Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Յուլիս 1966)

Յուլիս 4, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարզական Կեանքը
Պուրճ Համուտի Մէջ

Պուրճ Համուտի մէջ ՀՄԸՄ-ի հսկողութեան տակ նոր եռանդ ստացած է մարզական կեանքը: Երիտասարդներ ու պատանիներ, խանդավառ, կու գան խտացնելու շարքերը համազգային այս մեծ կազմակերպութեան:

Պատասխանատու մարզիչներու հսկողութեան տակ, հարիւրաւոր մարզիկներ, որոնք մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի երկրորդական խումբերուն, ամէն կիրակի կը կատարեն փորձ-մրցումներ:

ՀՄԸՄ-ի վարչութեան կազմած երկրորդական խումբերու պատասխանատու յանձնախումբը իր կարելին կ՛ընէ գոհացում տալու համար այս վառվռուն տղոց` կազմակերպելով միջմիութենական մրցաշարքեր:

Վերջին մրցաշարքը տեղի ունեցաւ վեց խումբերու միջեւ, յունիս 26-ի կիրակին, Սին էլ Ֆիլի դաշտին վրայ:

Իրարու դէմ ճակատեցան` «Խանասոր», «Գէորգ Չաւուշ», «Քրիստափոր», «Ռոստոմ», «Զաւարեան», եւ սկաուտներու երկրորդական խումբերը:

Մրցումները տուին հետեւեալ արդիւնքները.

«Գէորգ Չաւուշ» ուշ ժամանած ըլլալով` «Խանասոր» ինքնաբերաբար յաղթական հանդիսացաւ:

«Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» հաւասար արդիւնքով վերջացուցին իրենց մրցումը: Իւրաքանչիւր խումբին տրուած հատուցումի երեք հարուածներէն ետք, «Քրիստափոր» յաղթեց «Ռոստոմ»-ին` նշանակելով 3 կէտ, «Ռոստոմ»-ի 2-ին դէմ:

«Խանասոր» յաղթեց սկաուտներուն 2 – 0 արդիւնքով: «Զաւարեան» դաշտ չէր ներկայացած:

Աւարտական մրցումը տեղի ունեցաւ «Քրիստափոր»-ի եւ «Խանասոր»-ի միջեւ: Հետաքրքրական մրցումէ մը ետք, «Խանասոր» փայլուն յաղթանակ մը տարաւ եւ տիրացաւ վարչութեան տրամադրած բաժակին:

Նոյն օրը «Խանասոր»-ի փոքրերը եւ «Գէորգ Չաւուշ»-ի փոքրերը բարեկամական հաճելի մրցում մը ունեցան: Կէս ժամ տեւած այս մրցումին «Գէորգ Չաւուշ» յաղթեց 3 – 1 արդիւնքով:

Իսկ Սալամի դաշտին վրայ, երկրորդական խումբերէն «Դրօ» բարեկամական մրցում մը ունեցաւ «Սալեմ Տիֆաա»-ի դէմ:

Մրցումներու ամբողջ տեւողութեան խումբերու ցուցադրած մարզական ոգին եւ կարգապահ կեցուածքը արժանի է ամէն գնահատանքի:

 

Պէյրութ Կղզիի Պիտի Վերածուի

Սքանչելի Եւ Օգտակար Ծրագիր Մը`
Լիբանանի Մայրաքաղաքը Գեղեցկացնելու Համար

Տասը տարի առաջ, երբ սեղանի վրայ եկաւ Պէյրութի գետը բարեզարդելու խնդիրը, նոյն ատեն ներկայացուեցաւ ծրագիր մը` ծովային ջրանցքի մը բացման համար: Այս ջրանցքը Պէյրութի գետաբերանը պիտի միացնէր ծովուն, «Ռիւիերա» ծովային բաղնիքին մօտերը:

Իրականութեան մէջ Պէյրութի գետին բարեզարդման համար մինչեւ հիմա կատարուած բոլոր ուսումնասիրութիւնները դրական որեւէ արդիւնք չեն կրնար տալ` առանց հաշուելու նաեւ, որ այդ ծրագիրը պիտի արժէ 50 միլիոն լ. ոսկի: Ծովուն ջուրը ներս մտցնելով Պէյրութի գետաբերանէն եւ զայն կասեցնելով ամբարտակի մը առջեւ` ջրանցքը աւազով կը լեցուի ու անպէտք կը դառնայ օր մը:

Ճարտարագէտ Փոլ Եաննի Փափատափուլոս պատրաստած է ծրագիր մը, որուն համաձայն, օգտակարը հաճելիին խառնելու միակ միջոցն է Պէյրութը դարձնել կղզի մը, ինչ որ հարաւային եւ արեւելեան արուարձանները պիտի վերածէ հաճելի շրջանի մը: Ասոր համար Պէյրութի գետին հունը հարկ պիտի ըլլայ վերածել ծովային ջրանցքի մը, որ պիտի երկարի մինչեւ Պէյրութի արեւմտեան եզերքները` գետաբերանը միացնելով Պէյրութի արեւմտեան մասին: Այլ խօսքով, պիտի միացնէ երկու ծովերը: Ծովային այս ջրանցքը պէտք է ունենայ հետեւեալ յատկանիշները.

1) Երկու ծայրամասերուն վրայ ջուրին խորութիւնը պիտի ըլլայ 6 մեթր:
2) Երկարութիւն` 7,5 քմ:
3) 50 մեթր նաւարկելի լայնք, իսկ ծայրերուն վրայ, 300 մեթր երկարութեամբ, 100 մեթր լայնք:
4) Պիտի շինուի չորս քարափ, իւրաքանչիւրը` 300 մեթր երկարութեամբ, ամէն մէկ ծայրամասին վրայ` երկու:
5) Վեց շարժական կամուրջ:
6) Ջրանցքին երկու ափին վրայ 35 մեթր լայնքով երկու քոռնիշ:

Ծրագրին Առաւելութիւնները

Ծովային այս ջրանցքը պիտի ունենայ հետեւեալ առաւելութիւնները.

1) Պէյրութի գետաբերանին վրայ պիտի ստեղծուին երկու քարափներ` ծանր ապրանքներու եւ Թրիփոլիէն ու Կիպրոսէն եկող առագաստանաւերու համար, ինչ որ խճողումէ պիտի փրկէ Պէյրութի նաւահանգիստին թիւ 1 աւազանը:

2) Ջրանցքին արեւմտեան ծայրամասին վրայ պիտի շինուին երկու քարափներ, մէկը ձկնորսութեան, միւսը` նաւարշաւի համար:

3) Ձմեռը Մեթնէն իջնող ջուրերը ներկայիս Տորայի հիւսիսային կողմէն ծով կը թափին` Տորայի ու Սին էլ Ֆիլի խճուղիներուն տակ շինուած ջրանցքներէն անցնելով: Ասիկա կը հանդիսանայ պատճառ մը` Պուրճ Համուտի ցած շրջանին ողողման, որովհետեւ խճուղիներու տակ գտնուող ջրանցքները չեն կրնար մաքրուիլ: Այս պատճառով լիբանանեան կառավարութիւնը տարեկան հարիւր հազարներու հասնող հատուցումներ կը վճարէ: Ծովային ջրանցքը պիտի կանոնաւորէ այս կացութիւնը:

4) Թրիփոլիէն Պէյրութ եկող եւ անկէ հարաւ ուղղուող առագաստանաւերը աւելի կարճ ճամբայ մը պիտի կտրեն:

5) Փոթորիկի ժամանակ առագաստանաւերը ապաստան պիտի գտնեն ջրանցքին մէջ:

6) Ջրանցքին երկու կողմերը գտնուող քոռնիշները եւ շինարարական նոր գօտիները պիտի գեղեցկացնեն Պէյրութն ու իր արուարձանները:

7) Պէյրութը կղզիի վերածելով` մայրաքաղաքը պիտի ունենայ 30 միլիոն քառակուսի մեթր ազատ գօտի մը:

Այս ծրագրին համար ծախս կը նախատեսուի 150 միլիոն լ. ոսկի: Այս գումարը կարելի է գոյացնել` գանձումներ կատարելով այն հողատէրերէն, որոնց հողը պիտի արժեւորուի ծովային ջրանցքին բացումով:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Միջազգային Պաքալորէա Լիբանանցի Աշակերտներու Համար Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?