Համազգայինի Ն. Փալանճեան
Ճեմարանի Ամավերջի Հանդէսը
Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ 25 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ճեմարանի պարտէզին մէջ:
Ներկայ էին` Տաճատ, Արտակ եւ Գարեգին սրբազաններ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, հիւրեր եւ ստուար թիւով ծնողներ ու բարեկամներ:
Երբ աւարտականները տողանցեցին եւ գրաւեցին իրենց տեղերը, բեմին աջ կողմը, Ճեմարանի երգչախումբը, Գ. Գանտահարեանի ղեկավարութեամբ, հանդէսը բացաւ լիբանանեան քայլերգով, որուն անմիջապէս յաջորդեց Ճեմարանի քայլերգը: Այնուհետեւ երգուեցան երեք ժողովրդական խմբերգներ:
Ճեմարանի փոխտնօրէններէն Մ. Իշխան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց, թէ այս տարուան հունձքը կը զուգադիպի Լ. Շանթի մահուան տասնհինգամեակին: Արագ ակնարկով մը անդրադարձաւ անցած այդ ժամանակաշրջանին եւ գտաւ, որ հակառակ կեանքի նորանոր պահանջներուն եւ պայմաններու փոփոխութեան` Ճեմարանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր հիմնադիրներու առաքելութեան, ոգիին եւ նպատակին: Ճեմարանը, ըսաւ ան, կը մնայ ու պիտի մնայ հայկական օճախ մը, ուր հայ մշակոյթի եւ հայ արժէքներու սէրը կ՛արծարծուի, բայց միեւնոյն ատեն իր պատրաստած սերունդներուն կու տայ կեանքի պայքարին մէջ յաջողելու անհրաժեշտ զէնքերը:
Նախավերջի դասարանին անունով Սեդա Մարտիրոսեան կարդաց ողջերթի ուղերձը` ուղղուած աւարտականներուն: Իսկ շրջանաւարտ դասարանին կողմէ հրաժեշտի ուղերձը կարդաց Գ. Քենտերեան:
Երկուքն ալ կը շեշտէին իրենց խոր ու անկեղծ սէրը մայր հաստատութեան հանդէպ, ինչպէս նաեւ իրենց ուխտը` ծառայելու հայ մշակոյթին եւ հայ արժէքներու պահպանման սրբազան գործին:
Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Ճեմարանի փոխտնօրէններէն Գառնիկ Բանեան եւ կարդաց ամփոփ բայց խնամքով պատրաստուած տարեկան տեղեկագիրը: Ներկաները յստակ գաղափար մը կազմեցին մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջին եւ բարձրագոյն դասարաններու պատկերի մասին եւ ուրախութեամբ հաստատեցին, թէ աշակերտութեան թիւը ոչ միայն տարուէ տարի յաւելում կը կրէ, այլ նաեւ Ճեմարանը նորանոր յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ կրթական ասպարէզի մէջ:
Ճեմարանը տարիներէ ի վեր գեղեցիկ սովորութիւնը ունի իր ամավերջի հանդէսները զարդարելու գեղարուեստական ինքնատիպ յայտագրով մը: Այս տարուան յայտնութիւնը եղաւ «Սայաթ Նովա»-ն, մօտ կէս ժամ տեւող բեմադրութիւն մը, որ իսկապէս մեծ վայելք ընծայեց ներկաներուն: Երկսեռ «պալատականներ», ինքնուրոյն տարազներով եւ թատերական հիւսուածքով, կենդանի խօսքի ու ապրումի վերածեցին մեծ աշուղին կարգ մը տաղերը: Բացօթեայ հաւաքոյթ մը, ուր խօսք ու զրոյցի առարկայ կը դառնայ Սայաթ Նովայի սէրն ու գործը. մէջ ընդ մԷջ առանձին կամ խմբական ձեւով կ՛արտասանուին անոր տաղերէն հատուածներ: Քիչ ետք կը հասնին թագաւորն ու թագուհին եւ ահա նաեւ ինքը` հայ ժողովուրդի անմահ բանաստեղծը, քամանչան ձեռքին կու գայ եւ տեղ կը գրաւէ մեճլիսին մէջ: Թագաւորին ու թագուհիին խնդրանքով կը նուագէ ու կ՛արտասանէ. կ՛արժանանայ ներկաներուն հիացումին եւ ապա նաեւ հաւաքական պանծացումին:
Այս տպաւորիչ բեմադրութիւնը, որ արժանացաւ բուռն ծափերու, պատրաստուած էր Ճեմարանի դասատուներէն Ե. Աճեմեանի կողմէ:
Վերջապէս կը ներկայանայ վկայականներու բաշխման յուզիչ պահը: Տնօրէն Ս. Վրացեան ծափերու տարափին տակ կը յանձնէ վկայականները 25 հոգիի, որոնք կ՛արժանանան տարիներու իրենց աշխատանքի պսակումին:
Հանդէսը վերջ կը գտնէ «Յառա՛ջ, նահատակ»-ով:
Այս տարուան աւարտականներն են` Գարակէօզեան Հռիփսիմէ, Եագուպեան Արփի, Եղիայեան Նինա, Թովմասեան Սոնա, Մարգարեան Մարօ, Վարդապետեան Նուարդ, Այնթապլեան Ռոստոմ, Գասպարեան Լեւոն, Ժամկոչեան Յարութիւն, Կարապետեան Գասպար, Նազըրեան Յակոբ, Չափրաստ Պերճ, Պաղտասարեան Զաւէն, Պետրոսեան Ժիրայր, Պոյաճեան Հրայր, Սարգիսեան Մանուկ, Տէտէեան Վազգէն, Տէր Պետրոսեան Լեւոն, Քենտերեան Գէորգ, Գրիգորեան Արիս, Սէֆէրեան Մանուկ, Պալեան Հրայր:
Հայագիտական նիւթերու ազատ ունկնդիրներ` Պէրպէրեան Սեդա, Տիշոյեան Աստղիկ, Աճերեան Նուպար: