Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Յունիս 1966)

Յունիս 25, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ.

Պայքարի Ձեւ Մը

Ամէն որ պայքարի իր ձեւն ու ոճը ունի:

Լիբանանեան կառավարութիւնն ալ, անշուշտ, իրը:

Պայքար աղտոտութեան դէմ, պայքար արգիլուած հաճոյքներու դէմ եւ այլն…

Բայց այս բոլորէն վեր` պայքար ծխախոտի դէմ:

Հոս է, որ ձեւն ու ոճը կը մտնեն եւ այդ պայքարին կու տան իւրայատուկ նկարագիր եւ… շահաբեր արդիւնք:

Բոլորն ալ գիտեն, թէ ծխախոտը գլխաւոր պատճառներէն մէկն է քաղցկեղի, այն ահաւոր հիւանդութեան, որ ամէն տարի հարիւր հազարաւորներ կը խլէ:

Գրեթէ բոլոր երկիրները կը պայքարին քաղցկեղին դէմ, կը փորձեն ախտաբանական ստոյգ ծանօթութիւններ ունենալ այս աղէտին մասին ու պայքարի այդ ճամբուն վրայ կը բախին քաղաքակիրթ մարդուն ծխելու մոլութեան:

Լիբանանեան կառավարութիւնը, որ քաղցկեղի դէմ պայքարի կաճառ չունի, եզակի միջոց մը գտած է նուազագոյնի իջեցնելու համար անոր գործած չարիքները:

Ելեւմտական նախարարութեան մասնագէտներուն համաձայն, որոնք արժանաւորապէս կրնան աթոռ մը գրաւել Միացեալ Նահանգներու Քաղցկեղաբանութեան կաճառին մէջ, ծխախոտը, մանաւանդ օտարը, քաղցկեղի պատճառ կը դառնայ, երբ աժան է:

Այս գիւտէն ետք պայքարը դիւրին է այլեւս: Տուփ մը սիկարեթի համար 20 դահեկան աւելի վճարելով` լիբանանցին կեանքը ապահոված կ՛ըլլայ ահաւոր չարիքին դէմ:

Լիբանանցիներուն կը մնայ երախտագիտութեան արտայայտութիւններով պատուել ելեւմտական նախարարութեան մասնագէտները եւ անհամբեր սպասել յաջորդ յաւելումին:

Այս ընթացքով կարելի է ապահով ըլլալ, որ քաղցկեղի դէմ պայքարը Պէյրութի մէջ պիտի շահուի:

x

 

Հայկական Հարցը
Միջազգային Բարոյականի Խնդիր

Պուէնոս Այրեսի «Լա Փրենսա» թերթը արձագանգ հանդիսացած է դասախօսութեան մը, որ տեղի ունեցած է Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի Միջնակարգ ուսմանց հաստատութեան սրահին մէջ, նախագահութեամբ տոքթ. Խոսէ Արսէի:

Դասախօսութիւնը, «Հայկական հարցը միջազգային բարոյականի խնդիր» նիւթին շուրջ, կազմակերպած է Խուան Անթոնիօ Սոլարի` նախաձեռնութեամբ Արժանթին եւ Հայկական մշակութային հաստատութեան:

Դասախօսը` Խուան Անթոնիօ Սոլարի, ներկայացուցած է հայ ժողովուրդին ոդիսականը եւ մասնաւոր կերպով շեշտած է 1915-ի անցքերը` յենելով թրքական պաշտօնական վկայութիւններու վրայ:

Հայոց երեք հազար տարուան պատմութեան վրայ ընդհանուր ակնարկ մը նետելէ ետք դասախօսը յատկապէս նշած է Հայաստանի տնտեսական վերելքը եւ հայոց մշակութային վերածնունդը:

Սոլարի 1915-ի դէպքերը յիշատակելու ատեն աւելցուցած է. «Եթէ մեծ պետութիւններու այպանելի կրաւորականութիւնը չըլլար, Հայաստան նոր սպանդի եւ տեղահանութիւններու զոհ պիտի չերթար եւ պիտի չկորսնցնէր իր անկախութիւնը, որ հռչակեց Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին` 1918 մայիս 28-ին»:

Դասախօսը անհրաժեշտ նկատած է տեւապէս վառ պահել Հայկական հարցը, որ երազն է հայերու, նաեւ` ոչ հայերու, որովհետեւ, ըսած է Սոլարի, ան մարդկութեան արժանիքին վերաբերող հարց մըն է:

«Հայաստանը պահանջ ունի,- աւելցուցած է Սոլարի,- եւ այդ պատճառով ալ պէտք է թարմացնել Հայկական հարցը, որ պիտի նշանակէ, թէ չենք մոռցած մեր պահանջը»:

Իր դասախօսութիւնը վերջացուցած է հետեւեալ խօսքերով.

«Ըսենք ուրեմն, 1915-ի ջարդերու 51-րդ տարելիցին առիթով, թէ Հայկական հարցը իբրեւ կենսական, անայլայլ եւ մնայուն պահանջ պահելը մեր պարտականութիւնն է: Չմոռնանք, որ թուրքերու ձեռքով կատարուած արիւնահեղութիւններու եւ խժդժութիւններու մէջ հայկականի հետ բաղդատուելիք նման արարքներ գրեթէ չկան»:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Երջանկութեան Երկիրն Է…

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?