Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Յուլիս 1966)

Յուլիս 6, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Բժիշկի Մը
Բացառիկ Յաջողութիւնը

Scan0034Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցէն բացառիկ յաջողութեամբ  (With Destinction) շրջանաւարտ եղած է տոքթ. Հրանդ Սեմերճեան, արժանի զաւակը` տոքթ. Սամուէլ Սեմերճեանի:

Բժշկական ուսանողութեան հինգ տարիներու ընթացքին հանդիսացած է միշտ առաջին: Դեռ չորրորդ տարուան ուսանող` ընտրուած է Ամերիկեան բժշկական միութեան բացառիկ բժիշկներու ընկերակցութեան` Alpha Omega Alpha Honour Society-ի անդամ:

Տոքթ. Հրանդ Սեմերճեան այս տարի կը պաշտօնավարէ Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցի վիրաբուժական բաժնի մէջ` իբրեւ ռեզիտընթ:

Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր երիտասարդ բժիշկին:

Այնճարի Հայութիւնը Ընդհանուր Խանդավառութեան Մէջ 7000 Լ. Ոսկի Կը Նուիրէ «Յառաջ» Քոլեճին

Առաջին անգամ չէ, որ կը խօսինք պարբերաբար պարզուող այս գեղեցիկ ու գօտեպնդիչ երեւոյթին մասին: Ապահովաբար պիտի չըլլայ նաեւ վերջինը: Արդարեւ, քիչ անգամ ժողովուրդ մը այսքան խոր սէր եւ զոհաբերութեան անվերապահ ոգի ցոյց կու տայ իր կրթական օճախին հանդէպ, որքան Այնճարի հայութիւնը` «Յառաջ» քոլեճին նկատմամբ:

Յաջորդական երեք ամավերջի հանդէսները (մանկապարտէզ, նախակրթարան, երկրորդական) ոգեւորութեան անմոռանալի պահեր կազմեցին Մուսա Տաղի հայութեան համար:

Զոհաբերութեան օրինակելի ոգիի արտայայտութիւն մը կազմեց մանաւանդ վերջին հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ կիրակի, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը` մասնակցութեամբ քոլեճի շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներուն եւ «Յառաջ»-ի աշակերտական երգչախումբին (երգ, արտասանութիւն, նուագ եւ պար):

Հոգաբարձութեան տեղեկագրի ընթերցումէն ետք բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Յ. Գարագաշեան: Բեմին վրայ էին արդէն քոլեճի աւարտականները, եօթը հոգի: Քոլեճի կրթական ու ուսումնական նուաճումներու մասին տնօրէնի քանի մը հակիրճ, այլ խրախուսիչ լուրերէն ետք, բեմ հրաւիրուեցան պաշտօնական մարմիններու ներկայացուցիչները` վկայականներու բաշխման համար:

Ուղերձներու ընթերցումէն ետք, տնօրէնի հրաւէրով, բժ. Վազգէն Տէր Գալուստեան ոգեւորիչ ու իմաստալից ճառ խօսեցաւ եւ արժանացաւ ջերմագին գնահատութեան:

Վկայականներու բաշխումէն ետք կը սկսի խրախճանքը` ընդհանուր խանդավառութեան մէջ եւ կը տեւէ մինչեւ առաւօտեան առաջին ժամերը: Սեղանապետութիւնը կը վարէ Պ. Սնապեան, կը գործադրուի գեղարուեստական յանպատրաստից ճոխ յայտագիր մը` գլխաւորաբար երիտասարդութեան մասնակցութեամբ: Յաջորդաբար խօսք կը տրուի` Յ. Պալեանի, պետական երեսփոխան Մ. Տէր Գալուստեանի, Անդր. Ուրֆալեանի եւ Ս. Զէյթլեանի: Ոգեւորութիւնը աստիճանաբար կը բարձրանայ եւ իր գագաթնակէտին կը հասնի ինքնաբուխ նուիրատուութիւններով:

Մէկ ժամուան մէջ ներկաները շուրջ 4,500 լ. ոսկի կը նուիրեն «Յառաջ» քոլեճի: Նախորդ երկու հանդէսներուն եղած նուիրատուութեանց հետ ընդհանուր գումարը կը հասնի շուրջ 7,000 լ. ոսկի:

Այս ոգիով եւ այս հաւատքով ժողովուրդները ի վիճակի են ամէն նուաճում կատարելու: «Յառաջ» քոլեճը եւս պիտի ապրի, պիտի զարգանայ եւ դառնայ ուսման եւ հայեցի դաստիարակութեան մեր ամէնէն բեղուն օճախներէն մէկը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ժելեզնովոտսքի Համաձայնագիրը Եւ Հայաստանի Առաջին Նախագահի Ընտրութիւնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?