Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Յուլիս 1966)

Յուլիս 12, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Կեանքը
Թրիփոլիի Մէջ

Ազգային «Նուպարեան-Խրիմեան» վարժարանի, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի զոյգ հանդէսները տեղի ունեցան` առաջինը կիրակի, 12 յունիսին, իսկ երկրորդը` 26 յունիսին:

Երկու հանդէսներուն ալ հոծ բազմութիւն մը լեցուցած էր ազգային վարժարանի հանդիսասրահը:

Մանկապարտէզի հանդէսին համար պատրաստուած էր ճոխ յայտագիր մը, որ գործադրուեցաւ անթերի կերպով: Ուշագրաւ էր բեմի յարդարումը, որ իր ամբողջութեանը մէջ մանկական զուարթ պարտէզի մը տպաւորութիւնը կը թողուր, ու այդ հմայիչ միջավայրին մէջ շատ բնական կերպով կը կատարուէին` մանուկներու զանազան խաղերը, արտասանութիւնները, երգերն ու պարերը:

Ներկաները, առաւելաբար` ծնողներ, գոհունակութիւն արտայայտող ժպիտով կը հետեւէին հանդէսի զանազան փուլերուն: Ակնբախ էր, որ ուսուցչական կազմը ճիգ չէր խնայած լաւագոյնը ներկայացնելու: Հանդէսի վերջաւորութեան 18 փոքրիկներ վկայական ստացան մանկապարտէզէն. 11 աղջիկ եւ 7 մանչ:

Նախակրթարանի հանդէսը տեղի ունեցաւ երկու շաբաթ ետք, նոյն սրահին մէջ: Ունէր խնամուած եւ լուրջ յայտագիր մը: Այս տարի բացառաբար ներկայ էր հիւսիսային Լիբանանի կրթական քննիչ Պասեմ Պահլիս, որ ուշի ուշով հետեւեցաւ հանդէսին: Այս տարուան հանդէսն ալ իր ամբողջութեան մէջ յաջողութիւն մըն էր վարժարանին համար:

Տնօրէնութեան տեղեկագրէն իմացանք, որ վարժարանը կրցած է իր նախորդ տարիներու թիւը պահել` հակառակ գաղութի հայութեան տարուէ տարի նուազելուն:

Կրթական մարմինի ատենապետ Սարգիս Կոնճեան կարդաց մարմինի երկամեայ գործունէութեան նիւթական եւ բարոյական տեղեկագիրը, որմէ ի յայտ եկաւ, թէ Կրթական  մարմինը ունեցած է շատ բեղուն գործունէութիւն մը:

Արդարեւ, Կրթական մարմինը երկու տարի առաջ վարժարանը յանձն առած էր 4500 լ.ոսկի պարտքով: Այդ պարտքը վճարելէ, 2000 լ. ոսկի շինարարութեան եւ կահաւորումի յատկացնելէ ու պաշտօնէութեան բոլոր թոշակները մինչեւ սեպտեմբեր 1966 վճարելէ ետք, յաջորդ մարմինին կը փոխանցէր 1000 լ. ոսկի պատրաստ գումար եւ 1600 լ. ոսկի գանձելի: Երեւոյթ մը, որ աննախընթաց է վարժարանի պատմութեան մէջ:

Ատենապետը տեղեկագիրը վերջացնելէ առաջ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակած էին մարմինի գործունէութեան եւ ի մասնաւորի վարժարանի տնօրէնութեան ու անձնակազմին, որոնք անվերապահօրէն գործակցած էին կրթական մարմինին հետ:

Հանդէսի աւարտին 15 շրջանաւարտներ` 11 աղջիկ եւ 4 մանչ, ստացան իրենց նախակրթարանի վկայականները: Աւարտականներուն հուսկ բանքը խօսեցաւ տնօրէնը, որ մասնաւորաբար շեշտեց անոնց ստացած հայեցի դաստիարակութեան պահպանումին վրայ:

Տէր հայրը «Պահպանիչ»-էն առաջ խօսք ուղղեց ծնողներուն ու յորդորեց, որ իրենց զաւակները անպայման յանձնեն ազգային վարժարանի խնամքին, ուր կայ տոհմիկ դաստիարակութիւն եւ առողջ ու գուրգուրոտ մթնոլորտ:

 

* * *

 

Տեղւոյս ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը կազմակերպած էր պասքեթպոլի մրցաշարք մը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 19 յունիս 1966, ազգային վարժարանի խաղավայրին վրայ` հովանաւորութեամբ Ասաատ Պորթի:

Մրցաշարքին կը մասնակցէին «Ազատամարտ» Պէյրութ, YMCA Թրիփոլի, «Ազատամարտ» կրտսերներ, ՀՄԸՄ Թրիփոլի եւ «Սէօր տը շարիթէ»-ի աղջկանց խումբերը:

Հայ եւ օտար ստուար բազմութիւն մը ներկայ էր խաղերուն: Մրցաշարքին համար երեք բաժակներ տրամադրուած էին «Փեփսի քոլա» ընկերութեան կողմէ:

Առաջին բաժակը շահեցաւ «Ազատամարտ»` YMCA-ի վրայ տարած յաղթանակով: Երկրորդ բաժակը շահեցաւ ՀՄԸՄ Թրիփոլի` յաղթելով «Ազատամարտ»-ի կրտսերներուն, իսկ երրորդ բաժակը շահեցաւ «Սէօր տը շարիթէ»-ի Ա. խումբը:

Երեք բաժակներն ալ տրուեցան Ասաատ Պորթի ձեռամբ:

Պորթ 300 լ. ոսկի նուիրեց ՀՄԸՄ-ին` իբրեւ գնահատանք ու քաջալերութիւն անոր մարզական գործունէութեան:

Այդ օրուան մարզական ցուցադրութիւնը իր կազմակերպութեամբ ու կանոնաւորութեամբ պատիւ բերաւ տեղւոյս ՀՄԸՄ-ին:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Բացուեցաւ Մեսրոպեանի Ամառնային Ծրագիրը` «Ովասիս 2016»-ը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In