Հրապարակային Մեծ Հաւաքոյթ
Լոս Անճելըսի Մէջ
Ընկերներ Կարօ Սասունի
Եւ Տոքթ. Ատուր Գապաքեան
Կը Շեշտեն Կարեւորութիւնը
Հայ Ժողովուրդի Արդար Դատին
Լոս Անճելըսէն կը գրեն Պոսթընի մեր պաշտօնակից «Հայրենիք»-ի
Յուլիս 11-ին, կիրակի, Հայ կեդրոնը լեցուած էր հայրենակիցներով` լսելու համար մեր սիրելի ընկերները:
Օրուան ատենապետը` Եփրեմ Սարգիսեան յայտարարեց, թէ ժողովը պիտի բացուի երիտասարդներու կողմէ «Յառա՛ջ, նահատակ» երգով:
Ատենապետը համառօտ կերպով պարզեց օրուան նպատակը եւ ներկայացուց մեր հիւրերը, տոքթ. Ատուր Գապաքեան եւ Կարօ Սասունի, որոնք ընդունուեցան բուռն ծափերով:
Նորիկ Միքայէլեան երգեց Սայաթ Նովայի «Աշխարհը մէկ փանճարա է», նաեւ Աշուղ Ջիւանիի «Սպիտակ մազերը», ու գնահատուեցաւ ջերմ ծափերով:
Ե. Սարգիսեան խօսելու հրաւիրեց տոքթ. Ատուր Գապաքեանը, որ նախ տեղեկութիւններ տուաւ իր այցելած գաղութներէն եւ յետոյ ըսաւ` ի միջի այլոց. «Սիրելի՛ ընկերներ եւ հայրենակիցներ, մեր հաւաքական ու սրտբաց աշխատանքովն է, որ այս ժողովուրդը պիտի տիրանար վերջնականապէս իր հայրենիքին: Մենք եկանք Ամերիկա, տեսանք ձեր աշխատանքները, Ամերիկայի մեր սիրելի ժողովուրդը:
«Կը յայտնեմ, որ գոհ ենք ձեզմէ, գոհ ենք ձեր ազգային զգացումներէն, զորս այս տարի, Եղեռնի յիսնամեակին առթիւ, արտայայտեցիք:
«Տեսանք, թէ հայուն սիրտը կը բաբախէ ազգային տենչով ու նահատակներուն հանդէպ յարգանքով, եւ յարգանքի ճամբով կը հետապնդուի հայրենիքի անկախութիւնը: Ասիկա կը խանդավառէ մեզ` մեր աշխատանքներուն մէջ, նաեւ` հանրային բոլոր աշխատանքներուն մէջ, որոնց նաեւ դուք մասնակից էք:
«Ապրեցանք 3000 եւ աւելի տարիներ, ասկէ ետք եւս պիտի ապրինք ո՛չ թէ ցրուած աստանդական, աշխարհին վրայ, այլ` ա՛յն հողերուն վրայ, որոնք մեր ձեռքէն խլուած են, անարգ թշնամիէն:
«Ապրիլեան եղեռնի առթիւ արտաքին աշխարհը կրկին յիշեց մեզ, մեր արդար Դատով հետաքրքրուեցաւ: Հայութիւնը իր գոյութեան գիտակցութիւնը ունի, նաեւ` իր Դատին արդարութեան հաւատքը:
«Մեր Դատին շուրջ աշխատանքները պիտի շարունակուին. մեր փրկութիւնը այս աշխատանքներուն մէջ է: Մեր պարտականութիւնն է նաեւ գուրգուրալ իւրաքանչիւր հայու վրայ:
«Մեր երկրորդ պարտականութիւնն է հայութիւնը ծանօթացնել աշխարհին, ծանօթացնել իր փառաւոր անցեալը եւ իր մշակութային արժէքները: Թէ` մենք կանք, եւ մեր արժէքներով պիտի շարունակենք մնալ, մինչեւ որ մեր բնական իրաւունքը, մեր հողերը ստանանք, ինչպէս ստացան միւս ազգերը» (բուռն ծափեր):
Ատենապետը հրաւիրեց Թորոս Բարսեղեանը, որ սքանչելիօրէն եւ ոգեւորութեամբ արտասանեց Համաստեղի «Հայու ոգիին» եւ ստացաւ բուռն ծափեր:
