Սուրէն Խանամիրեան Ազգային
Քոլեճի Ամավերջի Հանդէսը
Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 18 յունիս 1966, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, քոլեճի բակին մէջ:
Ներկայ էին լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, քոլեճի բարերար պետական երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեան եւ հոծ թիւով հանդիսականներ:
Լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը: Մանկապարտէզի Ծիլ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին պարային աշխարհագրութիւն մը: Տեղի ունեցան լիբանանեան, յունական, ֆրանսական, սկովտիական, հոլանտական, ճափոնական եւ հայկական պարեր:
Վարիչ մանկապարտիզպանուհի Էլիզ Պուլտուքեան եւ իր օգնականուհիները արժանի են ամէն գնահատանքի:
Քոլեճի տնօրէն Եդուարդ Էլոյեան կարդաց ուսումնական տարեշրջանի տեղեկագիրը, որմէ բացայայտօրէն պարզուեցաւ, որ քոլեճը այս տարի եւս գոհացուցիչ արդիւնքով արձանագրած է նուաճողական վերելք մը: Ապա Ե. Էլոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, քոլեճի բարերարին, նաեւ` բոլոր այն անձերուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք իրենց նիւթական օժանդակութեամբ եւ բարոյական աջակցութեամբ օգտակար հանդիսացած էին քոլեճին:
Սոնա Տէրտէրեանի հայերէն արտասանութենէն ետք քոլեճի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Վ. Սերայտարեանի, խմբերգեց «Հայաստան»-ը, «Սրտիկ, մալուլ մի՛ մնա»-ն, «Երեմ ջան»-ը եւ «Երեւան»-ը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում` ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր եւ Սուրէն Խանամիրեանի:
Նախակրթարանի ուսումնական շրջանը աւարտող 18 երկսեռ աշակերտներ, որոնք արժանացան ծափերու, յառաջիկայ տարի պիտի շարունակեն իրենց ուսումը քոլեճի միջնակարգի բաժնին մէջ:
Մանկապարտէզի բաժնէն վկայական ստացան 32 փոքրիկներ:
Հանդէսը վերջ գտաւ սրբազան հօր փակման խօսքով եւ «Պահպանիչ»-ով:
Հ.
Պէյրութաբնակ Մուսա Լերան
Ուսումնասիրաց Միութեան
Դաշտագնացութիւնը
Պէյրութաբնակ Մուսա Լերան ուսումնական միութեան կազմակերպած դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 12 յունիս, Պէյթէտտինի գեղատեսիլ սրճարանին մէջ:
Հայրենակիցները որոշեալ ժամուն սրճարան եկան երեք օթոպիւսներով: Նախ այցելեցին Պէյթէտտինի պատմական պալատը, ապա սկսան աւանդական պարերն ու կերուխումը տոհմիկ մթնոլորտի մը մէջ:
Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը: Յայտագրի գործադրութենէն առաջ վարչութեան ատենապետը, թուելէ ետք պէյրութաբնակ Մուսա Լերան ուսումնասիրաց միութեան բեղուն գործունէութիւնը, կոչ ըրաւ ներկաներուն` սրտեռանդն բոլորուիլ միութեան շուրջ, առաւել սատարելու համար չքաւոր հայրենակից ուսանողներու հայեցի դաստիարակութեան:
Մուսատաղցիի լեզուով խօսք առաւ նաեւ Աբրահամ Նգրուրեան: Յորդորեց ներկաները, որպէսզի քալեն իրենց պապերուն ճամբայէն:
Մեներգեցին Վարդուկ Գասամանեան եւ Գրիգոր Հարպոյեան: Անակնկալ մը ըրաւ Թադէոս Արիստակէսեան:
Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն, որմէ գոյացաւ 100 լ. ոսկի: Հայրենակից Մովսէս Նշան Տէր Գալուստեան նուիրեց 25 լ. ոսկի:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին ներկաները խանդավառ երգերով վերադարձան` իրենց հետ տանելով պատմական Պէյթէտտինի գեղեցիկ յիշատակներ:
ԼԵՌՆՑԻ
Հրաւէր Սփիւռքի Հայ Ուսանողներու
Եւ Ուսանողուհիներու
