Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Յուլիս 1965)

Յուլիս 22, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Ուսումնական Արեւելում
(Վերատեսութեան Մը Անհրաժեշտութիւնը)

Ա.

Երկար ատեն Հայ առաքելական համայնքը զրկուած էր ազգային երկրորդական վարժարաններու բարիքէն:

Հակառակ անոր որ Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ ունէինք նախակրթարաններու լայն ցանց մը, սակայն չունէինք ազգային երկրորդական վարժարաններ. ուստի, մեր տղաքը, նախակրթութեան շրջանը բոլորելէ ետք, ափ կ՛առնէին յաճախ օտար կրթական հաստատութեանց դուռերը:

Եւ կը պատահէր անխուսափելին. հեռանալով մեր կրթական հարազատ յարկերէն մատաղ տարիքի մէջ, իրենց կազմաւորման ամէնէն փափուկ շրջանին, տասնեակ հազարներ հաշուող այդ տղաքը կը զրկուէին ազգային, հայեցի լայն դաստիարակութեան կենարար աւիշէն:

Կը զրկուէին տոհմիկ դաստիարակութենէ, ինչ որ կենսական նշանակութիւն ունի մատաղ սերունդներու մտքի ու նկարագրի կազմութեան ու զարգացման, գիտակից հայ մարդու եւ հայ մտաւորական սերունդներու պատրաստութեան, մանաւա՛նդ մեր ազգային դիմագիծի անաղարտ պահպանման տեսակէտէն:

Դժուար պիտի ըլլար պատկերացնել այսօր, թէ ի՛նչ նկարագիր պիտի ունենար հայ կեանքը, մանաւանդ` մեր երիտասարդութիւնը, եթէ չըլլային Համազգայինի Ճեմարանը եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, ինչպէս նաեւ` քոյր յարանուանութեանց պատկանող կարգ մը երկրորդական վարժարաններ:

Նո՛յնպէս, դժուար է պատկերացնել Լիբանանի պէս հայահոծ ու բարգաւաճ գաղութի մը կրթական կեանքը` առանց ազգային երկրորդական վարժարաններու կենսունակ ու բեղուն ցանցի մը:

Այժմ ուրախութիւն է հաստատել, թէ այդ ցանցը ստեղծուելու վրայ է, ստեղծուած է արդէն` գոհացնելով կենսական ու անյետաձգելի պահանջ մը:

Միայն վերջին քանի մը տարիներուն, շնորհիւ Ազգ. իշխանութեանց ճիգերուն եւ հայ ազնուական երկու բարերարներու` Սուրէն Խանամիրեանի եւ Սոֆիա Յակոբեանի զոհաբերութեան, Հայ առաքելական համայնքը ունեցաւ երեք երկրորդական վարժարաններ` «Ս. Խանամիրեան» քոլեճը` Պէյրութի մէջ, «Ս. Յակոբեան» քոլեճը` Պուրճ Համուտի մէջ եւ «Յառաջ» քոլեճը` Այնճարի մէջ (վերջինը այս տարի տուաւ արդէն իր առաջին շրջանաւարտները):

Տարայոյս չկայ, որ այս երեքին մօտ ապագային պիտի հետեւին նաեւ ուրիշներ, որոնց շնորհիւ մեր կրթական եւ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ մշակութային կեանքը նոր թափ ու թռիչք պիտի ստանայ, պիտի ծաղկի ու բարգաւաճի ըստ ամենայնի:

Տարակոյս չկայ նաեւ այն մասին, թէ մեր նորաբաց երկրորդական վարժարաններուն վերապահուած է վճռական դեր մը, նոյնիսկ առաքելութիւն մը` հայեցի դաստիարակութեան, բայց մասնաւորաբար` հայ մտաւորական հաւատաւոր սերունդներու պատրաստութեան մարզին մէջ:

Երկրորդական վարժարաններու ստեղծումը, սակայն, նոր հարցերու եւ նո՛յնքան ծանր պատասխանատուութիւններու առջեւ կը դնէ մեզ` իբրեւ համայնք, նոր սերունդներու առողջ եւ բազմակողմանի պատրաստութեան տեսակէտէն:

Ամէնէն առաջ անհրաժեշտ է կազմակերպել, լայնօրէն ուսումնասիրուած ու դասաւորուած ծրագրով, հայեցի դաստիարակութեան գործը:

Այս ուղղութեամբ շատ բան ունին ընելիք մանաւանդ մեր ազգային պատկան մարմիններն ու կրթական մշակները, յատկապէս` համապատասխան դասագիրքերու պատրաստութեան եւ ազգային բոլոր վարժարաններուն մէջ աշխատանքի ընդհանուր համակարգում ու ներդաշնակութիւն ստեղծելու դիտաւորութեամբ:

Ուրախառիթ է հաստատել նոյնպէս, որ մեր բոլոր վաժարանները անխտիր սկսած են կիրարկել ուսումնական լիբանանեան պետական ծրագրերը` նախակրթարաններէն սկսեալ մինչեւ երկրորդական վարժարան, որպէսզի մեր մատաղ սերունդները լաւագոյն ձեւով պատրաստուին կեանքին համար:

Ի հարկէ, այս առթիւ ալ անհրաժեշտ եղաւ բացառիկ ճիգեր գործ դնել եւ, շնորհիւ թափուած այդ ջանքերուն, այսօր մեր տղաքը կը պատրաստուին պետական սերթիֆիքայի նախակրթարաններու մէջ եւ պետական պաքալորէայի` երկրորդական վարժարաններու մէջ:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ այս ուղղութեամբ ձեռք բերուած արդիւնքները աւելի քան խրախուսիչ են, եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ լաւատեսութեան եւ խանդավառութեան նոր ալիք մը ստեղծուած է ժողովրդական լայն խաւերու մէջ` մեր վարժարաններուն նկատմամբ:

Կը մնայ, որ այս ճիգերը շարունակուին աւելի լայն թափով, որպէսզի մեր կրթական գործը աստիճանաբար հասնի զարգացման արժանավայել մակարդակի:

Անհրաժեշտ է մանաւանդ ուսումնական լիբանանեան պետական ծրագիրը այնպիսի ձեւով մը համադրել ու ներդաշնակել հայկական առարկաներու աւանդման ծրագրին հետ, որ հայեցի դաստիարակութեան գործը չտուժէ մեր կրթական օճախներուն մէջ:

Այս մարզին մէջ եւս պէտք է բացառիկ ճիգեր թափուին, մանաւանդ` հայ աշակերտի մտայնութեան եւ մեր վարժարաններու պայմաններուն յարմար արաբերէն դասագիրքերու պատրաստութեան եւ ուսուցման գերարդիական միջոցներու եւ դրութիւններու կիրարկման ուղղութեամբ:

Միւս կողմէ, դրական այս կէտերու նշումէն ետք, պէտք է անդրադառնալ նաեւ բացասական երեւոյթի մը, որ անհեթեթ ըլլալու աստիճան անհանդուրժելի իրողութիւն մըն է դժբախտաբար:

Արդ, ցաւալի է հաստատել, թէ ազգային մեր գրեթէ բոլոր նախակրթարանները, 24-ի վրայ գրեթէ 24-ը, լքած են ֆրանսերէնը եւ, իբրեւ օտար լեզու, չես գիտեր ինչո՛ւ եւ ի՛նչ տրամաբանութեամբ, որդեգրած են միայն անգլերէնը:

Մեր երեք քոլեճները նո՛յնպէս, արաբերէն առարկաներու կողքին, ուսումնական լիբանանեան պետական ծրագիրը կը կիրարկեն հետեւողութեամբ անգլիական, աւելի ճիշդ, միայն ու բացառաբար ամերիկեան ուսումնական ծրագրին` հիմնովին հրաժարելով ֆրանսական ծրագրէն:

Տարօրինակ է, բայց նաեւ իրականութիւն է, որ այս զարտուղութիւնը տեղի ունեցած է Ազգ. իշխանութեանց եւ մասնաւորաբար Ազգ. Ուսումնական խորհուրդի մշակած ուսումնական ծրագրին, բազմիցս տուած ու վերահաստատած որոշումներուն ու հրահանգներուն հակառա՛կ:

Տեղի ունեցած է պարզապէս ամբոխային տրամաբանութեան մը մղումին տակ, իբր թէ գործնապա՜շտ ոգիի մը անսալով եւ, այսպէս կոչուած, տեղական պայմաններու յարմարելո՜ւ դիտումով:

Կը հետեւի՞ ուրեմն, որ հօտը «կը մերժէ» հովիւին ղեկավարութիւնը: Կը հետեւի՞ նոյնպէս, որ այսուհետեւ ամբոխային տրամաբանութիւնը պիտի կլլեցուի իբրեւ իմաստութեան դեղահատ…

Ըմբռնելի՞ է սակայն, որ ա՛յսքան պատասխանատու գործի մը մէջ այս աստիճան անպատասխանատո՛ւ վերաբերում ցոյց տրուի, յանուն… գործնապաշտութեան:

Ներելի՞ է մանաւանդ, որ մեր կրթական գործը եւ մատաղ սերունդներու դաստիարակութիւնը միակողմանի բնոյթ ստանայ եւ մտնէ բոլորովին զարտուղի հունի մը մէջ:

Զարտուղի` թէ՛ ազգային տեսակէտէն եւ թէ՛ լիբանանեան իմաստով:

Եւ որպէսզի աւելի պերճախօս դառնայ իրականութիւնը, խօսինք փաստերով:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Բուռն Բախումներ Պէյրութի Սահմանագիծին Եւ Սաննինի Բարձունքներուն Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?