Վերջին խօսողը եղաւ Կարօ Սասունի, որ ըսաւ` ի միջի այլոց. «Սիրելի՛ ընկերներ եւ հայրենակիցներ, շատ երկիրներ այցելեցինք, տեսանք մեր ժողովուրդը: Տեսանք զայն Պարսկաստանի, Լիբանանի, Ֆրանսայի, Ամերիկայի մէջ եւ ամէն տեղ, նաեւ գիտենք Հայաստանի հայութիւնը: Տեսանք, թէ որքան հայ կայ աշխարհի մէջ: Մեր ժողովուրդը կանուխ ճամբայ ելած է, եւ անցած է երկար տարիներ: Այսօր ճերմակ մազեր ունիք: Դուք պայքարեցաք ազատութեան համար` առանց յուսահատելու: Կը հաւատամ, որ ձեր հաւատքը պիտի փոխանցուի սեւ մազաւորներուն: Պզտիկ թիւով, մեծ ազգ ենք, սրտով-մշակոյթով մեծ ազգ ենք, ազատասէր ենք, այդ պատճառով Հայաստանի երկուք եւ կէս միլիոն ժողովուրդի աչքերէն արցունք կը հոսի` աչքերը յառած Մասիսի գագաթէն անդին, դէպի Վանայ ծովը, դէպի Սասուն, Մուշ եւ այլ գաւառները:
«Հայը 45 տարիներ ապրեր էր հոն, խորհրդային վարչաձեւի տակ: Շատերը մեռան Սիպերիոյ ճանապարհներուն վրայ եւ քիչերը վերադարձան: Բայց աչքերը յառած` դէպի հայրենի երկիրը: Մեր որբերը այլեւս մեծցած են եւ իրենց հայրենիքը կը պահանջեն:
Ամէն գաղութ` մէկ ծայրէն միւսը ցրուած, տարբեր բնաւորութիւններ ունի, կուսակցական հակառակութիւններ եւ պայքարներ: Մեր ժողովուրդին մէկ մասը կրնայ ինքզինք տկար զգալ, բայց պէտք չէ մեր նոր սերունդէն յուսահատիլ: Կը վախնաք, որ անոնք կը կորսուին, բայց կը խնդրեմ ձեզմէ, որ հանէք ձեր սրտերէն այդ վախը: Որքան որ հայերէնը մոռնայ, հայ երիտասարդը երբ առիթը գայ, հպարտ պիտի զգայ, որ հայ ազգին զաւակն է:
Պէյրութի մէջ ականատես եղայ 25 հազար աշակերտութեան, որ ոտքի կանգնած, մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարանականը, յարգեցին հայրենիքը, մեր նահատակները:
«Անոնք վաղը աշխարհի մէջ պիտի պատմեն մեր փառաւոր անցեալը եւ հետապնդեն Հայ դատը:
«Մեր հայրենիքը երկու մեծ հակառակորդներու միջեւ ինկած է: Երկու հարիւր տարի կռուեցան, սակայն խաղաղութիւն չկայ: Ուզեն թէ չուզեն հայ ժողովուրդը նկատի պիտի առնեն: 5 միլիոն հայութիւն գոյութիւն ունի, եւ հայ ժողովուրդը իր հայրենիքին պիտի տիրանայ, անպայմա՛ն:
«Պարտուած ժողովուրդ ենք, սակայն երբ ժամանակը գայ, հայութիւնը մէկ կամք պիտի ներկայացնէ (բուռն ծափեր): Սարդարապատի մէջ կը կռուէին, միա՛յն ՀՅ Դաշնակցութեան զինուորները չէին, այլ ամբողջ հայութիւնը կռուեցաւ Դաշնակցութեան ոգիով:
«Երբ մեր գործը ըլլայ հիմնական եւ վճռական, գիտցէք, որ այդ միակամութիւնը պիտի ստեղծուի:
«Նոյնիսկ մեր հակառակորդները, ուզեն կամ ոչ, մեզի հետ պիտի գան, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ամէն բանէ վեր կը դատէ հայկ. վերջնական անկախութիւնը» (բուռն ծափեր):
Ատենապետը բեմ հրաւիրեց Մխիթար Մինասեանը, որ իր քաղցր ձայնով երգեց «Լեռներ հայրենի»-ն, որ գնահատուեցաւ բուռն ծափերով:
Ժողովը փակուեցաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ Սմբատ ծ. վրդ. Լափաճեանի աղօթքով: