Նոր Գիրքեր
«Ճէյմս Պոնտ» Հայերէնով
Գիտէինք, թէ չի կրնար ուշանալ, բայց ուրախ ենք, որ մեր սպասումը վարձատրուեցաւ արդարօրէն եւ պատշաճ եղանակով: «Մանուկեան» հրատարակչական տան նախաձեռնութեամբ, վերջապէս լոյս տեսաւ ամերիկացի հռչակաւոր գրագէտ եւ վիպասան Եան Ֆլեմինկի նոյնքան հռչակաւոր գործին առաջին հատորը` «Քազինօ Ռուայեալ», որուն հերոսը, ինչպէս Ֆլեմինկի բոլոր գործերուն, աննուաճելին Ճէյմս Պոնտն է, անգլիական հակալրտեսական սպասարկութեան` Էմ. Այ. 6-ի գործակալը, որ բոլոր տեսակի վտանգներէն կը փրկուի եւ գլուխ կը հանէ իրեն վստահուած դժուարին առաքելութիւնը:
Եան Ֆլեմինկ տարիներով գրած է, բայց համաշխարհային հռչակի տիրացաւ գրեթէ յետմահու, երբ Ճէյմս Պոնտի իր շարքը հրատարակուեցաւ գրեթէ բոլոր լեզուներով: Այս անգամ` հայերէն:
Ընթերցողը, ի՛նչ տարիքի ալ պատկանի, առանց սեռի խտրութեան, մեծ յափշտակութեամբ կը կարդայ Ֆլեմինկի բոլոր գործերը, որոնք գրական յատուկ սեռի մը լաւագոյն նմուշը կրնան նկատուիլ:
Ճէյմս Պոնտ հասարակութեան լայն խաւերուն մօտ տեղ գտաւ, երբ անոր արկածները սկսան շարժանկարի առնուիլ` կոտրելով հասոյթի բոլոր մրցանիշները: «Համբոյրներ Ռուսիայէն» եւ «Կոլտֆինկըր» աշխարհի բոլոր պաստառներուն վրայ դիտուեցան միլիոնաւոր հանդիսականներու կողմէ:
Ճէյմս Պոնտի շարքին հայերէն թարգմանութիւնը արագ եւ հետաքրքրական ընթերցումի նիւթ կու տայ հայ ընթերցողին, որ վստահ ենք, անհամբերութեամբ պիտի սպասէ միւս հատորներուն հրատարակութեան:
«Մանուկեան» հրատարակչական ընկերութիւնը, որ հայերէն թարգմանութեան իրաւունքը ձեռք բերած է մեծ զոհողութիւններու գնով, ամիսը անգամ մը լոյս պիտի ընծայէ հատոր մը` անշուշտ վստահելով հասարակութեան քաջալերանքին, առանց որուն` կարելի չէ շարունակել նման բազմածախս գործ մը:
Հատորը լոյս տեսած է ճաշակաւոր տպագրութեամբ, գեղատիպ կողքով եւ ընտիր թուղթի վրայ: Կրնայ մրցիլ օտար հրատարակութիւններու հետ` իբրեւ ճաշակաւոր փրեզանթասիոն:
Լեզուն դիւրասահ է եւ ոճը` ինքնատիպ: Կը կարդացուի մէկ շունչով` յաջորդ հատորին անհամբեր սպասումին մէջ ձգելով ընթերցողը:
«Զարթօնք»-ի Ներկայացումը
Թեսաղոնիկէի «Տը լա սալ» ֆրանսական վարժարանի ընդարձակ հանդիսասրահին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, ՀՅԴ երիտասարդական միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբը մեծ յաջողութեամբ բեմադրած է Կարապետ Գալֆայեանի կողմէ թատրերգութեան վերածուած տաղանդաւոր գրագէտ Մալխասի ազգային յեղափոխական իրական կեանքէ առնուած ոգեշունչ վէպը` «Զարթօնք»-ը:
Բոլոր դերակատարները յաջողութեամբ մարմնաւորած են իրենց դերերը:
Հանդիսականները տարուած տքնաջան աշխատանքը գնահատած են ջերմ ու խանդավառ ծափահարութիւններով: