Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Յունիս 1966)

Յունիս 20, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աբեղայական Ձեռնադրութիւն Անթիլիասի Մէջ

 Նորընծաները Կոչուեցան
Ոսկան Աբեղայ Եւ Զարեհ Աբեղայ

Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ մասնաւորապէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան համար երէկ` 19 յունիսի կիրակին, ուրախութեան օր մը եղաւ:

Դպրեվանքի ընծայարանէն երկու շրջանաւարտներ` Կարպիս Ա. սրկ. Մխիթարեան, ծնեալ Զահլէ, 1946 եւ Մինաս Ա. սրկ. Ազնաւորեան, ծնեալ Պէյրութ, 1947, Անթիլիասի կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, հանդիսաւոր արարողութեամբ աբեղայ ձեռնադրուեցան` ինքզինքնին նուիրելով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան թիւը բարձրացնելով 32-ի:

Պատարագեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս:

Կարպիս սրկ. Մխիթարեան կոչուեցաւ Ոսկան աբեղայ եւ Մինաս սրկ. Ազնաւորեան կոչուեցաւ Զարեհ աբեղայ: Այնուհետեւ պատարագիչ սրբազանը խօսեցաւ հոգեշունչ քարոզ մը:

Թուելէ ետք այն ծանր, բայց քաղցր պարտականութիւնը, որ յատուկ է հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի նուիրեալին, սրբազան հայրը, իր խօսքը ուղղելով նորընծաներուն, մաղթեց, որ ըլլան արժանի յաջորդները այն անուններուն, զոր բախտը ունեցան կրելու, Ոսկան վարդապետին, Աւետարանի առաջին տպագրիչին եւ երանաշնորհ Զարեհ կաթողիկոսին, սրբակենցաղ վեհափառին Տանն Կիլիկիոյ:

 

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներուն Ամառնային
Եղանակի Գործունէութիւնը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի սկաուտական խումբերը ամառնային եղանակի համար բաւական ծանրաբեռնուած ծրագիր մը ունին իրագործելի:

Մասնաճիւղերը իրենց աշխատանքներուն` հաւաքոյթներու, բանակումներու, արշաւներու կողքին, զանազան հանդէսներով հայ հասարակութիւնը մասնակից դարձուցին իրենց խանդավառ գործունէութեան:

Այժմ կը պատրաստուին իրագործելու Շրջանային խորհուրդի պատրաստած դպրոց-բանակումներու շրջանը եւ մասնակցելու ընդհանուր բանակումին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օգոստոս 16-23, եւ շատ հաւանաբար զուգադիպի միջհայկական ընդհանուր բանակումին:

Դպրոց-բանակումներէն առաջինը, յատուկ` գայլիկ աստիճանաւորներու պատրաստութեան, տեղի ունեցաւ շաբաթ 4 եւ կիրակի 5 յունիսին, Ատոնիսի մէջ: Մասնակցեցան Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի աւելի քան երեսուն գայլիկ աստիճանաւորները: Աշխատանքի վարժութեան բանակում մը եղաւ: Մասնակցողները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ գնահատելի կարգապահութեամբ հետեւեցան երէց աստիճանաւորներու տուած դասախօսութեանց եւ ցուցմունքներուն:

Կրթական նախարարութեան ներկայացուցիչը, ինչպէս` միւս դպրոց-բանակումներուն, այս բանակումին ալ այցելեց եւ իր զեկուցումը տուաւ սկաուտական ֆետերասիոնին եւ կրթական նախարարութեան:

Երկրորդ դպրոց-բանակումը տեղի պիտի ունենայ 8, 9 եւ 10 յուլիսին, յատուկ` խմբապետներուն համար: Երրորդ դպրոց-բանակումը տեղի պիտի ունենայ 23, 24, 25 եւ 26 օգոստոսին, առաջին  կարգի սկաուտներու պատրաստութեան համար:

Նախատեսուած են նաեւ գայլիկներու ընդհանուր բանակում մը, որ տեղի պիտի ունենայ 24, 25, 26 եւ 27 յունիսին եւ սկաուտներու ընդհանուր բանակում մը, որ տեղի պիտի ունենայ յուլիսին: Իսկ սկաուտներու ընդհանուր բանակումը, 16-23 օգոստոս, պիտի փակուի աւանդական դարձած ընդհանուր բանակում հաւաքոյթով` մասնակցութեամբ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի բոլոր սկաուտներուն, գայլիկներուն, արենուշներուն եւ երէցներուն:

Ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ ծրագրուած է կազմակերպել միջհայկական սկաուտական բանակում մը: Այս նպատակով շրջաբերականներ ուղարկուած են աւելի քան տաս երկիրներու մէջ գործող հայ սկաուտական միութիւններու:

Այս տարի Լիպիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ միջարաբական երկիրներու սկաուտական ճեմպորին:  ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ալ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի միջոցով հրաւէր ստացած են մասնակցելու այս մեծ բանակումին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օգոստոս 10-25:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ՀԿՀՄ-ի Միջդպրոցական 5-րդ Զարգացման Մրցումը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?