Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Յուլիս 1966)

Յուլիս 14, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կեանք

ՀԵ Դաշնակցութեան Շաբաթը
Միչիկընի Մէջ

Միչիկընի կառավարիչ Ճորճ Ռոմնի յուլիս 3-էն 10-ը յայտարարած էր «Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան շաբաթ» Միչիկընի նահանգին համար, նկատելով, որ այդ օրերուն Տիթրոյիթի մէջ պիտի գումարուէր կազմակերպութեան 33-րդ Պատգամաւորական ժողովը:

Այս առիթով, մասնաւոր յայտարարութիւնով մը, կառավարիչը շեշտած է, թէ ՀԵ Դաշնակցութիւնը «նուիրուած է ազատութեան եւ ժողովրդավար սկզբունքներու պաշտպանութեան ու տարածման»:

Ընկ. Ա. Եմէնիճեան
Քոնկրեսի Թեկնածու

Տիթրոյիթի մեր ընկերներէն Արփօ Եմէնիճեան թեկնածու է ամերիկեան Քոնկրեսին, Միչիկընի 15-րդ ընտրական շրջանէն, Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ:

Ընկ. Եմէնիճեան կարդացած է, յանուն կառավարիչ Ռոմնիի, յայտարարութիւնը` ՀԵԴ Պատգամաւորական ժողովին:

Ընկ. Արսէն Ասատուրեանի
Մահը

Քանատայի Համիլթըն քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է ընկ. Արսէն Ասատուրեան:

Քանատա հաստատուած էր 1908-ին: ՀՅԴ շարքերը մտած էր հայրենիքէն: Վարած էր վարչական պաշտօններ եւ երկար ժամանակ եղած էր «Հայրենիք»-ի գործակալ:

Գործունեայ դաշնակցական` սիրուած էր բոլոր ընկերներէն:

Վաթսուն տարուան իր կուսակցական ծառայութիւններուն համար, ստացած էր ոսկեայ շքանշան` ՀՅԴ Կ. կոմիտէի կողմէ:

Յունահայ Թեմի
Պատգամաւորական Ժողովը

Աթէնքի մէջ գումարուած է յունահայ թեմի  Պատգամաւորական ժողովը` նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Սահակ արք. Այվազեանի եւ ներկայութեամբ Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ գաւառներու 32 պատգամաւորներու:

Ժողովը ունկնդրելէ ետք Ազգ. Կեդր. վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետներուն տուած զեկուցումները, գտած է զանոնք խիստ քաջալերական եւ տուած` գնահատանքի համապատասխան բանաձեւեր:

Արդարեւ, Ազգ. Կեդր. վարչութիւնը իր գործունէութեան ընթացքին արդիւնաւոր աշխատանքներ կատարած է շինարարական մարզէ ներս:

Վերակազմուած են գաղութի կեդրոնի եւ գաւառներու թաղային խորհուրդները, եւ բոլոր շրջանները օժտուած են իրենց իրաւասու ազգային իշխանութիւններով:

Շնորհիւ պետական շրջանակներու հետ մշակուած սերտ յարաբերութեան` քաղաքացիութեան հարցը յանգած է յաջող ելքի մը, որմէ նպաստաւորուած են բազմաթիւ հայրենակիցներ:

Ազգապատկան անշարժ կալուածները զերծ կացուցուած են կալուածային տուրքերէ:

Կատարուած են ակնառու ձեռնարկներ` յունահայ գաղութը տնտեսապէս ինքնաբաւ դարձնելու համար:

Տոքթ. Վահագն Տատրեանի
Դասախօսութիւնները

Ընկերաբաններու միջազգային միութեան 6-րդ համաշխարհային համագումարին մասնակցելու համար տոքթ. Վահագն Տատրեան յատուկ կերպով հրաւիրուած է ներկայացնելու համար իր թեզը Խորհրդային Միութեան ազգութիւններու մասին:

Դասախօսութեան նիւթն է` «Խորհրդային դիրքաւորումի փուլերը ազգութիւններու խնդրին մէջ»: Համագումարը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 4-11, Էվիան, Ֆրանսա:

Իսկ ամերիկեան ընկերաբանական միութեան տարեկան համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ նոյնպէս այս ամառ, Մայամի Պիչ, Ֆլորիտայի մէջ, տոքթ. Վահագն Տատրեան պիտի ներկայացնէ բոլորովին նոր վարկած մը` «Արդիական ազգայնապաշտութեան կառուցուածքային տարրերը», որ պիտի կարդացուի համագումարի գլխաւոր մէկ ստորաբաժնի` միջազգային յարաբերութիւններու նիստին մէջ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հոգեբանական Փորձ. Ի՞նչ Տեսաք Նկարին Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?