Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Յուլիս 1965)

Յուլիս 28, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այն Է` Հրաշքի Պէս Բան Մը

«Տոկացինք» կ՛ըսենք – կ՛անցնինք ա՛յնպէս, կարծես տարրականօրէն պարզ եւ, լայն ընդհանրացման հետեւանքով, հասարակ բան մը եղած ըլլար:

Պա՛րզ ու հասարա՛կ: Եղած-չեղածը մէ՛կ բառ` տոկացինք:

Հապա, թող ենթական հայ չըլլա՜ր, այլ սեւիցէ՛ այլ ցեղի, ժողովուրդի, ազգի զաւակ:

Այն ատեն արար աշխարհ կ՛իմանար, թէ ինչի՛ մասին է խօսքը:

Այն ատեն ողջ մարդկութիւնը կը տեղեկանար, թէ ի՛նչ կատարուեցաւ, ինչպէ՛ս եւ որո՛ւ:

Որովհետեւ, արդարեւ, ի՞նչ  կատարուեցաւ, ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ:

Անցեալ շուրջ յիսուն տարիներու ընթացքին:

– Հայաստան եւ հայութիւն, որոնք 1915-18 անդա՛րձ անդունդի եզրին էին հասած, Գէորգ Էմինի խօսքերով` յանկարծ Սարդարապատը «նոր Աւարայր»-ի փոխակերպեցին, «ջարդեցին թուրք դահիճների ողնաշարը» եւ «մի բուռ որբերի եւ գաղթականների համար», «սեփական հողում մի բուռ հող նուաճեցին», քանզի… «ազատութի՛ւնն է միակ, ճշմարիտ կրօնը, որին արժէ՛ հաւատալ եւ որի համար արժէ՛ մեռնիլ»:

– Սակայն նման անիմանալի «աւարայրում»-ով փրկուած բուռ մը հողն ու բուռ  մը որբերը կրկի՛ն երկատուեցան` մարմնով ու հոգիով: Եւ ուրեմն հարկաւոր եղաւ կրկին դիմել ոգեկան, հոգեկան եւ միայն հայո՛ւն հասկնալի «ներքին աւարայրում»-ին, այն է ՏՈԿԱ՛Լ: Եւ տոկացի՛նք:

– Հայրենիքի մէջ լենինեա՛ն տարիներուն, յետլենինեան շրջանին, ստալինեա՛ն տասնամեակներուն, Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, անհատի պաշտամունքի ամէնէն սաստիկ ժամանակամիջոցին, անհատի պաշտամունքի դատապարտութեա՛ն միջոցին, անոր յաջորդո՛ղ տարիներուն ՏՈԿԱՑԻ՛ՆՔ: Եւ այս «տոկալ»-ներէն իւրաքանչիւրը նկարագրելու համար գրուած տասը տարբեր բովանդակութեամբ տասն անգամ տասը հատորներ անատակ ու անճարակ պիտի մնային վաւերաբար ու լման ներկայացնելու, թէ իսկապէս ի՛նչ կատարուեցաւ, ինչպէ՛ս եւ որո՛ւ:

– Դարձեալ եւ միշտ` բոլո՛ր նման հատորներէն միայն մէկ բառ պիտի ստացուէր` ՏՈԿԱՑԻ՛ՆՔ:

– Տոկացինք մինչեւ ա՛յն ատենն ու ա՛յն պայմանները, երբ Սիպիրի մէջ տարիներ անցուցած Գուրգէն Մահարի, Երեւան վերադարձած, կրնա՛ր հրապարակով պատմել Արամներու, Եկարեաններու, Վռամեաններու, Իշխաններու եւ միւսներու վարած Վանի հերոսամարտը, պատմել մանաւանդ, թէ ինչպէ՛ս այս հերոսամարտին ատեն Յովհաննէս Կուլոլեանը կռուող հայդուկներուն եւ ժողովուրդին կը պատուիրէր հրազէնի խլացուցիչ պայթիւններուն ընդմէջէն. «Վանեցիներ (պո՛ւմ – պո՛մ – շշշի՜ի՜ւ)… երդուե՛նք մեր նահատակների… (կո՛ւմփ – կո՛ւմփ)… իմացեա՛լ մահով (տո՛ւմ -կո՛ւմ – պո՛ւմ)… մեռնել ազատութեան… քան ապրել ստրկական… մի մարդու նման… վանեցիներ…. Աւարա՜յր… Վարդա՛ն… (պա՛մ – պա՛մ – պա՛մփ) դէպի դիրքե՛ր…»:

– Ա՛յսպէս ու ասո՛ր համար տոկացինք հայրենիքի մէջ:

