Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Յուլիս 1965)

Յուլիս 27, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ
6-րդ Պատգամաւորական Ժողովի
Բացման Հանդէսը

«Ասպարէզ»-ի մէջ կը կարդանք.-

ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէութեան շրջանի 6-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ շաբաթ, յուլիս 3-ի կէսօրին, Սան Ֆրանսիսքոյի «Ռոստոմ» ակումբի սրահներուն մէջ:

Պատգամաւորներ եկած էին` Լոս Անճելըսէն, Փասատինայէն, Սան Ոգին Հովտի քաղաքներէն (Ֆրեզնօ, Ֆաուլըր, Սենկըր), եւ Սան Ֆրանսիսքօ-Օքլանտէն:

Նոյն օրը երեկոյեան, «Ռոստոմ» ակումբին սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէի եւ կազմակերպութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի «Ռոստոմ» կոմիտէի, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-հանդէս` 6-րդ Պատգամաւորական ժողովի իբրեւ բացման հանդէս:

Հանդէսին ծրագիրը ճոխ էր. երգեր, արտասանութիւն, նուագ եւ բանախօսութիւններ:

Ներկայ էին բոլոր պատգամաւոր ընկերները, նաեւ` ընկերներու եւ համակիրներու բազմութիւն մը:

Հանդէսը բացաւ ատենապետ Կարօ Գավաֆեան, որ հակիրճ կերպով բացատրեց օրուան հանդէսին նպատակը, ՀՅ դաշնակցութեան գաղափարականը, ամէն տարի Քալիֆորնիոյ շրջանին մէջ գումարուող Պատգ. ժողովներու նպատակը, Հայ դատի համար Դաշնակցութեան անձնուէր գործունէութիւնը եւ կոչ ըրաւ հանրութեան զօրավիգ հանդիսանալ Հայ դատի արթուն պահակ ՀՅ դաշնակցութեան:

Օրուան բանախօսն էր, ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէին կողմէ, Յակոբ Մանճիկեան, որ գեղեցիկ ու փաստական բանախօսութիւն մը բերաւ:

«Ասպարէզ»-ի խմբագիր ընկ. Ամուրեան վերլուծեց Հայկական հարցը ԻՐԱՒԱԿԱն տեսակէտէ: Երկու կողմ ունի մեր իրաւունքը` քաղաքացիի եւ ազգային-քաղաքական: Խորհրդային երկրի մէջ մարդ անհատը արժէք չէ, ան հանրային մեքենայի մէկ մասնիկն է. հետեւաբար, երբ մարդը արժէք չէ, անոր իրաւունքներու մասին խօսք անգամ չկայ:

Սփիւռքի երկիրներու մէջ ցրուած հայութիւնը աւելի կամ նուազ չափով կը վայելէ քաղաքացիի իրաւունքներ, մանաւանդ` ժողովրդավար երկիրներու մէջ:

Իրաւունքն ու ազատութիւնը անբաժանելի են. հայ ժողովուրդը ամբողջութեամբ տէր պիտի դառնայ իր քաղաքացիի իրաւունքներուն մանաւանդ` Հայաստանի մէջ:

Ազգային-քաղաքական իրաւունքներու տեսակէտէն, հայ ժողովուրդը ամբողջ, զրկուած է ե՛ւ սփիւռքի, ե՛ւ հայրենի հողերու վրայ:

Հողային, ստացուածքի, կորուստներու եւ բարոյական հատուցումի պահանջներ ունինք: Կը պահանջենք Հայաստանին կցել հայկական հողերը` Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը, Ախալքալաքն ու Լեռնային Գանձակը:

Կը պահանջենք մեր հայրենի հողերը Արեւմտեան Հայաստանի Ուիլսընեան սահմաններով: Կը պահանջենք հատուցում մեր վնասներուն եւ կորուստներուն համար:

Ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակի հսկայածաւալ եւ հիասքանչ հանդէսներն ու մամուլի, հեռատեսիլի, ձայնասփիւռի եւ եկեղեցիներու արձագանգները եկան հաստատելու, որ թուրքը առաջին ցեղասպանն է, որ` հայ ժողովուրդը անիրաւուած է եւ պահանջներ ունի:

Պիտի շարունակենք մեր գրոհն ու պայքարը, մեր քարոզչութիւնն ու պահանջները 1965-ի այս յիսնամեակի տարին եւ անկէ ետքն ալ, մինչեւ որ հայ ժողովուրդը տէր դառնայ իր մարդկային եւ ազգային իրաւունքներուն, մինչեւ որ ունենանք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:

Ընկերներու ճառերը ընդունուեցան բուռն ծափերով:

Նարեկ քհնյ. Շրիգեանի «Պահպանիչ»-ով վերջ գտաւ հանդէսը:

 

Հայ Կեանք

«Մայր Սոֆիա»

Ինչպէս գրած էինք ատենին, ազգային բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեան, որ կը բնակի Ֆրեզնօ (Քալիֆորնիա), 90 հազար տոլար նուիրած է հայկական ծերանոց մը հիմնելու համար Պէյրութի մէջ:

Այս առթիւ Ֆրեզնոյի «Ասպարէզ» թերթը կը գրէ, թէ Սոֆիա Յակոբեան, բացառիկ անհատականութիւն մը, որուն նմանը չունինք մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, միշտ ազգային-կրթական նպատակներու ցարդ նուիրած է 560 հազար տոլար:

Այսպէս, 15 տարի առաջ ՀՕՄ-ի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին նուիրած է «Լեւոն Յակոբեան դաշտավայրը»` 20 հազար տոլար արժողութեամբ: «Ասպարէզ»-ի համար երեք արդիական խանութներ` 30 հազար տոլար արժէքով: Աթէնքի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի շէնքին համար 30 հազար տոլար: Հայ կրթական հիմնարկութեան համար` 260 հազար տոլար: Պէյրութի մէջ ՀՅԴ ակումբի մը կառուցման համար` 50 հազար տոլար: Պուրճ Համուտի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճի շինութեան համար` 50 հազար տոլար: Աթէնքի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանին կից սրահի մը կառուցման համար` 20 հազար տոլար: ՀՕՄ-ին` 10 հազար տոլար: Եւ, վերջապէս, այս նոր նուէրը, Պէյրութի հայկ. ծերանոցին համար, 90 հազար տոլար:

«Ասպարէզ» կը վերջացնէ իր տեղեկատուութիւնը` յայտնելով, որ մեծ բարերարուհիին անունը այժմ ծանօթ է ամբողջ սփիւռքի մէջ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մի Բուռ Հայաստան` Լիբանանեան Բարկ Արեւի Տակ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?