Լիբանանահայութեան Յուշարձանը
Նուիրուած` Ապրիլեան Նահատակներուն
Եւ Լիբանանեան Հայրենիքին
Ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակի աւարտին, խումբ մը հայ երիտասարդներ, մղուած յիսնամեակի առիթով յայտնուած հայ վերածննդեան գեղեցիկ ոգիէն, յղացած էին նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող եւ լիբանանեան հայրենիքին լիբանանահայութեան երախտագիտութիւնն ու սէրը արտայայտող յուշարձան մը կանգնելու գաղափարը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի հողամասին վրայ գտնուող ժայռի մը բարձունքին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը` Խորէն Ա. ջերմօրէն գնահատած էր գաղափարը եւ արդէն, այս առիթով, ապրիլ 24-ին սրտայոյզ կոչ մը ուղղած էր լիբանանահայութեան, որպէսզի իր գործօն բաժինը բերէ առաջադրուած ազնիւ նպատակին իրագործման համար:
Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր տէրը` Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք, հայրաբար զօրավիգ հանդիսացած է առաջարկուած ծրագրին եւ խոստացած` հայ կաթողիկէ համայնքի ամբողջական եւ անվերապահ մասնակցութիւնը:
Հայ աւետարանական համայնքի պետ, վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեան, գնահատած է գաղափարն ու առաջադրութիւնը եւ յայտնած, թէ հայ աւետարանական համայնքը իր գործօն մասնակցութիւնը պիտի բերէ համազգային այս նուիրական ձեռնարկին:
Կազմուած է կեդրոնական յանձնախումբ մը, որ իր առաջին մամլոյ ասուլիսը տուաւ երկուշաբթի, 20 յունիս, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի մէջ:
Ներկայ էին յանձնախումբին անդամները եւ հայ մամուլի ներկայացուցիչները:
Յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Նինա Ճիտէճեան կարդաց յանձնախումբի մամլոյ հաղորդագրութինը եւ ատենադպիր Պօղոս Տուզճեան տուաւ յաւելեալ տեղեկութիւններ ցարդ կատարուած աշխատանքներու մասին:
Լիբանանահայ քանդակագործ, արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեան պատրաստած է նախագիծ-տիպարը բարձրացուելիք յուշարձանին, որ պիտի ունենայ աւելի քան 10 մեթր բարձրութիւն: Կազմուած է նաեւ յատուկ յանձնախումբ մը` զբաղելու համար յուշարձանի գեղագիտական կողմերով:
Որոշուած է կարելիութեան սահմաններուն մէջ ապահովել լիբանանահայութեան մասնակցութիւնը, մասնաւորաբար` երիտասարդ սերունդին, դպրոցական ուսանողութեան առանց դաւանական, գաղափարական եւ որեւէ այլ կարգի խտրութեան:
Պիտի դիմուի բոլոր հայ կազմակերպութիւններուն, որպէսզի իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն նուիրատուութեանց հաւաքման աշխատանքին:
Պատրաստուած են չորս կարգի մասնակցութեան քարտեր` 1, 5, 10 եւ 25 լիբանանեան ոսկիի արժէքով, որպէսզի բոլոր խաւերէն, ըստ իւրաքանչիւրի սրտի փափաքին ձեռք բերուի բոլորին մասնակցութիւնը:
Մամուլի ներկայացուցիչները, գնահատելով ձեռնարկը, օգտակար թելադրութիւններ ըրին:
Վստահ ենք, որ իւրաքանչիւր հայ, ինչ դաւանանքի, գաղափարի, դասակարգի եւ միութեան ալ պատկանի, սրտովին պիտի մասնակցի այս համազգային նուիրական գործին եւ իր սրտի չափով պիտի բերէ իր նիւթական բաժինը` գնելով արդէն իսկ հրապարակ դրուած մասնակցութեան քարտերէն:
ՀՐԱԶԴԱՆ
Ճեմարանականներու Օրը
«Նշան Փալանճեան» ճեմարանի Շրջանաւարտներու միութեան վարչութեան կազմակերպած Ճեմարանականներու օրը տեղի ունեցաւ կիրակի, 19 յունիս, կէսօրէ առաջ եւ երեկոյեան, Ճեմարանի մէջ:
