Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Յուլիս 1965)

Յուլիս 29, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Մագլցում

Պարզ բառ մը, որ պատմութեան պիտի անցնի: Անքակտելիօրէն կապուած` Վիեթնամի պատերազմին: (Որովհետեւ այլեւս պատերազմ կարելի է կոչել այն, ինչ որ ներկայիս տեղի կ՛ունենայ հնդկաչինեան թերակղզիին մէջ):

Դէպի հիւսիս աստիճանական վերելքը, որ ամիսներէ ի վեր կը կատարուի ամերիկեան բանակին, գլխաւորաբար օդուժին կողմէ, վճռական քայլ մը արձանագրեց առջի օր, երբ ամերիկեան օդանաւեր ռմբակոծեցին ու քանդեցին հիւսիսային Վիեթնամի մայրաքաղաք Հանոյի մօտ գտնուող խորհրդային երկու հրթիռակայաններ, ուրկէ մեկնելով` քանի մը օր առաջ ռուսական հրթիռ մը վար առած էր ամերիկեան ռմբաձիգ մը:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան ենթաքարտուղարը, խօսելով այս յարձակման մասին, շեշտեց այն կէտը, թէ ռմբակոծման հրահանգը եկած է վերէն, այլ խօսքով` նախագահէն: Այս մանրամասնութիւնը` անոր համար անշուշտ, որպէսզի ընդգծուի այս նոր նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը, եւ այդպիսով լուրջ ազդարարութիւն մը ուղղուած ըլլայ Մոսկուայի:

Մինչեւ հիմա Խորհրդային Միութիւնը, հակառակ իր խոստումներուն, աշխատեցաւ դուրս մնալ Վիեթնամի պատերազմէն: Քոսիկին Հանոյ գնաց, ճառեր խօսեցաւ, բայց իր ներկայութեանն իսկ կատարուած առաջին ռմբակոծումներէն ետք Քրեմլին բաւականացաւ միայն ամերիկացի կայսերապաշտները դատապարտելով: Գործնական որեւէ քայլ չառաւ: Եւ սակայն, Փեքինի կողմէ իբրեւ պարտուողական ոգիի տէր չամբաստանուելու մտահոգութեամբ, չուզեց Մոսկուայի մէջ ընդունիլ անգլիական հասարակապետութեան քառանդամ պատուիրակութիւնը, որ հաւանաբար ընդունելի լուծումներ առաջարկէր վիեթնամեան տագնապին համար:

Խորհրդային հրթիռակայաններու հաստատումը հիւսիսային Վիեթնամի մէջ կը նշանակէ՞ արդեօք որոշ կարծրացում մը վիեթնամեան տագնապին հանդէպ խորհրդային դիրքաւորման մէջ:

Այս հարցումին պատասխանը միայն Ռուսիան կրնայ տալ` յառաջիկայ օրերու ընթացքին իր բռնելիք դիրքով:

Ամերիկացիք ռմբակոծեցին ու քանդեցին հիւսիսային Վիեթնամի այն հրթիռակայանները, որոնք գործօն դարձած էին: Հետեւելով մագլցումի հիմնական սկզբունքին` խնայեցին հինգ այլ հրթիռակայաններու, որոնք ցարդ չեն գործեր: Եթէ Խորհրդային Միութիւնը Վիեթնամի մէջ ուղղակի ճակատում մը կը փնտռէ Միացեալ Նահանգներու հետ, կրնայ գործածութեան դնել նաեւ մնացեալ կայանները, վստահ ըլլալով սակայն, թէ անոնք եւս պիտի քանդուին, նո՛յն արագութեամբ:

Մէկ խօսքով, Վիեթնամ դարձած է այն փորձադաշտը, ուր Միացեալ Նահանգները նեղ կացութեան մը մատնած են մէկ կողմէ խաղաղ համակեցութեան քարոզիչ եւ, միւս կողմէ, ազատ աշխարտի դէմ անխնայ պայքարի ձեռնարկած Խորհրդային Միութիւնը:

Մոսկուա-Փեքին վէճը կու գայ բարդուիլ այս կացութեան վրայ` աւելի եւս դժուարացնելով Խրուշչեւի յաջորդներուն գործը: Ընկերվարական ճակատին հանդէպ իր ունեցած յանձնառութիւնները Մոսկուա ինչպէ՞ս պիտի կրնայ հաշտեցնել այն հասկնալի կրաւորականութեան հետ, որ ցոյց կու տայ Վիեթնամի ամերիկեան «գրգռութիւններուն» նկատմամբ: Ասիական երկիրները հետզհետէ կը հեռանան Մոսկուայէն` բռնելու համար Փեքինի ճամբան: Մինչ Ինտոնեզիոյ արտաքին գործոց նախարար Սուպանտրիօ կը յայտարարէ, թէ` «Մոսկուայի բարեկամութիւնը այլեւս բաւարար երաշխիք մը չի հանդիսանար Երրորդ Աշխարհի երկիրներուն պաշտպանութեան համար»:

Վկայ` Վիեթնամը, որ ամերիկեան ռումբերուն տակ կը քանդուի, Մոսկուա խոստումներ կը շռայլէ, բայց չի համարձակիր գործնական միջոցներու դիմելու:

Եթէ Վիեթնամը ներկայիս զբաղման գլխաւոր նիւթը կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներուն, ապահով կերպով կարելի է ըսել, թէ նոյնքան մեծ դժուարութիւններ կը ստեղծէ Մոսկուայի համար` վտանգաւոր պառակտումի մը մատնելով համայնավարական ճակատի առասպելական միասնականութիւնը:

Մագլցումի վերջակէտը կը մօտենայ: Մոսկուայի համար ծանր փորձութիւններու շրջանը կը սկսի:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պէյրութ Եւ Շրջանները Ռումբերու Տարափին Տակ. Մահ Խաչիկ Արապեանի

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?