Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Յունիս 1966)

Յունիս 27, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արձակի Մեծ Վարպետը

(Վ. Թոթովենցի Ծննդեան 70-Ամեակին Առիթով)

Վահան Թոթովենց այնպիսի արուեստագէտ էր, որուն ստեղծագործութիւնը թել առ թել հիւսուած է ժամանակի պահանջներէն: Անոր լաւագոյն երկերը, գրեթէ առանց բացառութեան, գրուած են հայ ժողովուրդի տրամադրութիւնները արտայայտելու, ցաւերը ամոքելու ազնիւ նպատակով: Ան չունի ինքնանպատակ գործեր: Թոթովենց իր ստեղծագործութիւններուն մեծ մասամբ չափ ու ձեւ տուած է համապատասխան դարու ոգիին:

Իրերու բերումով, մոռացումի քող նետուած էր նաեւ Վահան Թոթովենցի վրայ: Բայց իր ժամանակակիցներէն մեծն Եղիշէ Չարենցի եւ Ակսել Բակունցի նման, Թոթովենցի պայծառ տաղանդը դիմացաւ այդ ակամայ փորձութեանց: Ժողովուրդի հերոսական պատմութեան, մարդու ձգտումներու ազնիւ կենդանագիր Թոթովենց անմեռ մնաց ժողովուրդի սրտին մէջ:

Եւ ահա, տասնամեակներու բաժանումէն ետք, երբ անոր գեղարուեստական ժառանգութիւնը վերստին կ՛արժանանայ հասարակութեան ուշադրութեան, կը դառնայ անոր խոհերուն ու մտորումներուն ուղեկիցը, երբ կրկին կը վերանայինք ու կը վերագնահատենք գրողին վաստակը, շատ երակներ ու երանգներ կը գտնենք, որոնք անմիջականօրէն կը կապուին այս օրերու հետ:

Խորունկ ցաւ յայտնելով Թոթովենցի «անմոռանալի, անփոխարինելի կորուստին համար»` Աւետիք Իսահակեան կը գրէ. «Ան տաղանդաւոր գրող էր, անոր «Կեանքը հին հռովմէական ճանապարհի վրայ»-ն հիանալի գործ է եւ մնայուն…»:

Վահան Թոթովենց, գրական տարբեր սեռերու մէջ, արձակ եւ չափածոյ, փորձեր ըրած է գրեթէ միաժամանակ: Հետագային ան բանաստեղծութեան կ՛անդրադառնար շատ հազուադէպօրէն` առաւելապէս թեքուելով դէպի արձակն ու թատրերգութիւնը:

1918-20 թուականները Թոթովենցի համար ստեղծագործական բուռն շրջան էր: Բացի խմբագրական-հասարակական գործունէութենէ` ան լարուած կերպով կ՛աշխատէր նաեւ գեղարուեստի ոլորտին մէջ:

20-ական թուականներու սկիզբներուն, վերադառնալով հայրենիք, Թոթովենց եռանդով կ՛աշխատակցէր շարք մը գրական-գեղարուեստական պարբերականներու, կը վարէր հասարակական լայն գործունէութիւն: Ան կը խմբագրէր «Շեշտ» երգիծական ամսագիրը, ապա մէկը միւսի ետեւէն կը հրատարակուին անոր «Մահուան բատալիոն», «Պողպատի ճաշ», «Նոր Բիւզանդիոն», «Սասնոյ Ծռեր», «Հրդեհ» տրամաթիք ստեղծագործութիւնները:

1929-30 թուականներէն սկսած մինչեւ կեանքին վերջը Թոթովենց արուեստագէտի իր թեւերը լայնօրէն կը բանայ խիզախ թռիչքներու: Կը ստեղծէ այնպիսի գործեր, որոնք մեր գրականութեան «յաւիտենական սեփականութիւնն են»:

Գեղարուեստական պատմուածքն ու վէպը գրական այն տեսակներն են, որոնց մէջ փայլատակեցաւ Թոթովենցի տաղանդը: Անոր պատմուածքներն ու նորավէպերը վարպետութեան առումով կրնան գրուիլ  հայ դասական պատմուածքներու լաւագոյն երկերու կողքին:

Թոթովենց իր իրապաշտութիւնը հիմնովին խարսխելով ժողովրդական կենսափիլիսոփայութեան վրայ` ժողովուրդի ընդերքէն երեւան հանեց այնպիսի երեւոյթներ, ընկերային-հոգեբանական այնպիսի կողմեր, որոնք գրողի զինանոցին եզակիօրէն անկրկնելի զէնքերն են: Անոր գեղարուեստական վարպետացումը տեղի կ՛ունենար կերպարներու հոգեբանական խորացման եւ ոճի բիւրեղացման ուղղութեամբ:

Թոթովենցի առաջին արժէքաւոր վէպը «Դոկտոր Բուրբոնեան» երգիծական ստեղծագործութիւն է:

1922-ին կը տպագրուի Թոթովենցի «Փոթորիկին մէջ» վէպը, մեր արձակի առաջին մեծ ստեղծագործութիւնը: Այնուհետեւ Թոթովենցի վիպասանական տաղանդը ծաւալուեցաւ յատկապէս 32-ական թուականներուն` «Կեանքը հին հռովմէական ճանապարհին վրայ», «Բաքու», «Հրկիզուած թղթեր» եւ «Յովնաթան, որդի Երեմիայի» գործերու մէջ:

«Կեանքը հին հռովմէական ճանապարհի վրայ» երկը Թոթովենցի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն մէկն է, խոր ընդհանրացումներու, արուեստագէտի բուռն տարերքի արտայայտութիւն մը, որ կը զարմացնէ քնարական ու դիւցազներգական հիւսուածքի միաձոյլ ներդաշնակութեամբ: Թոթովենց խտացուցած է այստեղ գրող արուեստագէտի իր ամենաբնորոշ յատկութիւնը` կեանքի սովորական փաստերու ինքնատիպ ընդհանրացում` երեւոյթներու բանաստեղծականացման միջոցով: Բանաստեղծ-արձակագիր է Թոթովենց, անոր իւրաքանչիւր երկը, փոքրիկ պատմուածքէն սկսած մինչեւ ստուարածաւալ երկը, թաթախուած է քնարական զեղումներով, բանաստեղծական հոգիի ջերմութեամբ:

Հարուստ ու արժէքաւոր է Թոթովենցի գրական վաստակը: Խոր բովանդակութեամբ, այժմէականութեան ճշմարիտ զգացողութեամբ, այդ վաստակը շատ մնայուն լարերով կը հիւսուի մեր օրերու հետ, կ՛առաջացնէ կենդանի խոհեր ու զգացմունքներ:

Կոկոլի մարգարէական խօսքերով, Թոթովենցին վիճակուած է դեռ երկար ճամբայ կտրել շատ ապրիլ, ձեռք-ձեռքի տուած իր հերոսներուն հետ, դիտել կեանքը «աշխարհին տեսանելի ծիծաղի եւ աշխարհին անտեսանելի, անյայտ արցունքներու մէջէն»:

ՍԵՒԱԿ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Ս. Հ.»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նոր Սերունդին Փոխանցուած Պատգամ Մայիս 28-ի 85-Ամեակի Ոգիով Զօրակոչելու

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?