Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Յուլիս 1965)

Յուլիս 16, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի Ա. Դասակարգի
Բ. Բաժանմունքի Ֆութպոլի Ախոյեան

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ախոյեան կազմը
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ախոյեան կազմը

Ամրան ընթացքին, Լիբանանի, մասնաւորաբար Պէյրութի մէջ, միութենական, մարզական, մշակութային ձեռնարկներն ու գործունէութիւնը  կանգ կ՛առնեն եւ կը յայտարարուի սեզոն մոր…: Իր կարգին, ֆութպոլի լիբանանեան ֆետերասիոնը եւս պաշտօնապէս յայտարարեց եղանակի փակումը:

Առիթն է յետադարձ թռուցիկ ակնարկով մը անդրադառնալու ՀՄԸՄ-Պուրճ Համուտի Ա. խումբին միամեայ գործունէութեան:

Ընթացիկ տարուան եղանակի բացման շրջանին մասնաճիւղիս վարչութիւնն ու մարզական պատասխանատուները ոգի ի բռին եւ հետեւողական ճիգերով աշխատեցան արժանի բարձրութեան մը առաջնորդել ֆութպոլի Ա. խումբը: Եւ իրականացան մեր յոյսերը: Մեր մարզիկները 1964-65 տարեշրջանի ամբողջ տեւողութեան, բարեկամական եւ Լիբանանի ախոյեանական խաղերուն, իրենց լաւ խաղարկութեամբ ու յաճախակի յաղթանակներով մեծ վարկ ապահովեցին եւ հմայք մը ստեղծեցին իրենց շուրջ: Սակայն այս բոլորին փառապսակը հանդիսացաւ այն, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը, իրենց ներդաշնակ խաղարկութեան եւ խումբին մէջ տիրող համերաշխ ոգիին շնորհիւ, Լիբանանի ֆութպոլի առաջին դասակարգի երկրորդ բաժանմունքի ախոյեան հանդիսացան: Յառաջիկայ շաբաթ, զօրացած Պէյրութի ուժերով, կը մեկնին Հալէպ, բարեկամական հանդիպում մը ունենալու համար տեղւոյն ՀՄԸՄ-ին հետ, որ այս տարի տիրացաւ ֆութպոլի Սուրիոյ ախոյեանութեան:

Իբրեւ վարձատրութիւն ձեր զոհողութիւններուն` ձեզի կ՛ըսենք` «Ապրի՛ք, տղաք»:

Շա՛տ ապրիք, որ ՀՄԸՄ-ը եւ հայ ժողովուրդը կը պանծացնէք այս օտար ափերուն վրայ:

Բայց լաւ իմացէք, դուք այժմ ձեր առջեւ ունիք լայն հորիզոններ, ընդհանուր առմամբ մարզական եւ մասնաւորաբար` ֆութպոլի մարզին մէջ:

Մօտ ապագային իր աւարտին կը հասնի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին շինութիւնը: Շրջանի հայութեան տարիներու երազը կ՛իրականանայ` շնորհիւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին:

Պուրճ Համուտը լիբանանահայութեան միջնաբերդը պիտի դառնայ անկասկած: Դուք մեծ դեր ունիք այդ բերդը կանգուն պահելու նուիրական գործին մէջ:

Օ՛ն, ուրեմն, կրկնապատկեցէ՛ք ձեր ճիգերը: Գիտակցաբար եւ աւելի խանդավառութեամբ նետուեցէք դէպի դաշտ եւ հաւատացէք, որ յաղթանակներու ճամբով պիտի հարթէք բոլոր խոչընդոտները եւ հասնիք կատարեալ բարձունքներու:

ԵՓՐԵՄ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

 

Հալէպահայ Կեանք

Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի
Ամավերջի Հանդէսը

Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 9:30-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի նորակառոյց շէնքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի ամավերջի հանդէսը, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր: Ներկայ էին նաեւ Հալէպի կրթական տնօրէնը փոխտնօրէնը եւ այլ պաշտօնատարներ:

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ի գործ դրուեցաւ եւ Ճեմարանի աշակերտութիւնը, երգչախումբը եւ նուագախումբը իրենց երգերով, արտասանութիւններով, նուագով եւ ուղերձներով փայլ տուին հանդէսին:

Ճեմարանի տնօրէն Գէորգ Տօնապետեան կարդաց դպրոցի տարեկան տեղեկագիրը: Երեւան եկաւ, որ վարժարանի աշակերտներուն թիւը 180 հոգիի յաւելում մը կրած է այս տարի, ինչ որ բացառիկ զոհողութեանց պատճառ եղած է: Այս տարի շրջանաւարտ կ՛ըլլան 52 աշակերտ-աշակերտուհիներ:

Վկայականներու բաշխումը կատարեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ըսաւ, թէ ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակին մեր մեծագոյն պատասխանն է 50-է աւելի այս շրջանաւարտներու հոյլը: Ապա յիշելով Դուրեան սրբազանի մէկ խօսքը` եզրակացուց. «Մենք մեր վրէժը լուծեցինք մեր դարաւոր թշնամիէն»:

Հանդէսը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով եւ ներկաները, շուրջ 1500 հոգի, մեկնեցան յոյսով եւ հաւատքով զօրացած:

Սրբազան հայրը նախագահեց նաեւ «Սահակեան», «Հայկազեան», «Մեսրոպեան», «Գերմանիկեան» վարժարաններու եւ «Կիլիկեան» Ճեմարանի ամավերջի հանդէսներուն, վկայականներ բաշխեց եւ փակման խօսքը ըրաւ:

Ուխտի Օր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ
Եկեղեցւոյ Մէջ Եւ Մատաղօրհնէք

Շաբաթ եւ կիրակի 3 եւ 4 յուլիս 1965-ին փառաշուք արարողութիւններ տեղի ունեցան Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:

Շաբաթ երեկոյեան ժամերգութեան նախագահեց առաջնորդ սրբազան հայրը, ապա կատարեց մատաղցու ոչխարներու օրհնութիւնը: Եկեղեցասէր տիկնանց միութիւնը եւ յատուկ յանձնախումբեր մինչեւ առաւօտ զբաղեցան մատաղի պատրաստութեամբ:

Յաջորդ օր` կիրակի առաւօտեան, հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցեց Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս: Երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ` ներդաշնակ կերպով եւ ղեկավարութեամբ դպրապետ Հրայր Մանուկեանի:

Սրբազան հայրը հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ` ներկայացնելով Ս. Լուսաւորչի գործունէութիւնը եւ կատարած մեծ բարիքը` հայ ազգին: Ապա մաղթանքներ ըրաւ Հայց. եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ նուիրապետական աթոռներու անսասանութեան համար:

Սրբազան հայրը գոհունակութիւն յայտնեց այն մասին, որ եկեղեցւոյ մէջ միասնաբար կ՛աղօթեն հայ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչները, Ս. Էջմիածնէն` Ոսկան աբեղայ եւ թաղի եկեղեցւոյ նոր քարոզիչը` Մեսրոպ վարդապետ:

Ս. պատարագի աւարտին առաջնորդ սրբազանը կենաց փայտը ի ձեռին թափօրով յառաջացաւ բակ եւ հոգեհանգիստ կատարեց, օրհնեց մատաղը, զոր ժողովուրդը երկիւղածութեամբ եւ կարգապահութեամբ առաւ եւ տարաւ տուն:

Կէսօրին, «Մարտիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը` նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր: Ներկայ էին Մեսրոպ վարդապետ, Ոսկան աբեղայ, քահանայ հայրեր, թաղականութեան եւ հոգաբարձութեան անդամները, Ազգ. «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանի տնօրէնը, Եկեղեցասէր տիկնանց միութեան եւ դպրաց դասի անդամները:

Խանդավառ մթնոլորտի մէջ խօսք առին եկեղեցական հայրեր եւ ազգայիններ եւ բաժակներ առաջարկեցին առաջնորդ սրբազան հօր կենացը եւ յաջողութեան մաղթանքներ ըրին Մեսրոպ վարդապետին:

Ճաշկերոյթը փակուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեան խօսքով եւ հաւաքաբար երգուած «Հայր Մեր»-ով:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Նախորդը

Ֆութսալ. Հայաստանի Հաւաքականը Այսօր Կը Մեկնի Վրաստան

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?