Ակնարկ
Սուղ Վայելք…
Ամառ եղանակին Պէյրութի ժողովուրդը երկու միջոց ունի տաքին տոկալու համար. լեռ կամ ծով: Ոմանք այս երկու միջոցներէն ալ կ՛օգտուին, ցերեկը` ծով, գիշերը` լեռ:
Այդքան ալ դիւրին չէ սակայն, մանաւանդ համեստ դասակարգին համար` վայելել բնութեան այս զոյգ բարիքները, որովհետեւ տարուէ տարի լեռն ու ծովը կը սղին` դառնալու համար առանձնաշնորհեալ դասակարգի մը մենաշնորհը, ինչպէս այս երկրին մէջ` գրեթէ ամէն բան: Համեստ դասակարգին պատկանող մը հետզհետէ կը կորսնցնէ նոյնիսկ տաք զգալու իրաւունքը:
Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին ծովային բաղնիքներու ճարտարարուեստ մը ծաղկեցաւ լիբանանեան ափերուն վրայ: Ամերիկեան եւ եւրոպական բաղնիքներու նմանողութեամբ, արդիական շինութիւններով եւ աւազաններով: Բայց այդ բաղնիքները մնացին ու կը մնան որոշ դասակարգի մը մենաշնորհը: Ոչ միայն մասնաւոր պայմաններ կը դրուին մուտքի, այլ նաեւ մտնողներն ալ կատարելապէս կը կողոպտուին, թէեւ ներս մտած ըլլալու իրողութեան պատճառած խաբուսիկ ուրախութիւնը այդ վայրկեանին անզգալի կը դարձնէ գրպանին բողոքը…
Իսկ բաղնիքներէն նե՜րս. այդ ալ` տարբեր պատմութիւն, խայտաբղէտ ցուցադրութիւն մը սուղնոց ապրանքներու եւ այլազան արտառոցութիւններու: Ծովը` պարապ, ծովափը` լեցուն:
Համեստ ընտանիք մը եթէ փորձուի այդ բաղնիքները այցելել, եւ եթէ բացառիկ բախտը ընծայուի իրեն ընդունուելու, վստահ կրնայ ըլլալ, որ առնուազն 25 լ. ոսկի պէտք է ծախսէ հաճելի կէս օրուան մը համար:
Ի՞նչ կ՛ընեն իշխանութիւնները` սանձ մը դնելու համար ծովային բաղնիքներու տէրերուն անյագ ախորժակին: Եթէ այսպէս շարունակուի, լիբանանեան ափերը ճեմավայր պիտի դառնան միայն հարուստներու: Միւսնե՞րը. ո՞վ կը զբաղի միւսներով: Պէյրութէն վար ազատ ափեր կան ու անծայր ծով, ուր կարելի է խեղդուիլ ալ…
Բայց հոս ալ որեւէ բողոք կը բախի ազդեցիկներու պատին, ինչպէս` այլ մարզերու մէջ: Ու եթէ երբեմն հարցաքննիչ դատաւոր մը համարձակութիւնը կ՛ունենայ քողը վերցնելու, «ապահոված» կ՛ըլլայ իր ապագան եւ պաշտօնի բարձրացումը:
x
Մակարիոս Արքեպիսկոպոսի Շնորհաբեր
Այցելութիւնը Կիպրոսի Ս. Մակարայ Վանքը
Յանուն Վեհափառ Հայրապետին`
Գարեգին Եպս. Սարգիսեան Ողջունեց
Նախագահ Մակարիոսը
Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Մակարիոս սրբազան յատուկ կարգադրութեամբ պիտի այցելէր Կիպրոսի հայոց պատմական վանքը` Ս. Մակար:
Այս այցելութեան առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսը` Խորէն Ա. իր կողմէ Կիպրոս ղրկած էր դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեանը, որպէսզի յանուն Կիլիկեան Աթոռին` ողջոյնի խօսք ընէ Մակարիոս սրբազանին, իր այս շնորհաբեր այցելութեան համար:
Նախագահ Մակարիոս ուրբաթ, յունիս 10-ին, իր նախագահական պալատի գրասենեակին մէջ ընդունեց Գարեգին սրբազանը: Սրբազանին կ՛ընկերանային կիպրահայ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Երուանդ ծ. վրդ. Աբելեան եւ թեմականի անդամներէն Վահրամ Թունճեան եւ Անանիա Մահտեսեան:
Կիրակի, յունիս 12-ին, նախագահ Մակարիոս, ընկերակցութեամբ իր փոխանորդ եկեղեցականին եւ չորս յոյն ծայրագոյն վարդապետներու, այցելեց Ս. Մակարայ վանքը եւ պտտեցաւ վանքին բոլոր պատմական անկիւնները: Այս առիթով, ի պատիւ մեծ հիւրին, տրուեցաւ հացկերոյթ մը Ազգային իշխանութեան կողմէ:
Հացկերոյթի ընթացքին Երուանդ ծ. վրդ. Աբելեան յունարէնով արտասանեց բարի գալուստի ուղերձ մը եւ ապա ներկայացուց քահանայից դասն ու Թեմական ժողովի ու վարչութեան անդամները:
Մակարիոս սրբազան պատասխանեց այս ուղերձին` յայտնելով իր ուրախութիւնը այդ օր հայոց սրբատեղիին մէջ անցընելուն եւ իրեն հանդէպ ցոյց տրուած սիրալիր եւ ջերմ ընդունելութեան համար:
Ճաշի վերջաւորութեան Գարեգին սրբազան անգլերէն լեզուով բաժակաճառ մը խօսեցաւ յանուն վեհափառ հայրապետին` նախագահ Մակարիոսի մաղթելով երկար եւ երջանիկ օրեր, Կիպրոսի ժողովուրդին վերջնական ու ամբողջական խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում եւ շուտափոյթ ու արդար լուծում կիպրական հարցին:
Մակարիոս սրբազան անգլերէն լեզուով պատասխանեց այս բաժակաճառին` բաժակ առաջարկելով վեհափառ հայրապետին արեւշատութեան եւ յայտնելով իր մասնաւոր համակրանքը Հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին հանդէպ:
Սրբազանը ըսաւ. «Իբրեւ դոյզն արտայայտութիւն իմ այս համակրանքիս` անգամ մը եւս կ՛ուզեմ օգտակար ըլլալ այս պատուական ժողովուրդին` 3000 կիպրական ոսկիի փոքր նուէրով մը, զոր ահաւասիկ կը յանձնեմ Կիպրոսի Հայ եկեղեցւոյ պետին` Երուանդ ծ. վարդապետին»:
Սրբազանին այս խօսքերը ողջունուեցան բուռն ծափահարութիւններով:
Վանքէն մեկնելէ առաջ Մակարիոս արքեպիսկոպոս ծառ մը տնկեց ի յիշատակ այս այցելութեան: Շուրջ երկու ժամ տեւեց իր ներկայութիւնը Մակարայ վանքին մէջ եւ անցան մտերմիկ խօսակցութիւններով եւ միշտ յոյն-կիպրացի եւ հայ ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ համակրանքի արտայայտութիւններով:
Այնուհետեւ նախագահ Մակարիոս Գարեգին եպիսկոպոս եւ Երուանդ վարդապետ նախագահական ինքնաշարժով գացին ՕՀԷՆ եկեղեցական երիտասարդաց կազմակերպութեան սարքած հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ լերան վրայ բացօթեայ: Անոնց հետեւեցան նաեւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները:
Հոն իր արտասանած խօսքին մէջ Մակարիոս սրբազան ըսաւ.
«Այսօր ուրախ ենք, որ մեր մէջ կը գտնուին Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ եպիսկոպոս մը, Կիպրոսի հայ եկեղեցւոյ պետը եւ ընտրանի ազգային ներկայացուցիչներ: Մենք քաջ գիտենք, որ Հայ եկեղեցին եղած է աղբիւրը հոգեկան ուժի եւ մխիթարութեան հայ ժողովուրդին համար: 1915-ին միլիոնաւոր հայեր ջարդուեցան եւ հայ պետութիւնը կազմալուծուեցաւ: Այդ ի՞նչ բանն էր, որ պահեց այս ժողովուրդը կենդանի եւ կենսունակ, եթէ ոչ` Հայ եկեղեցին: Մեծ է անոր դերը եւ պէտք է միշտ բարձր պահել անոր դիրքը»:
Հանդէսէն ետք Մակարիոս սրբազան եւ իր հիւրերը եղբայրական ողջագուրումով բաժնուեցան իրարմէ: Նախագահ Մակարիոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին ղրկեց իր եղբայրական ամենաջերմ ողջոյնները:
Պատմական բացառիկ օր մը եղաւ 12 յունիսի կիրակին, կիպրահայ ժողովուրդին համար:
ԹՂԹԱԿԻՑ
