արշաւանքին 68-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Յիշե՛նք, այո՛, որ 68 տարի առաջ, ճիշդ այս օրը, Խանասորի անհրապոյր դաշտին, պատմական Արտազ գաւառի հնաբոյր մթնոլորտին մէջ, ափ մը անձնուէր հայ կտրիճներ, թիւով միայն 300 հոգի, հայ ժողովուրդի դարաւոր մորմոքը իրենց սրտին, մեր նորագոյն պատմութիւնը լուսաւորեցին արութեան անօրինակ խոյանքով մը:

Խոյա՛նք, որ մեկնակէտը, անխախտ պատուանդա՛նը պիտի կազմէր բովանդակ Հայ յեղափոխութեան: Ապա նաեւ վճռական ու ճակատագրական դարձակէտ մը` Հայ Հոգիի պատմութեան մէջ:

Զինուորական իմաստով թերեւս աննշան, սակայն բարոյական իմաստով, հայ հոգիները յեղափոխելու տեսակէտէն մանաւանդ,  անպարագրելի տարողութիւն ունի Խանասորը, զոր իրաւամբ կրնանք կոչել նոր օրերու մեր Վարդանանքը:

Եւ յատկանշական զուգադիպութեամբ մը, հոս եւս Վարդան մըն է, որ կ՛անցնի հայոց փոքրիկ բանակին գլուխը, հոս է նաեւ Ղեւոնդ Երէցը իր խաչով, հոս է հայկական հզօր այրուձիին փոքրիկ նմուշը, հոս է հայ գիւղացի՛ն, բանուո՛րը, մտաւորակա՛նը: Ներկա՛յ է հայ ժողովուրդը ամբողջ` բոլոր խաւերու հաւաքական ներկայացուցչութեամբ:

Նոյնն էր նաեւ իտէալը, նոյն հրեղէն տեսիլն էր զանոնք վարող ոգին, նո՛յնն էր գրեթէ ե՛ւ անոնց նոյնիսկ նշանաբանը:

Մինչ Վարդանանք իրենց դրօշին վրայ արեամբ գրեր էին. «Վասն կրօնի, վասն հայրենեաց»: Խանասորեանք, արեան ու կրակի մէջ, նուիրագործեցին նո՛յն նշանաբանը տարբեր բառերով. «Հայրենիք կամ Մահ»:

Հայրենիք կամ Մահ, այո՛, վկա՛յ վեց դարերու խաւարակուռ մեր պատմութիւնը, վկա՛յ կիսովին ապահայացած պատմական Հայաստանը, դարաւոր մեր ստրկութիւ՛նը ապացոյց:

Պատմաշրջան մը, երբ կոտորակուեր էր մեր համրանքը, մթագներ էր մեր ազգային գիտակցութիւնը, թօշներ ու թառամեր էր հայ պետականութեան կենարար գաղափարը, ջլատուեր ու քայքայուեր էին մեր հաւաքական ուժն ու հասարակաց շահերու զգացողութիւնը, եւ խաւարեր էր հայութեան մարտունակ ոգին:

Մե՛ր իսկ սեփական հայրենիքին մէջ դարձեր էինք անտէր, անտուն, անղեկ ու անտեսիլ ամբոխ, ենթակայ` հիւսիսէն ու հարաւէն, արեւելքէն ու արեւմուտքէն փչող խորշակներուն` ովկիանոսի ալիքներուն քմայքին նետուած անառագաստ յածանաւի մը պատկերով:

Խանասորը դաժան ճակատագրին դէմ, ոգեկան առումով, տարերային սխրալի պոռթկում մըն էր եւ մարտական առաջին կազմակերպուած գրոհը` մեր դարաւոր ոսոխին դէմ:

Արդարեւ, վեց երկար դարերու գերութենէն ետք, առաջին անգամ էր, որ հայ մարդը կը դադրէր ստրուկ ըլլալէ եւ կը դառնար մարտիկ:

Առաջին անգամ էր, որ հայ մարդը կը դադրէր նոխազ ըլլալէ եւ կը դառնար վրիժառու:

Առաջին անգամ էր, որ հայ մարդուն վրէժխնդրութեան հրայրքը կը վերածուէր զինեալ մահացու բազուկի:

Առաջին անգամ էր, որ հայուն խոնարհ ճակատը վեր կը բարձրանար եւ ազգ մը ամբողջ կը լեռնանար` ծառանալու համար Չարիքին դէմ:

Առաջին անգամ էր կրկին, որ մէկդի նետելով պատմութեան ծանրածանր տապանաքարը` հայ մարդը կը գոռար ի լուր աշխարհի եւ մարդուն. Ես կա՛մ եւ պիտի մնա՛մ.

Առաջին անգամ էր, որ հայ մարդը կը մարդանար, կը հայանար, եւ իր արժանի տեղը կ՛ուզէր գրաւել արեւին տակ, իր հնաւանդ հայրենիքին մէջ, բոլոր արժանաւորներու կողքին:

Այսպէս եղաւ, որովհետեւ չէր բաւեր դարեր շարունակ խաւարը անիծել, ինչպէս որ պիտի ըսէր չինական իմաստուն առածը, այլ անհրաժեշտ էր ճրագ մը, գո՛նէ կրակ մը վառել հայոց լեռներուն մէջ, որպէսզի անոնք դադրէին հայ ժողովուրդի անելանելի Խոր Վիրապը ըլլալէ եւ դառնային լուսաւոր փարոսը անճիտեալ ու սփիւռքեալ հայութեան:

Խանասորի երիցս համբուրելի հերոսները այդ ճրա՛գը վառեցին ահա հայոց լեռներուն մէջ եւ Հայ Յեղափոխական ճանապարհին վրայ:

Այնուհետեւ, այդ «Ճրագին» սեւեռաբիբ, իբրեւ անմար ու ոգեշունչ փարոս, գունդ առ գունդ հայոց խանասորեան փոքրիկ բանակին միացան բոլոր արիարանց զաւակները հայ ցեղին, բոլոր անոնք, որ գիտէին «անվախ քարի տակ չոքելու» եւ թշնամիի ճակտին «անսխալ խփելու» արուեստը, բոլոր անոնք որ «նամուս ունէին» եւ կամք` հայրենիք ստեղծելու:

Եւ ճրագը վերածուեցաւ վահագնաշունչ հրդեհի, որ տարածուեցաւ հայ լեռնաշխարհի բոլոր անկիւնները եւ լուսաւորեց հայոց հոգիները մոլոր:

Ծայր տուաւ կենաց եւ մահու անհաւասար, այլ դժնդակ գուպար մը:

Երկու ժողովուրդներ, որոնք իրարու հակադրուած էին իրենց արեամբ, անցեալով, կրօնով, մշակոյթով, քաղաքակրթութեամբ եւ պատմական ճակատագրով, արիւնահեղ գօտեմարտի մը բռնուեցան հայոց բարձրաբերձ լեռներուն վրայ:

Որովհետեւ երկու ժողովուրդի համար տեղ չկար այդքան բարձրերը, նո՛յն հողը չէր կրնար երկու, ըստ ամենայնի՛, իրարու հակադրուած ժողովուրդներու հայրենիքը դառնալ:

Այնուհետեւ հրդեհը փոխակերպուեցաւ արեան ճապաղիքի. Խանասորայ կանաչ դաշտին պէս, կարմիր արեամբ ներկուեցաւ բովանդակ Հայաստանը, կարծես իւրատիպ նոր ջրհեղեղ մը տեղի ունենար հայոց հնաւանդ աշխարհին մէջ:

Մինչ Խանասորի օրինակով, կանաչ արեւով բիւրաւորներ գիտակից մահը ընդգրկեցին վասն հայրենեաց:

Ապա, հակառա՛կ այդ բոլորին, պահ մը ա՛յնպէս թուեցաւ, թէ հայ կեանքի նաւը ահա կը սուզուի արեան լեռնակուտակ ալիքներուն մէջ:

Սակայն հեռուն, շա՛տ հեռուն, արեւավառ հորիզոնին վրայ մէկէն ուրուագծուեցաւ Նոր Տապանը, որ հետզհետէ հաւաքելով իր գիծերը, ձեւ ու մարմին առնելով, դարձաւ յանկարծ Հայրենի՛ք:

Եւ պատմութիւնը սրբագրեց նշանաբանը խանասորեան սխրալի սերունդին: «Հայրենիք կամ մահ»-ը դարձաւ ու եղաւ միայն Հայրենի՛ք: Մահ եղաւ անշուշտ եւ եղաւ անհամեմատօրէն ահարկու ծաւալով, սակայն Մահը (գլխագիր) դադրեցաւ մեր ճակատագրին վրայ կախուած դամոկլեան սուր ըլլալէ դառնալու համար լոկ բնական երեւոյթ: Ուրեմն Մահը գնաց, Հայրենիքը մնաց:

Ահա հայոց Նոյի նոր տապանը անսասան, որ դարձաւ նոր Տապանակ Ուխտի, պատուանդա՛նը մեր գոյութեան ու յաւերժութեան, խարի՛սխը մեր լուսաւոր ապագային: Անխորտակելի վէ՛մը հայ հոգիին ու մտքին:

Այսպէս պատահեցաւ, որովհետեւ Խանասորէն մինչեւ Սարդարապատ փռուած տարածութիւնը աշխարհագրական է լոկ: Ոգին ծաւալ չունի, խտութիւն, իսկութիւն է լոկ: Ահա թէ ինչո՛ւ Խանասորի մէջ արձակուած գնդակը Սարդարապատի մէջ հասաւ իր նշանակէտին…

Այո՛, Խանասորի մէջ տեղացող կարկուտով սկսաւ հայոց նորագոյն պատմութեան անօրինակ դիւցազնավէպը եւ Սարդարապատով հասաւ իր աւարտին:

Յիշե՞նք, ուրեմն, եւ երբե՞ք չմոռնանք Խանասորը, որպէսզի Սարդարապատը ապրի մեր հոգիին ու պատմութեան մէջ` իբրեւ ոգի, իբրեւ կամք, իբրեւ խոյանք եւ սրբազան աւանդ:

Որպէսզի կարենանք ապրիլ ու տոկալ եւ, ի հարկին, դարձեալ մեռնիլ Խանասորի եւ Սարդարապատի փառապանծ հերոսներուն արեամբ սահմանագծուած երիցս պաշտելի Նոր Տապանին` Հայաստանի՛ համար:

Յիշե՛նք, ամրանա՛նք, արիանա՛նք:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Վերամշակումը` Արուեստով, Կամ` Երբ Պատերազմ Խորհրդանշող Առարկաները Կը Վերափոխուին Խաղաղութեան Գործիքներու

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?