Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Օգոստոս 1965)

Օգոստոս 6, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հալեպահայ Կեանք

Առաջնորդ Սրբազանը
Ղընեմիյէի Եւ Արամոյի Մէջ

Ա՛լ աւանդական դարձած սովորութեան մը համաձայն, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արք. ամէն տարի կ՛այցելէ իր թեմին բոլոր շրջանները, մանաւանդ` այն կարգ մը գիւղերը, որոնք դարաւոր անցեալ ունին, հիմնուած ըլլալով Ը. դարէն սկսեալ դէպի Արեւմուտք գաղթող հայերուն կողմէ: Այդ գիւղերը` Արամօ, Ղընեմիյէ, եւն., երկար ատեն խզուած էին հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի օրկանական ամբողջութենէն: Վերջին տարիներուն կատարուած ուխտագնացութիւնները այն բարի արդիւնքին յանգեցան, որ յիշեալ գիւղերուն բնակիչները հետզհետէ աւելի մօտեցան իրենց ազգակիցներուն, աւելի հայացան` հակառակ երբեմն իրենց օտարահունչ անուններուն, եւ ճիգ թափեցին սորվելու եւ խօսելու համար իրենց հայրերու լեզուն:

Կիրակի, 18 յուլիսին, Ղեւոնդ սրբազան, ընկերակցութեամբ Շահէ քհնյ. Մասոյեանի եւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութեան, մեկնեցաւ Ղընեմիէ, ուր հասաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին եւ ընդունուեցաւ տեղւոյն բնակիչներուն եւ Հալէպի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խումբերուն կողմէ, որոնք բանակումի համար նախօրօք մեկներ էին Հալէպէն:

Ս. պատարագը մատուցեց Շահէ քահանայ: Երգեցողութիւնները ներդաշնակ կերպով կատարուեցան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ` ղեկավարութեամբ Յակոբ Աշակերտեանի:

Այս առթիւ սրբազան հայրը ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ դպիրներէն երկու արժանաւոր երիտասարդներու:

«Հայ մեր»-էն առաջ, սրբազան հայրը հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ եւ իր խօսքի աւարտին թելադրեց գիւղացիներուն` ըլլալ հաւատարիմ զաւակները իրենց մայրենի եկեղեցւոյն եւ ազգին: Սրբազան հօր խօսքերը տեղւոյն վրայ արաբերէնի թարգմանուեցան:

Կէսօրին զուարթ սեղանի մը շուրջ հաւաքուեցան ներկաները` Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ դպրաց դաս, «Մեսրոպեան» վարժարանի Շրջանաւարտից միութիւն եւն.:

Երեկոյեան, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները կազմակերպած էին հանդէս-հաւաքոյթ մը, որուն ներկայ եղաւ սրբազան հայրը: ՀՄԸՄ-ի տղաքը կարգաւ իրենց շնորհները ցուցաբերեցին` խանդավառութիւն ստեղծելով իրենց շուրջ:

Հանդէսը վերջացաւ սրբազան հօր քաջալերական խօսքերով եւ «Պահպանիչ»-ով:

* * *

Երկուշաբթի, 26 յուլիս, Վարդավառի մեռելոցին օրը, առաջնորդ սրբազանը մեկնեցաւ Արամօ: Անոր կ՛ընկերանային Մեսրոպ վրդ. Աշճեան եւ բարեշնորհ Մանուկ սրկ. Չալոյեան:

Արամոյի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց հայր սուրբը եւ հաղորդութիւն տուաւ բոլոր գիւղացիներուն:

Ս. պատարագի աւարտին, սրբազան հայրը օրհնութեան իր խօսքը ըսաւ գիւղացիներուն եւ բացատրեց օրուան խորհուրդը: Սրբազան հօր խօսքերը արաբերէնի թարգմանուեցան Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քհնյ. Գէորգեանի կողմէ, որ յատկապէս եկած էր Արամօ այս առթիւ:

Սրբազան հայրը իր ընկերակիցներով այցելեց վիմափոր Ս. Աննա ուխտավայրը եւ անհրաժեշտ թելադրանքները ըրաւ գիւղացիներուն` պահելու եւ պահպանելու համար հնաւանդ այդ սրբատեղին, որ յարգանքի արժանի է նոյնիսկ ալեւի ժողովուրդին համար:

Կէսօրուան աւանդական ճաշէն ետք սրբազան հայրը այցելեց ալեւիներու հոգեւոր պետ շէյխ Իսմայէլի եւ անոր եղբօր:

Երեկոյեան, վերադարձի ճամբուն վրայ սրբազան հայրը այցելեց Եագուպիէ գիւղը եւս եւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւին ու Թաղական խորհուրդի անդամներուն հետ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ ազգային-եկեղեցական հարցերու շուրջ:

Ուշ գիշերին վերադարձաւ Հալէպ` նուիրական պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

