Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Յուլիս 1965)

Յուլիս 20, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Ամերիկայի Շրջանի
Պատգամաւորական Ժողովի
Փակման Դաշտահանդէսը

«Հայ Դատը Պիտի Հետապնդուի
Մեր Բոլոր Միջոցներով»

Կիրակի, յուլիս 11-ին, «Հայաստան» քէմփին մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Ամերիկայի շրջանի 72-րդ Պատգամաւորական ժողովի փակման դաշտահանդէսը` ժողովրդական խուռն բազմութեան ներկայութեան:

Այս առթիւ «Հայրենիք» կը գրէ.

Յանուն Մեծագոյն Պոսթընի միջկոմիտէականին` հանդիսութիւնը պաշտօնապէս բացաւ Մկրտիչ Յարութիւնեան, ու մի քանի խօսքէ ետք, ատենապետութիւնը յանձնեց Ստեփան Տարտունիի:

Ս. Տարտունի, որ ներկայ էր 72-րդ Պատգամաւորական ժողովին, յայտարարեց, թէ ՀՅԴ պատգամաւոր ընկերները իրենց մօտ շաբթուան մը աշխատանքներու ընթացքին, յունիս 29-էն մինչեւ յուլիսի 3, միշտ առաջնորդուած են հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ հայրենի հողերու ազատագրութեան իտէալներէն: Ապա հրաւիրեց Մինաս Թէօլէօլեանը, որ յանուն ՀՅԴ 72-րդ Պատգամաւորական ժողովին ողջունեց ներկաները ու յայտարարեց, թէ մշակուած է նոր ծրագիր` հայ ժողովուրդի Դատը հետապնդելու համար: Ամերիկահայութիւնը միշտ առաջնակարգ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, ըսաւ ընկերը, որովհետեւ այս մեծ եւ ազատ երկրին մէջ ամէնէն աւելի կարելի է հետապնդել մեր Դատը, մեր իրաւունքները: Մեր քաղաքական օժանդակութեան պէտք ունի նաեւ արտասահմանը: Մեր կազմակերպութիւնը այսօր շատ աւելի կշիռ եւ արժէք կը ներկայացնէ քան` կարճ ժամանակ առաջ: Ներդաշնակ եւ միահամուռ կամք ստեղծուած է մեր ճիգերուն շարունակութեան համար:

Ատենապետին հրաւէրով խօսեցաւ Սեդրակ Մինաս (անգլերէն)` յանուն ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին, ու շեշտեց մասնաւորաբար, թէ յիսնամեակը սկիզբն է մեր աշխատանքներուն Հայ դատին համար, որուն հետապնդումը պիտի շարունակենք մեր բոլոր միջոցներով:

Թուրք կառավարութիւնը, ըսաւ ընկերը, մեծ գումարներ տրամադրած է մեր դէմ պայքարելու համար, որովհետեւ մտահոգ է: Մենք փաստեցինք աշխարհին, թէ Հայ դատը ողջ է, ու բոլոր հայերը պիտի օժանդակեն անոր յաջողութեան: Վճռական տարի մըն է ասիկա եւ նոր էջ մը պիտի գրուի մեր պատմութեան մէջ: Մենք կը հրաւիրենք նոր սերունդը, որ իր պարտականութիւնը կատարէ` մասնակցելով այս աշխատանքներուն:

Վերջին ատենախօսն էր տոքթ. Անդրանիկ Վարժապետեան, որ յանուն ՀՅԴ Գերագոյն մարմինին խօսելով` ըսաւ, ի միջի այլոց, թէ` հաւաքուած ենք այսօր յիշելու մեր ժողովուրդի անցեալը, պայքարները եւ խորհելու մեր ապագայի մասին:

Հիւսիս. Ամերիկայի եւ Քալիֆորնիոյ շրջանները ունեցան իրենց պատգամաւորական ժողովները եւ ձեզի կ՛ուղղեն այսօր իրենց պատգամը, այն հաւաստիքը, թէ մեր ժողովուրդին իրաւունքները պիտի չլքուին: ՀՅ Դաշնակցութիւնը պետութիւն չէ, սակայն 75 տարիներէ ի վեր ծառայած է ու կը ծառայէ հայ ժողովուրդին` իր աշխատանքով, իր արեան զոհաբերութեամբ: Ան պայքար մղած է մեր ժողովուրդի ազատագրութեան համար: Գտնուած են հայկական կազմակերպութիւններ, որոնք զանազան ձեւերով օժանդակած են հայ ժողովուրդին, սակայն միայն ՀՅ Դաշնակցութիւնն է, որ պայքարած է հայ ժողովուրդի ազատագրութեան համար:

Քաջալերական երեւոյթ է, շարունակեց Ա. Վարժապետեան, որ հայ ժողովուրդը եռանդով կը գործէ, կը փաստէ իր կամքը` հայրենի հողերու ազատագրութեան համար: Յանուն ՀՅԴ Գերագոյն մարմինին կը շնորհաւորեմ մեր ժողովուրդը եւ կը վստահեցնեմ ձեզ, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պիտի չլքէ իր աշխատանքները` մինչեւ իրագործումը իր առաքելութեան, մինչեւ ազատագրութիւնը հայրենի հողերուն եւ հայ ժողովուրդին:

Ներկաները ջերմօրէն ծափահարեցին ատենախօսները:

Ատենապետ Ս. Տարտունիի փակման խօսքերէն ետք, դաշտահանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ գիշեր:

 

Հարաւային Ֆրանսայի
Ազգ. Կեդր. Վարչութեան
Ընտրութիւնը

Յուլիս 4-ին տեղի ունեցան հարաւային Ֆրանսայի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Նորընտիր Ազգային երեսփոխանական ժողովի առաջին նիստի մասին հարաւային Ֆրանսայի Ազգային առաջնորդարանէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-

Հարաւային Ֆրանսայի հայոց թեմի նորընտիր Ազգային երեսփոխանական ժողովը իր առաջին նիստը ունեցաւ երկուշաբթի, 12 յուլիս 1965, ժամը 21-ին, Ազգային առաջնորդարանի ժողովասրահին մէջ չափազանց խաղաղ եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ:

Ընտրական յանձնախումբի ատենապետին զեկոյցէն ետք ժողովը առաջին հերթին ընտրեց իր դիւանը.

Գրիգոր Պաղտասարեան` ատենապետ
Եղիա Միհրանեան` փոխ ատենապետ
Վաղարշակ Տէր Վարդանեան` ատենադպիր:

Նորընտիր մայր դիւանը պաշտօնի հրաւիրուեցաւ խանդավառ ծափերու մէջ եւ ատենապետին շնորհակալութեան յուզումնախառն խօսքերէն անմիջապէս ետք ձեռնարկեց Ազգային կեդրոնական վարչութեան ընտրութեան: Միաձայնութեամբ ընտրուեցան`

Յակոբ Պապիկեան` ատենապետ
Վահագն Սահաթճեան` փոխատենապետ
Կարապետ Ճանիկեան` ատենադպիր:
Վարդան Պանտիկեան` գանձապահ:
Ժիրայր Տէր Վարդանեան:
Սարգիս Թէքեան:
Յարութիւն Ստեփանեան:

Ժողովականները, քաջալերուած մայր դիւանի եւ Կեդրոնական վարչութեան խաղաղ ընտրութեան բարի արդիւնքէն ձեռնարկեցին առաջնորդի ընտրութեան եւ եռանուն ցանկի վրայէն գաղտնի քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ ընտրեցին Արտաւազդ եպս. Թրթռեանը:

Խանդավառութիւնը կատարեալ էր: Ժողովականները զիրար կը շնորհաւորէին եւ իրենց ուրախ զգացումները կ՛արտայայտէին գողտրիկ ճառերով, որովհետեւ աւելի քան 20 տարիներէ ի վեր անկազմակերպ եւ լքեալ թեմ մը կ՛ունենար իր օրինական պաշտօնական մարմիններն ու ընտրեալ առաջնորդը:

Ժողովականները մեկնեցան` խոր գոհունակութիւնն իրենց սրտին:

ԴԻՒԱՆ
ԱԶԳ. ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ատենադպիր`
Կ. ՃԱՆԻԿԵԱՆ

Ատենապետ`
Յ. ՊԱՊԻԿԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արցախի Պատանիները, Ասես, Յունաստան Եկած Դեսպաններ Լինեն. Խ. Խաչատուրեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?