– Սակայն նաեւ հայրենիքէն դո՛ւրս, նաեւ հո՛ն տոկացինք: Եւ երկար, շա՛տ երկար ատեն, բարդ ու միշտ բազմապատկուո՛ղ պատճառներով, այս «դուրս»-ը եղաւ դաժա՛ն, ոգեզուրկ ու սպանի՛չ:

– Սակայն տոկացի՛նք: Բուռ մը մանկտի Հալէպի որբանոց մը ինկան, բուռ մը փախստական Փարիզի մայթերուն վրայ հասակ նետեցին, բուռ մը տարագիր մինչեւ ամերիկեան ափերը հասան եւ խելակորոյս խլեակներ բուռ առ բուռ ամէ՛ն, ամէ՛ն, ամէ՛ն կողմ ցրուեցան. հայեր ի սփի՜ւռս աշխարհի:

– Բայց Հալէպի հայ պատանիները «հայապահ որբանոց»-ը փոխակերպեցին հայ ԴՊՐՈՑ-ի, Փարիզի բուռ մը փախստականները կրօնական հրովարտակի նմանող հայաշունչ ԹԵՐԹ հրատարակեցին, ամերիկեան ափերուն «սթարվի՜նկ արմինիընզ» (սովա՜ծ հայեր) անունով նկարագրուողները հայապահպանման գործին ծառայող երկնաքեր հաստատութիւններ կոթողեցին, եւ այն բոլոր բուռ մը խելակորոյս խլեակները, որոնք տեղ մը, որեւէ տեղ կրցան քով քովի գալ ու միաբերան արտասանել այն միակ երկու հայերէն բառերը, որոնցմէ ամէնէն առաջինն է ԿԱՐՕ՛Տ, ամէնէն վերջինն է` ԿԱՐՕ՛Տ, ասոնք բոլորն ալ ՏՈԿԱՑԻ՛Ն: Հայեր` ի սփիւռս  աշխարհի:

Ասոնցմէ իւրաքանչիւրին մղած տասը տարբեր պայքարները, տասն անգամ տասը հատորներով պատմողները կրնա՞ն վաւերաբար ու լման ըսել, թէ իսկապէս ի՛նչ կատարուեցաւ, ինչպէ՛ս եւ որո՛ւ:

Չե՛ն կրնար: Կրնան միայն կուտակել ու դիզել եւ ապա մէկ համապարփակ բառի մէջ խտացնել ամէնը` ՏՈԿԱՑԻ՛ՆՔ:

– Բոլոր Գէորգ Էմիններուն եւ բոլոր Գուրգէն Մահարիներուն պէս, մե՛նք ալ հին ու նոր Աւարայրները պատմեցինք ու պատմեցինք ա՛յնպիսի տենդով ու ա՛յնքան յաճախ, որ մեր մանուկները այդ հին ու նոր Աւարայրները գո՛ց սորվեցան: Մե՛նք ալ, բոլոր Գէորգ Էմիններուն եւ բոլոր Գուրգէն Մահարիներուն պէս, մեր հայրենիքի պաշտամունքը կրկնեցինք ա՛յնպիսի ջերմեռանդութեամբ ու ա՛յնքան անձանձիր, որ այդ պաշտամունքը մեր զաւակներուն աղօթքը դարձաւ: Եւ բոլոր Գէորգ Էմիններուն եւ Գուրգէն Մահարիներուն պէս կառչեցանք այն հաւատքին, թէ «ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆՆ Է ԱՅՆ ՄԻԱԿ ՃՇՄԱՐԻՏ ԿՐՕՆԸ, ՈՐԻՆ ԱՐԺԷ՜ ՀԱՒԱՏԱԼ, ԵՒ ՈՐԻ ՀԱՄԱՐ ԱՐԺԷ ՄԵՌՆԵԼ…»:

Յիսուն տարի է ահա (1915-ի ԴԺՈԽՔԷՆ սկսեալ), որ յիսո՛ւն տարբեր երկնակամարներու տակ, Հայաստանէն մինչեւ հեռաւորագոյն արտահայաստան, յիսո՛ւն տարբեր ձեւերով, յիսո՛ւն տարբեր «դժոխք»-ներէ անցանք:

Եւ այս ամէնը մենք մեզի ու աշխարհին կը ներկայացնենք մէ՛կ բառով միայն` ՏՈԿԱՑԻ՛ՆՔ:

(Խմբ. «ՅՈՒՍԱԲԵՐ»-ի)

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Դամասկահայ Ներկայացուցիչներ Ներկայ Կը Գտնուին «Հաւատադրժողական Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Համար Տեղեկատուական Միջազգային Խորհրդաժողով»-ին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In