Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Օգոստոս 1965)

Օգոստոս 3, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Յառաջ»-ի Քառասնամեակը

Ողջոյնի Խօսք

Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ»-ի քառասնամեակին առթիւ ՀՅ դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէն հրատարակած է ողջոյնի հետեւեալ խօսքը` գնահատանքի ջերմ արտայայտութիւններով.-

Քառասուն երկարաձիգ տարիներու բեղուն վաստակով բեռնաւոր, «Յառաջ» ճակատաբաց կը ներկայանայ տարագիր հայութեան առջեւ` իր առաքելութիւնը խղճմտօրէն կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ:

Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէինք քառասուն տարի առաջ:

Համաշխարհային Ա. պատերազմը ճակատագրական դեր էր կատարած մեր ժողովուրդի արեւմտեան ու արեւելեան հատուածներուն համար միանգամայն:

Տմարդի դահիճը կիսովին կոտորակած եւ ամբողջովին արմատախիլ էր ըրած Արեւմտեան Հայաստանի հայերը` ի սպառ թաղելու համար Հայ դատը:

Սահմանին միւս կողմը, անհուն զոհողութեանց եւ հերոսական կռիւներու շնորհիւ, վերածնած էր Հայաստան` կազմելով անկախ հանրապետութիւն մը, համեստ սահմաններու մէջ:

Մինչ ջարդերէն ու տարագրութենէն վերապրող հայերը կը պատրաստուէին զանգուածօրէն հաստատուիլ ազատագրուած հայրենիքի մէջ, որուն սահմանները պէտք էր ընդարձակուէին ըստ Սեւրի դաշնագրին, ամեհի նոր փոթորիկներ պայթեցան հայութեան զոյգ հատուածներուն գլխուն:

Մէկ կողմէ խորհրդայնացաւ Հայաստան` ամուր փակելով իր դուռերը: Միւս կողմէ` Կիլիկիոյ պարպումը` 1921-ի վերջերը, Զմիւռնիոյ աղէտը` 1922 սեպտեմբերին, եւ Պոլսոյ ու շրջանի պարպումը դաշնակիցներուն կողմէ 1923-ի գարնան` նոր բռնագաղթի մղեցին մեր հայրենակիցները:

Տասնեակ հազարներ եկան ապաստան փնտռելու հիւրընկալ հողին վրայ Ֆրանսայի, որ լայն բացած էր իր դուռերը:

Փարիզ շուտով դարձաւ ազգային կարեւոր կեդրոն մը:

Պատասխանատու պարտականութիւն կը ծանրանար ՀՅ դաշնակցութեան ուսերուն վրայ:

Իննսունական թուականներէն սկսեալ դաշնակցական մարմիններ կային Ֆրանսայի մէջ` Փարիզ ու Մարսէյ: Առաւելաբար համալսարանական ուսանողներ եւ հայրենասէր երիտասարդներ համախմբուած էին անոնց շուրջ:

Գաղթականութեան նոր հոսանքը թարմ ուժերով ա՛յնքան ստուարացուց կուսակցութեան շարքերը, որ 1925-ի յուլիսին Դաշնակցութեան Ֆրանսայի կազմը դարձաւ կեդրոնական կոմիտէութիւն` հետագային վերածուելու համար Արեւմտեան Եւրոպայի կեդրոնական կոմիտէութեան, երբ իր գործունէութեան սահմանները տարածուեցան Ֆրանսայէն դուրս:

Անհրաժեշտ պահանջ մըն էր այլեւս հրատարակութիւնը թերթի մը, որ առաջնորդ հանդիսանար ֆրանսահայ գաղութին, համադրէր անոր ճիգերը, արձագանգ ըլլար զանազան մարզերու մէջ անոր կատարած ձեռնարկներուն եւ ազգապահպան փորձերուն: Որ մանաւանդ վառ պահէր հայրենասիրական հուրը տարագիր բազմութեանց հոգիներուն մէջ:

«Յառաջ» ծնունդն եղաւ այդ պահանջին: Հասաւ ճիշդ իր ժամուն:

Շաւարշ Միսաքեան, «Ազատամարտ»-ի հին սերունդէն, հրաշքով ճողոպրած Մեծ եղեռնէն, ստիպուեր էր հեռանալ Պոլսէն, քեմալական յաղթանակէն ետք, լքելով «Ճակատամարտ»-ը, զոր կը խմբագրէր զինադադարէն ի վեր:

Հաստատուած Փարիզ` իբրեւ անդամ ՀՅԴ Բիւրոյի, կուսակցութեան հաւանութեամբ նախաձեռնեց հրատարակելու «Յառաջ»-ը` լոյս քաղաքին մէջ վերակենդանացնելով համանուն թերթը, որուն խմբագիրն էր եղած Էրզրումի մէջ տարի մը, 1911-1912:

1925 օգոստոսի սկիզբը լոյս կը տեսնէր «Յառաջ»-ի առաջին թիւը` ստեղծելով ընդհանուր խանդավառութիւն: Ուրախ էին մանաւանդ երիտասարդները, որբանոցներէն ելած եւ Ֆրանսայի ագարակներուն մէջ տաժանելի աշխատանքի դատապարտուած բեկորները, որոնց համար միութեան կապ ու քաջալեր դարձաւ անիկա:

«Գաւառի ձայներ»-ը խոր արձագանգ գտան «Յառաջ»-ի էջերուն մէջ:

Փարիզաբնակ մտաւորական ծանօթ ընկերներ իրենց անվերապահ աշխատակցութիւնը բերին թերթին` պարբերական գրութիւններով:

«Յառաջ» մասնաւոր հոգածութիւն ցոյց տուաւ երիտասարդութեան հանդէպ: Իր էջերուն մէջ լայն տեղ տուաւ երիտասարդ գրողներու եւ քաջալերեց զանոնք: Անոնցմէ ոմանք ծանօթ անուններ են այսօր:

Բազմաթիւ երիտասարդներ հայերէն սորվեցան իր շնորհիւ: Անոնցմէ գրելու շնորհ ունեցողները հատոր մըն ալ հրատարակեցին «Յառաջի սաները» անունով:

«Յառաջ» եղաւ արթուն պահակը հայերէնի եւ անխնայ քննադատեց անոր հարազատութեան դէմ եղած ոտնձգութիւնները հայրենիքի մէջ, խոր սրտցաւութեամբ:

Դարձաւ ջերմ պաշտպանը հայկական մշակոյթի եւ հայ քաղաքական արժէքներու` յանուն ազգապահպանման:

Իբրեւ բանբերը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` անոր գաղափարախօսութեան եւ քաղաքական ուղեգիծին քարոզիչը հանդիսացաւ:

Հայ դատը դարձուց իր մտահոգութեանց հիմնական խնդիրը:

Հաւատարիմ կուսակցութեան հաւատոյ հանգանակին` անվհատ պաշտպանեց միացեալ ու անկախ Հայաստանի գաղափարականը:

Իբրեւ հարազատ արտայայտիչը հայ ժողովուրդի ազգային ու քաղաքական բաղձանքներուն` անդադար պահանջեց Հայաստանի ներքին սահմաններուն սրբագրութիւնն ու արտաքին սահմաններու ընդարձակումը, բռնագրաւուած հայկական հողերու վերադարձը իր բուն տիրոջ:

Մեծ ու անդարմանելի կորուստ մը եղաւ իր հիմնադիր խմբագրապետին` Շաւարշ Միսաքեանի յանկարծական մահը, 1957 յունուար 26-ին:

Սակայն իր հարազատն ու գաղափարակից ընկերները ապահովեցին թերթին յարատեւութիւնը` նոյն ուղեգծով:

Սրտագին ողջունելով քառասնամեակը «Յառաջ»-ին կը մաղթենք աւելի բարգաւաճում եւ նորանոր նուաճումներ` անշեղ ու անվարան շարունակելու համար իր առաքելութիւնը` ի սպաս հայ տարագիր եւ տառապեալ ժողովուրդին:

ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Համահայկական Խաղեր. Ինչպէ՞ս Կեանքի Կոչուեց Այս Տօնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?