Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Յուլիս 1966)

Յուլիս 5, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Խրախուսիչ Պատկեր

(Կրթական Տարեփակին Առիթով)

Տարուէ տարի յարաճուն լաւատեսութիւն մը կը համակէ մեզ` ի տես այն առատ հունձքին, զոր կ՛ունենանք կրթական ճակատի վրայ:

Ուսեալ ու զարգացած սերունդներ հասցնել` կը նշանակէ ժամանակին հետ քալել: Կը նշանակէ` բարձրացնել մեր որակը թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական գետնի վրայ:

Կը նշանակէ, տակաւին, ոչ միայն յամենայնի՛ օգտակար ու գիտակից քաղաքացիներ, այլեւ` գիտակից, տոկուն ու հաւատաւոր հայեր պատրաստել:

Ապահովե՛լ ապագան: Ապահովել ու ամրապնդել մեր հաւաքական գոյութիւնը, որովհետեւ ո՛րքան առաջ ընթանան նոր սերունդները, ա՛յնքան աւելի առաջ կ՛երթայ ազգը: Ո՛րքան ապահով ըլլան հայ նոր սերունդները, ա՛յնքան աւելի ապահով կ՛ըլլայ հայութիւնը: Նոր սերունդները ո՛րքան լայնօրէն պատրաստ ըլլան կեանքի պայքարին, ա՛յնքան աւելի պայքարունակ կը դառնայ ժողովուրդը բոլոր ճակատներուն վրայ:

Առողջ, գիտակից, հաւատաւոր, նկարագիր եւ իտէալ ունեցող սերունդներով միայն հայութիւնը կրնայ սրբագրել իր ճակատագիրը եւ արժանաւորապէս ծառայել իր ազգային պատմական առաքելութեան:

Ի բնէ լուսաբաղձ ժողովուրդ, մեր պատմութեան բոլոր դարերուն, հայութիւնը ոչ մէկ զոհողութեան առջեւ կանգ առաւ ընտրելագոյն սերունդներ պատրաստելու եւ անոնց միջոցով լաւագոյն ապագայ մը նուաճելու համար:

Նոյնն է պատկերը նաեւ այսօր, գաղթաշխարհի բոլոր անկիւններուն, բայց մասնաւորաբար` լիբանանահայ գաղութին մէջ:

Արդարեւ, ամէն տարի ամերիկեան, ֆրանսական եւ պետական համալսարաններէն բազմահարիւր հայ ուսանողներ կը վկայուին` իբրեւ բժիշկ, երկրաչափ, դեղագործ, ճարտարապետ եւ այլ զանազան ճիւղերու մասնագէտներ:

Հայ եւ օտար երկրորդական վարժարաններէ բազմահազար հայ շրջանաւարտներ կ՛ունենանք: Նոյնքան եւ աւելի՛ առատ է բերքը մանաւանդ հայկական նախակրթարաններէ, որոնց աւարտականներուն թիւը նմանապէս հազարներով կը հաշւուի:

Կը հետեւի ուրեմն, որ հայութիւնը առաջ կ՛երթայ: Մեր քանակին հետ կը բարելաւուի նաեւ մեր որակը թէ՛ մտաւորական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ մշակութային չափանիշով:

Հայ միտքը, հայ տաղանդը կը ծաղկի ամէնուրեք: Հայ մարդը տնտեսապէս կը բարգաւաճի: Ամէն մարզի մէջ նորանոր նուաճումներ կը կատարուին եւ նորանոր գագաթներ կը նուաճուին: Հայ մարդիկ իրենց ճակտի արդար քրտինքով, ձեռներէցութեամբ ու հայավայել յամառութեամբ նախանձելի դիրքերու կը տիրանան:

Եւ այս պատկերը աւելի՛ քան խրախուսիչ է:

Կը մնայ, որ ծաղկուն ու ծաղկող մեր ուժերը ի սպաս դրուին ոչ միայն մեր անհատական բարօրութեան, այլեւ, այլ մանաւանդ հայութեան բարձրացման: Մեր հաւաքական կեանքի բարգաւաճման ու զարգացման:

Նիւթական, տնտեսական ու մշակութային մարզի մէջ մեր նուաճումները անհրաժեշտ է ծառայեցնել հայկական ընդհանրական նպատակներու եւ ամէնէն աւելի հայ մշակոյթի զարգացման:

Էականը այն չէ, թէ մենք որքա՛ն առաջ կ՛երթանք անհատապէս: Էականը այն է, թէ մենք որքա՛ն առաջ կ՛ընթանանք հաւաքաբար:

Էականը հայութեան բարձրացումն ու զօրացումն է: Մեր ազգային ընդհանրական կեանքի առաւե՛լ կազմակերպումն ու ուռճացումը: Հայ ժողովուրդի ցեղային դիմագիծի անաղարտ պահպանումն ու յաւերժացումը:

Ուստի մեր բոլոր սերունդներուն նշանաբանը պէտք է ըլլայ եւ մնայ`

«Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»:

 

Ակնարկ

Ծրագիրնե՜ր, Ծրագիրնե՜ր

Նարդունի սիրով պիտի ստորագրէր այս խորագրին տակ:

Բայց` միայն խորագրին: Որովհետեւ անոր տակ գտնուող նիւթը ո՛չ Նարդունին կը հետաքրքրէ, ո՛չ ալ անոր ապրած երկիրը, թէեւ կ՛ըսուի, թէ Ֆրանսա հարիւր միլիոն ֆրանք (անշուշտ նոր) տրամադիր է յատկացնելու մեր երկրի վերաշինական աշխատանքներուն:

Գրեթէ ամէն օր լիբանանեան թերթերը կը խօսին շինուելիք կամուրջներու, բացուելիք փապուղիներու, կառուցուելիք ճամբաներու, նոյնիսկ Պէյրութը կղզիի վերածելու մասին: Տեղ տեղ մինչեւ իսկ որոշ աշխատանքներ սկսած են: Բայց այս ծրագիրները այնքա՜ն գեղեցիկ են, որ թերահաւատ լիբանանցին շօշափելի արդիւնքներու կը սպասէ խանդավառուելու համար:

Կ՛ըսուի, թէ յառաջիկայ տասը տարիներու ընթացքին Պէյրութ պիտի կերպարանափոխուի: Բայց մինչ այդ պէյրութցին պէտք է Յոբի համբերութիւն ունենայ` կարենալ տոկալու համար առօրեայ դժուարութիւններուն: Օրինակ, պաղարիւնը պէտք չէ կորսնցնէ, եթէ Ռիատ Սոլհ հրապարակէն Պուրճ երթալու համար պարտաւորուած կ՛ըլլայ դանդաղութեան մրցանիշը կոտրելու, որովհետեւ իշխանութիւնները կը խոստանան յառաջիկային քսան վայրկեանէն զինք Պէյրութէն Շթորա հասցնել` շնորհիւ ճափոնական փապուղիին:

Դարձեալ պէտք չէ նեղուի, եթէ արեւելեան մուտքի մայրուղիին վրայ նորոգութեան աշխատանքները փոխանակ մայիսին կամ գոնէ յունիսին ըլլալու, կը կատարուին հիմա, երբ գիւղագնացութեան եղանակը սկսած է եւ բոլոր լեռ ելլողները ստիպուած են այդ ճամբէն անցնիլ…

Մանաւանդ բնաւ պէտք չէ ազդուի, երբ Պիքֆայայի օդափոխութեան կեդրոնի մուտքին պէտք է անպայման քիթը բռնէ կարենալ անցնելու համար գարշահոտութեանց ընդմէջէն:

Ապագային համար մտածելը լաւ է: Բայց ներկան կարելի չէ զոհել ապագային, մանաւանդ երբ թէական է:

X

  Հայ Կեանք

Ի Պատիւ Երուսաղէմի
Հայ Շրջանաւարտներուն

ՀՕՄ-ի Երուսաղէմի  մասնաճիւղը, ի պատիւ բոլոր վարժարաններէն ելած հայ շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներու, ուրբաթ, 24 յունիս, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀՄԸՄ-ի ակումբին մէջ տուած է օշարակասեղան մը:

ՀՕՄ-ի ատենապետուհի Զուարթ Սթամպոլեանի բացման խօսքէն ետք, ստեղծուած զուարթ ու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ, տեղի ունեցած են երգ, արտասանութիւն, նուագ եւ հաճելի վիճակախաղ մը:

Խօսք առած է «Սրբոց Թարգմանչաց» վարժարանի տեսուչ Կիւրեղ վրդ. Գաբիկեան:

Փակման խօսքը ըրած է ՀՄԸՄ-ի վարչութեան ատենապետ Մեսրոպ Երկաթեան:

Երեկոյթը վերջ գտած է «Հայր մեր»-ով:

Օտար վարժարաններէն շրջանաւարտ եղած են 7 հոգի, «Սրբոց Թարգմանչաց» վարժարանէն` 14 հոգի:

Թէ՛ օտար եւ թէ՛ «Սրբոց Թարգմանչաց» վարժարանի շրջանաւարտները իրենց վկայականին արժանացած են գնահատանքի նիշերով:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ապրիլեան Պատերազմին Իսրայէլեան Գործօնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?