Ընդառաջելով իմ դիմումին` պաշտօնավարած համալսարանիս տեսչութիւնը յօժարակամութիւն յայտնեց 3-5 հայ ուսանող եւ ուսանողուհիներու թոշակ ապահովել` ամէն տարի կրկնուելու պայմանով եւ շարունակելու` մինչեւ անոնց ուսման լրումը: Սա կրնայ 1-4 կամ աւելի տարիներ ընդգրկել: Ծրագիրը գործադրութեան պիտի դրուի ընթացիկ տարուան աշնանային դասաշրջանին, որ կը սկսի սեպտեմբեր 13-ին:
Այս կարգադրութեան հիմը կը կազմէ իմ Մեծ եղեռնի առնչութեամբ ձեռնարկած գիտական աշխատանքներուս համար զգացած օգնական ուժերու պահանջիս: Որով, ընդունուած ուսանողները, իրենց ուսման առընթեր, որոշ ժամեր յատկացնելով, իմ հսկողութեան տակ պիտի աշխատին իբրեւ պրպտող, թարգման, ընդօրինակող, աղբիւր ստուգող եւ նիւթեր հաւաքող ու դասաւորող: Այս ձեւով եւ յարակից դասախօսութիւններու ունկնդրութեամբ, անոնք պիտի մարզուին յատկապէս ցեղասպանութեան հետ աղերս ունեցող ընկերային գիտութիւններու կարգ մը բնագաւառներուն մէջ:
Թոշակները հնարաւոր պիտի դարձնեն գրեթէ ձրի ուսում եւ դասագրքերու ձրի մատակարարում: Կեցութեան եւ բնակարանի համար հարկ պիտի ըլլայ տարեկան 750 տոլար եւ այլեւայլ անձնական ծախքերու համար ալ` յաւելեալ 250 տոլար: Այն թեկնածուները, որոնք իրենց սեփական միջոցներով չեն կրնար ապահովել այս գումարը, կամ անկէ մաս մը, սփիւռքի կարգ մը հայ կազմակերպութեանց միջոցներէն օգտուելով` անոնց համար յաւելեալ կրթաթոշակի կարգադրութիւն պիտի ըլլայ:
Յամենայն դէպս, իրենց վկայականներու եւ նիշերու կողքին, համալսարանը պայման կը դնէ անգլերէն լեզուի որոշ հմտութիւն եւ իրենց ուսման աւարտման համար անհրաժեշտ` այս գումարի ամբողջական ապահովութեան երաշխիք: Այս երկու պարագաներուն ալ երաշխիքը վաւերացուած պէտք է ըլլայ պատկան հեղինակութեան կամ իշխանութեան կողմէ:
Այս պայմանները լրացնելէ ետք, այն թեկնածուները, որոնք արտասահմանէն ընդունուած են, համալսարանէն պիտի ստանան պաշտօնական վկայագիր մը, որուն հիման վրայ իրենց Ամերիկա գալու վիզայի արտօնութիւն պիտի տրուի:
Նախ քան այս գործողութիւններու ձեռնարկելը, սակայն, շահագրգռուող ուսանողները եւ ուսանողուհիները, որպէսզի իմ կողմէ նկատի առնուին իբրեւ թեկնածու, պէտք է հայթայթեն ապացոյց, որ`
1.- Տոգորուած են անխարդախ եւ ամրակուռ հայ ոգիով:
2.- Ունին համապատասխան գիտական մարմաջ եւ հետաքրքրութիւն:
3.- Կը տիրապետեն հայերէնի եւ որոշ չափով տեղեակ են հայ մշակոյթի եւ քաղաքական պատմութեան:
Այն թեկնածուները, որոնք այժմէն իսկ կը զգան անկեղծ եւ շեշտակի կոչում մը` նման աշխատանքի համար եւ լուրջ կերպով հետամուտ են զարգանալու այս ճիւղին մէջ եւ ի հարկին մասնագիտութիւն ձեռք ձգելու, ինչպէս եւ անոնք, որոնք որոշ հմտութիւն ունին թուրքերէն, արաբերէն, գերմաներէն կամ ֆրանսերէն լեզուներու` թարգմանական որոշ աշխատանք ի կատար ածելու համար, այս կարգի ուսանողներու նախապատուութիւն պիտի տրուի:
Դիմումնագիրները պէտք է ուղղուին իմ հասցէին եւ բաղկանան`
1.- Հայերէն լեզուով եւ ձեռագիր կենսագրականէ մը, մօտաւորապէս 500 բառերէ բաղկացեալ:
2.- Նոյն տարողութեամբ եւ նոյնպէս ձեռագիր` հայերէն շարադրութիւն մը, ուր կը պարզուին թեկնածուին դրդապատճառները եւ նկրտումները եւ, եթէ կարելի է, կ՛ուրուագծուին իր ապագային վերաբերեալ մասնագիտական ծրագիրները:
3.- Հանրածանօթ երկու հայ մտաւորականներու կողմէ գրուած եւ ուղղակի ինծի ուղարկուելիք 2 յանձնարարականներ, ուր, մասնաւորելով հանդերձ թեկնածուին որոշ տկար կողմերը, նամակագիրները անվարան, ամուր եւ յատուկ կերպով կը յանձնարարեն թեկնածուները` իբրեւ որակաւոր, վստահելի եւ արժանի անձեր:
4.- Վերջին դասաշրջանի նիշերու ցանկը եւ նկար մը:
Խնդրեմ` հաճեցէք գրել հետեւեալ հասցէին
ՏՈՔԹ. ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆ
Տիփարթմենթ օֆ սոսիոլոճի Վիսքոնսին ըսթէյդ
իւնիվերսիթի, սիւփերիոր,
Վիսքոնսին, 54880
ԻՒ. ԷՍ. Ա.