Օրուան յայտագրին առաջին մասը` անդամական ընդհանուր ժողով, տեղի ունեցաւ կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, «Վասպուրական» սրահին մէջ:
Ներկայ էին շուրջ 70 երկսեռ անդամներ:
Ժողովին ներկայ գտնուեցաւ «Համազգային»-ի կեդր. վարչութեան նախագահ եւ Ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեան:
Դիւանի նախագահ ընտրուեցաւ տոքթ. Բաբգէն Փափազեան եւ քարտուղարուհի` Շողակ Գալինճեան:
Ժողովը, իր աշխատանքները սկսելէ առաջ, նախ լսեց հաւաքական դիմումնագիրը նոր շրջանաւարտներու, որոնք միաձայնութեամբ եւ երկարատեւ ծափերով ընդունուեցան միութեան շարքերէն ներս:
Կարդացուեցան նախորդ ընդհ. ժողովի եւ վարչութեան միամեայ նիւթական եւ բարոյական գործունէութեան տեղեկագիրները, ինչպէս նաեւ` Ուսանողական հիմնադրամի հաշուեկշիռը:
Գնահատուեցան տարուած աշխատանքները:
Ապա համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց եւ օրակարգի բոլոր կէտերը գտան իրենց լաւագոյն լուծումը:
Առաջարկներէ եւ թելադրանքներէ ետք նոր վարչութիւնը ընտրուեցաւ միաձայնութեամբ:
Յայտագրի երկրորդ մասը` ճաշկերոյթ-խրախճանք, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ճեմարանի շքեղազարդ բակին մէջ:
Ճեմարանականներ, շրջանաւարտ ու թերաւարտ, իրենց ընտանեկան պարագաներով, շուրջ 250 հոգի, բոլորուեցան սեղաններու շուրջ:
Նախ պաշտօնապէս եւ խանդավառ ծափերով ընդունուեցան նոր շրջանաւարտները: Կնքահայրութեամբ Գառնիկ Բանեանի, իրենց դասարանը մկրտուեցաւ Ահարոնեանի անունով:
Նախկին վարչութեան ատենապետ տոքթ. Յակոբ Եագուպեան պաշտօնապէս փոխանցեց միութեան ծրագիր-կանոնագիրը եւ կնիքը նորընտիր վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհի տոքթ. Արմինէ Փափազեանին:
Ճաշկերոյթէն ետք սկսաւ երեկոյթին պարանցիկ եւ անպաշտօն մասը:
Ընկերական ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ երեկոյթը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր եւ աւանդական սովորութիւն դարձած ճեմարանականներու օրը վերջ գտաւ, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս, յիշատակելի լաւագոյն տպաւորութիւններով:
Հ.
Հելլէն Մամուլը
Մայիս 28-ի Մասին
Թեսաղոնիկէի հելլէն մեծ օրաթերթերը` «Մաքիտոնիա», «Թեսալոնիքի», «Էլլինիքոս Վորրաս» եւ այլն, լայն տեղ տուած են մայիս 28-ի տարեդարձի տօնակատարութեան` հրատարակելով հանդիսութեան ներկայ գտնուած բազմութենէն լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ` օրուան բանախօս Հրայր Մարուխեանի լուսանկարը, բեմին վրայ խօսած պահուն:
Վերոյիշեալ օրաթերթերէն «Էլլինիքոս Վորրաս» իր յունիս 7-ի թիւին մէջ հրատարակած է նաեւ հայասիրական ջերմ զգացումներով թաթաւուն եւ «Հայոց տարեդարձը» խորագրով խմբագրական նոթ մը, ուր կ՛ըսէ.
«Թեսաղոնիկեցիներու եւ բոլոր հելլէններու ընդհանուր յուզումը, 48-րդ տարեդարձին առիթով եղբայր ու դաւանակից հայ ազգի անկախութեան, անկախութիւն, զոր չհասաւ վայելելու պատմական ու մարտիրոս այս ժողովուրդը, կը փոխակերպուի համահելլէնական ջերմ մաղթանքի մը, շուտով գայ օրը, երբ հայոց պատմական ազգը պիտի վերահաստատուի իր հնադարեան հողերուն վրայ, ազատ, անկախ եւ հզօր, շարունակելու իր գնացքը, որ անժամանակ կասեցաւ թուրքերու ցեղասպանական յարձակումով: Եւ շուտո՛վ պիտի գայ օրը»: