Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Օգոստոս 1965)

Օգոստոս 1, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բախտորոշ Օր Յունաստանի Համար

Փափանտրէու Ի Վերջոյ Որոշած Է
Խորհրդարանական Նիստին Մասնակցիլ`
Տապալելու Համար Նովասի Կառավարութիւնը

Վճռական օր Աթանասիատիս Նովասի կառավարութեան համար: Վճռական` նաեւ Յունաստանի ժողովրդավարութեան ապագային համար, կը խորհին դիտողները: Արդարեւ, այսօր` երկուշաբթի, անցեալ յունիս 15-ին խորհրդարանի նախագահ Նովասի կողմէ կազմուած դահլիճը պիտի ներկայանայ խորհրդարան:

Լաւատեղեակ աղբիւրէ կ՛իմանանք, որ Ժորժ Փափանտրէու ետ առած է խորհրդարանական վիճաբանութեանց չմասնակցելու իր որոշումը: Իր ներկայացուցած Կեդրոնի միութեան 143 երեսփոխաններուն հետ որոշած է մասնակցիլ նիստին: Իրենց կարգին, ԷՏԱ-ի երեսփոխանները, ու անկասկած նաեւ` աջի, նոյնպէս ներկայ պիտի ըլլան: Այնպէս որ, մեծամասնութիւն գոյացած պիտի ըլլայ, եւ նիստը կարելի պիտի ըլլայ բանալ:

Թէեւ վճռական որեւէ յայտարարութիւն չեղաւ Փափանտրէուի կողմէ, սակայն Կեդրոնի միութեան շրջանակները կ՛ընդգծէին, թէ անհրաժեշտ է շուտով վերջացնել խորհրդարանական վիճաբանութիւնները` օրէնքի սահմաններուն մէջ կարելի եղածին չափ շուտ տապալելու համար Նովասի կառավարութիւնը: ԷՏԱ-ն եւս նոյն կարծիքը ունի:

Արդարեւ, ըստ այս շրջանակներուն, կառավարութեան նպատակն է կարելի եղածին չափ յետաձգել տալ քուէարկութիւնը, որպէսզի իշխանութեան վրայ մնայ եւ ի շահ իրեն կատարէ պաշտօնեաներու եւ յատկապէս սպաներու պաշտօնի փոփոխութիւնները: Արդէն իսկ բազմաթիւ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են, եւ կը մտածուի Ազգային պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը ժողովի հրաւիրել` վերին հրամանատարութիւնը եւս փոխելու համար:

Ամէն պարագայի, հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու, Նովասի կառավարութեան ճակատագիրը պիտի ճշդուի այս շաբաթ:

Ի՞Նչ Պիտի Ընէ Թագաւորը

Բոլոր դիտողներուն համաձայն, այս ճակատագիրը ճշդուած է արդէն. երեսփոխանները իրենց վստահութիւնը պիտի մերժեն դահլիճին, եթէ յառաջիկայ ժամերու ընթացքին կացութիւնը յեղաշրջող դէպք մը չպատահի: Բայց ներկայ պարագաներու ներքեւ ոչ ոք կրնայ գուշակել, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ այդ դէպքը, որ շատ անհաւանական կը նկատուի:

Աթէնքի քաղաքական շրջանակներուն մէջ հարց կը ծագի, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ Կոնստանդին թագաւորին հակազդեցութիւնը, եթէ դահլիճը վստահութիւն չստանայ: Բոլոր խմբակներն ալ մտահոգ են:

Շաբաթ իրիկուն, վեհապետին հետ տեսակցելէ ետք, Նովաս յայտարարած էր մամուլին.

«Կեդրոնի միութիւն կուսակցութեան եւ կառավարութեան վէճին մէջ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութեան չգոյութեան սահմանադրական հետեւանքներուն մասին թագաւորը կառավարութեան հետ եղաւ»:

Արդարեւ, ըսաւ վարչապետը, բոլոր իրաւագէտները յայտնեցին, թէ մեծամասնութեան չգոյութիւնը անվստահութեան քուէ չի նշանակեր, եւ թէ` ամէն պարագայի մէջ, խորհրդարանը պէտք է արտայայտուի լսելէ ետք կառավարութեան ծրագիրը:

Թագաւորը Փափանտրէուէն պիտի խնդրէ կազմել կառավարութիւնը: Շատ անհաւանական է: Վեհապետը կրնայ նախընտրել երրորդ լուծումը` կոչ ընելով Սթեֆանոփուլոսին:

 

Ներքին Կեանք

Խորհրդաւոր Մակոյկ Մը Թրիփոլիի Բացերը
Անգլիացի Զինուոր Մը Ձերբակալուած

Խորհրդաւոր մակոյկ մը, որուն վրայէն թռիչք կը կատարէին երկու օդանաւ, մէկը ցածէն, միւսը` բարձրէն, երէկ առտու տեսնուեցաւ Թրիփոլիի նաւահանգիստին իշխանութեանց կողմէ, ծովեզրէն 3 քմ անդին:

Մաքսային ջոկատը ընդառաջ գնաց մակոյկին, որուն վրայ գտնուող միակ անձը փորձեց փախուստ տալ: Բայց կարելի եղաւ ճամբան փակել եւ մակոյկը բերել Թրիփոլի, ուր նախնական քննութիւնները ցոյց տուին, թէ անոր մէջ գտնուող անձը անգլիացի մըն է` Ֆրենսիս Ռաւընում, Կիպրոսէն:

Այս վերջինը, որ մաս կը կազմէ անգլիական օդուժին, հակասական տեղեկութիւններ տուաւ: Նաեւ ըսաւ, թէ ճամբան կորսնցուցած է եւ առանց անդրադառնալու` իր մակոյկը քշած դէպի լիբանանեան ջուրերը: Ապա յայտնեց, թէ կը լողար եւ յոգնած ըլլալով, ելած է մակոյկը, զոր հովերը բերած են մինչեւ Թրիփոլիի բացերը:

Օդի ճամբով Կիպրոսէն Թրիփոլի եկած անգլիացի սպաներ յայտարարեցին, թէ Ֆրենսիս Ռաւընում գողցած է մակոյկը եւ այդ պատճառով է, որ զայն հետապնդելու համար օդանաւեր ղրկուած են:

Լիբանանի մէջ Անգլիոյ դեսպանն ու զինուորական կցորդը եւս Թրիփոլի գացին` քննութիւններուն հետեւելու համար:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Դէպի Քորքովատօ, Ռիօ Տը Ժաներօ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?