ՀՄԸՄ-ի Դպրոց-Բանակումները

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական սկաուտական խորհուրդի կազմակերպութեամբ, ամէն տարի դպրոց-բանակումներ տեղի կ՛ունենան սկաուտական գործնական աշխատանքներու գիտութիւնը աւելի զարգացնելու եւ նոր աստիճանաւորներ պատրաստելու համար:

Սկաուտական կեանքին մօտէն տեղեակ չեղող անձին համար թերեւս նորութիւն մը ըլլայ այս դպրոց-բանակումներու կազմակերպումը. սակայն անոնք, որ քիչ մը աւելի մօտէն հետաքրքրուած են եւ տեղեակ են պատանեկան այս շարժումին, մեզի հետ համաձայն պիտի ըլլան եւ ուրախութեամբ պիտի քաջալերեն ՀՄԸՄ-ի վարիչները, որպէսզի անոնք շարունակեն նորանոր ծրագիրներով սատարել այս համաշխարհային եղբայրակցութեան:

1965-ի դպրոց-բանակումներէն առաջինը, երկրորդ կարգի պատրաստութեան համար, տեղի ունեցաւ մայիս 9-13 յուլիս, Ատոնիսի շրջանին մէջ, մասնակցութեամբ քսան սկաուտներու` եկած Լիբանանի հինգ մասնաճիւղերէն: Երկրորդը, գայլիկներու աստիճանաւորներու պատրաստութեան համար, տեղի ունեցաւ 15-20 յուլիս, նոյնպէս 20 գայլիկներու մասնակցութեամբ, այս անգամ` Այնճարի մէջ:

Այս տարեշրջանի երկրորդ դպրոց-բանակումը տեղի պիտի ունենայ 17-22 օգոստոս, Պուտ-տը-Պուլոնէի անտառին մէջ, առաջին կարգի պատրաստութեան համար. ակնարկ մը նետելով խմբապետներու յայտագիրներուն վրայ` տեսանք, որ քիչ ատենուան մէջ ընդարձակ ծրագիրներ կազմած են սկաուտական զանազան կարգերու գիտելիքներուն դասաւանդման եւ ուսուցման համար, որոնց իրագործումը վստահուած է մասնագէտ անձերու եւ փորձառու խմբապետներու:

Քիչ մը աւելի հետաքրքրուելով` հաստատեցինք, որ այս բանակում-դպրոցները կը կազմակերպուին խումբերու հերթական բանակումներէն դուրս: Ուստի, մասնակցողներուն վրայ նիւթական յաւելեալ ծախս մը չաւելցնելու մտահոգութեամբ, խորհրդանշական գումար մը միայն կը գանձուի ենթականերէն, իսկ մնացեալ ամբողջ ծախսը կը հոգացուի Շրջանային վարչութեան կողմէ, որուն անդամները, գիտակից պարտաճանաչութեամբ եւ խոր համոզումով, ամէն տարի աւելի քան 3000 լ. ոսկի կը ծախսեն սկաուտական խումբերու կարիքներուն եւ անոնց դպրոց-բանակումներուն համար:

Ի լրումն այս բոլորին, Սկաուտական կեդրոնական խորհուրդը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած է տարին երկու օր համախմբելու սկաուտները որոշ բանակավայրի մը մէջ` զանոնք տեսակ մը ընդհանուր քննութեան ենթարկելու համար: Այնճարէն, Զահլէէն, Թրիփոլիէն, Պուրճ Համուտէն եւ Պէյրութէն համախմբուելով Պուտ տը Պուլոնէի անտառը` կը յարդարեն շրջակայքը, կը լարեն վրանները եւ իրենց ձեռային աշխատանքներով բնակելի կը դարձնեն բանակավայրը: Աւելի՛ն. չեն մոռնար իրենց բարեկամները հրաւիրել եւ մէկ-երկու ժամ միասին անցընել սկաուտական հանդէսի մը մթնոլորտին մէջ: Անցեալ տարի, նկատի ունենալով բազմահազար հանդիսականներու մէկ մասին դժգոհութիւնը, այս տարի սկաուտները որոշած են աւելի լայն տեղ մը յատկացնել հանդէսին, բանակավայրին անմիջապէս մօտիկը:

Կը յուսանք, որ, ինչպէս միշտ, նաեւ այս անգամ ալ ՀՄԸՄ-ի բարեկամները հոծ բազմութեամբ պիտի պատասխանեն Կեդրոնական խորհուրդի հրաւէրին եւ իրենց ներկայութեամբ բարոյապէս պիտի օժանդակեն այս գեղեցիկ շարժումին:

Կ՛իմանանք, թէ երէց սկաուտներու մեծ ճամբորի մը տեղի կ՛ունենայ Շուէտի մէջ, որուն մասնակցելու բախտը վիճակուեցաւ նաեւ Լիբանանի: Ուրախ ենք, որ ՀՄԸՄ լիբանանեան կազմին մէջ իր ներկայացուցիչը ունի` յանձին Արթօ Քէօլէեանի:

Ս.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Առողջապահական. 9 Սխալ Սովորութիւններ, Որոնք Կը Վնասեն Ուղեղին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?