Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի
Ամավերջի Հանդէսը
Հովանաւորութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի եւ նախագահութեամբ պետական երեսփոխան մեթր Խաչիկ Պապիկեանի, Քարանթինայի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 26 յունիս 1966, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, շրջանի Օգնութեան խաչի հանդիսասրահին մէջ:
Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը: Տեղի ունեցան` արտասանութիւններ, մեներգ, խմբերգ, խմբապար, տրամախօսութիւն եւ այլն:
Վարժարանի տարեկան տեղեկագիրը կարդաց տնօրէն Կարապետ Թաթուլեան:
Վկայականներու բաշխումը կատարուեցաւ ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր:
Կ. Թաթուլեանի հուսկ բանքէն ետք սրբազան հայրը իր փակման խօսքին մէջ սրտագին շնորհաւորեց թաղական խորհուրդին, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կատարած գործը, որոնք ամէնէն դժուարին պայմաններու մէջ, որ տակաւ կ՛աւելնայ այս շրջանին մէջ թաղեցիներու հեռացումով, առաւելագոյն զոհաբերութեամբ իրենց կարելին ըրին, որպէսզի թաղի փոքրիկները ստանան հայեցի դաստիարակութիւն:
Սրբազան հայրը շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նաեւ հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի եւ լիբանանեան կառավարութեան, որոնց իմաստուն ղեկավարութեան տակ կը բարգաւաճի այս երկիրը, եւ որուն անսահման բարիքները լայն ազատութեամբ կը վայելեն անոր բոլոր քաղաքացիները համահաւասար իրաւունքով:
Թաղ. խորհուրդին կողմէ իբրեւ գնահատանք իրենց հոգածութեան եւ կատարած աշխատանքին` ծաղկեկողովներ նուիրուեցան` սրբազան հօր, Խաչիկ Պապիկեանին, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին:
Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզէն շրջանաւարտ եղան 20 փոքրիկներ եւ նախակրթարանէն` վեց աղջիկ ու երկու տղայ:
Ազգ. Թորգոմեան
Վրժ.ի Ամավերջի Հանդէսը
Ազգային Թորգոմեան վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 22 յունիս 1966, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, վարժարանի բակին մէջ (Հայաշէն), հովանաւորութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Միհրան Շաթոյեաններու:
Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը: Տեղի ունեցան` պարեր, արտասանութիւններ, մեներգ եւ այլն: Երգչախումբի ղեկավար Ժիրայր Չարշաֆճեան այդ օր հաստատեց, թէ երգի դասը նախակրթարանի մէջ կրնայ ըլլալ փափաքելի ու օգտակար:
Վարժարանի տնօրէն Խորէն Մղտեսեանի տարեկան տեղեկագրի ընթերցումէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Վկայական ստացան նախակրթարանէն 20 եւ մանկապարտէզէն 21 աշակերտ-աշակերտուհիներ:
Աւարտական կարգէն Անուշիկ Փափազեան կարդաց հրաժեշտի խօսքը:
Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Յարութիւն Գազանճեան իր հուսկ բանքին մէջ շեշտեց հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ազգային վարժարաններուն կատարած դերը նկատեց ազգապահպանման կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը:
Ներկաները բարձր տրամադրութեան մէջ, տարուած աշխատանքը գնահատելով, իբրեւ քաջալերանք, իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններով:
ՀՅԴ Հրուանդանի Կ. կոմիտէ` 500 լ. ոսկի:
Օրուան նախագահ տէր եւ տիկին Միհրան Շաթոյեաններ` 600 լ. ոսկի, Մկրտիչ Գանթարճեան` 100 լ. ոսկի, Արամ Ամասեան` 100 լ. ոսկի, տէր եւ տիկին Օննիկ Չէրքէզեաններ` 100 լ. ոսկի, մեթր Նիքոլա Հազարեան` 100 լ. ոսկի, Պօղոս Գանթարճեան` 100 լ. ո., Յակոբ Փեհլիվանեան` 100 լ. ո., Աբրահամ Բանիգեան` 100 լ. ո., ազգ. վարժարաններու տնօրէններ` 100 լ. ոսկի:
Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ դպրաց դաս` 150 լ. ոսկի:
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Թոփուշեաններ` 50 լ. ոսկի, Մարի Մղտեսեան` 50 լ. ոսկի, տէր եւ տիկին Արտաշէս Մղտեսեաններ, տէր եւ տիկին Կարապետ Սայեաններ, տէր եւ տիկին Սարգիս Փափազեաններ, տէր եւ տիկին Սարգիս Միսակեաններ, Հռիփսիմէ Հայթայեան, տէր եւ տիկին Յարութիւն Անթունեաններ, ՀՕԽ Հայաշէնի մասնաճիւղ` 25-ական լ. ոսկի:
Սրբազան հայրը օրհնեց ներկաներն ու նուիրատուները, ապա յայտնեց, որ յառաջիկայ տարի, այս վարժարանին 25-ամեակին առիթով, եթէ վարժարանին նոր շէնքը բարձրացած չըլլայ, հիմերը դրուած կ՛ըլլան արդէն, քանի որ պակսողը հողն է միայն: