Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Յուլիս 1966)

Յուլիս 11, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յովհաննէս Փիլիկեան
Կը Վերարտադրէ Շէյքսփիրը

Կարելի՞ է վերստին գրել Շէյքսփիրը: Անկասկա՛ծ, ինչպէս փաստեց վերջերս լիբանանահայ երիտասարդ գրող մը` Յովհաննէս Փիլիկեան: Անցեալ հոկտեմբերին «Լը Ֆիկառօ Լիթերեր» իր սիւնակներուն մէջ կը նշէր յայտնութիւնը Շէյքսփիրի մէկ նոր փիեսին` «Մահումոտօ»: Գրողն էր` Փիլիկեան, որ օգտագործած է անգլիացի մեծ թատերագիրին քսան թատերախաղերէն առնուած հատուածներ` կատարելով տեսակ մը շարժանկարային մոնթաժ:

«Մահումոտօ»-ի հետ տրուած է քննադատական հատոր մը, ուր Փիլիկեան կ՛արդարացնէ իր գործը եւ նոյն ատեն ցոյց կու տայ Շէյքսփիրի խոր ճանաչում մը: Ահաւասիկ բան մը, որ անգլիացի մը երբեք պիտի չյանդգնէր ընել:

Մինչ այդ, Փիլիկեան, որ ներկայիս Գերմանիա կը մնայ, կը շարունակէ գրել` 11 յուլիս մասնաւորաբար հետաքրքրուելով վերացական փիլիսոփայութեամբ, բանաստեղծութեամբ թատերական արուեստով եւ լեզուաբանութեամբ: Փիլիկեան 16 տարեկանին մտած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, ուր անգլիական գրականութեան վկայականը ստանալով, շատ չանցած (երեք տարի առաջ), հրատարակած է «Մայ Համլեթ» անունով գործը: Ծրագրած է հրատարակել չորս նոր ձեռագիրներ:

«Մահումոտօ, խաւարի իշխանը» (Շէյքսփիր) եւ անոր հետ տրուած քննադատականը ներկայիս ֆրանսերէնի կը թարգմանուին: Պատրաստ որ ըլլայ, փիեսը Ժան Լուի Պարրոյի կողմէ պիտի ներկայացուի Ֆրանսայի թատրոնին մէջ: Կը մնայ միայն հետեւիլ Փիլիկեանի օրինակին եւ վերստին գրել Հիւկոն, Կէօթէն կամ Տանթեն:

 

Բախտորոշ Շաբաթ
Եաֆիի Դահլիճին Համար

Գործադուլը, Որ Կը Շարունակուի, Սկսած Է Քաղաքական Վտանգաւոր Անդրադարձներ Ունենալ

Բախտորոշ շաբաթ մը կը սկսի Եաֆիի դահլիճին համար, որ ներսէն թէ դուրսէն լուրջ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուի:

Վարչապետ Եաֆի այս առտու իր նախարարներուն հետ պիտի գումարէ դահլիճի ժողով մը, որ պիտի յատկացուի գործադուլներու խնդրին եւ քաղաքական գետնի վրայ անոր ունեցած անդրադարձներուն: Եթէ Եաֆի յաջողի ներդաշնակութիւնը վերահաստատել իր դահլիճին մէջ, ամէնէն վտանգաւոր փուլէն անցած կ՛ըլլայ: Այսուհանդերձ, դահլիճը, որ պայթելու վտանգին տակ է, ստիպուած է լուծում մը գտնել նաեւ գործադուլի խնդրին: Արդ, այս լուծումը այսօր աւելի դժուար է, քան` անցեալ հինգշաբթի, որովհետեւ ներկայիս դիրքերը աւելի կարծրացած են: Միանալ Ժոմպլաթի տեսակէտին եւ ընդունիլ բանթողներուն պահանջները` համազօր է անձնատւութեան: Միւս կողմէ, եթէ հարցը երկարի, կրնայ նոր պահանջներու ծնունդ տալ:

Ընդդիմադիրները Կը Շարժին

Գիտնալով, որ կառավարութիւնը անելի մէջ է, ընդդիմադիրները կը համախմբեն իրենց շարքերը: Այս իրիկուն պիտի գումարուի նախկին մեծամասնութեան ժողով մը: Կազմակերպիչները (որոնց մաս կը կազմէ Ռընէ Մուաուատ) ընդլայնած են իրենց շփումները եւ կը սպասուի), որ այլ խմբակներ (Աքքար եւ Ժոմպլաթ) հրաւիրուին` միանալու նոր համախմբումին, որուն ախոյեանը կը հանդիսանայ Քարամէ: Յարութիւն առած նախկին մեծամասնութեան առաջին նպատակը պիտի ըլլայ «տապալել» կառավարութիւնը:

Եաֆիի դժուարութիւնը հոս չի վերջանար սակայն: Անոր դահլիճը երկուշաբթի ինքզինք պիտի գտնէ փոթորկոտ խորհրդարանի մը առջեւ: Դժգոհները պիտի կրնան ընթացք տալ իրենց ցանկութիւններուն, եթէ մանաւանդ գործադուլը շարունակուի:

Ընկերային գետնի վրայ կացութիւնը երէկ սկսաւ վտանգաւոր դառնալ:

Կ՛ուզէին Ջուրը Կտրել

Տըպայէի, Էշրեֆիէի, Ռաս Պէյրութի, Պաուշրիէի եւ Պուրժ Ապի Հայտարի ջրմուղ կայաններուն բանուորները սպառնացան այս առաւօտէն սկսեալ դադրեցնել աշխատանքը` կառավարութիւնը ուշացուցած ըլլալով իրենց պահանջներուն վաւերացումը: Ասոր վրայ բացառիկ նիստ մը գումարուեցաւ Միացեալ սենտիքաներու կեդրոնին մէջ` համոզելու համար բանթողները, որ ետ առնեն իրենց որոշումը:

Այսօր բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան սենտիքայական ղեկավարներուն եւ կառավարութեան անդամներուն միջեւ` տագնապը լուծելու համար:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ազգային Ռուբինեան-Ս.Մ. Վարժարանի 2015-2016 Ուսումնական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?